Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՇԱՐՊԵԼ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ

December 31, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հերքեց Լիբանանի մէջ Քայիտայի գոյութիւնը:

Նախարար Շարպել մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց ներքին գործոց նախարարութեան նուաճումները, յատկապէս` ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին եւ դատական ոստիկանութեան իրագործումները, մասնաւորաբար վտանգաւոր անձնաւորութիւններ եւ կասկածելիներ ձերբակալելու առումով:

Նախարար Շարպել շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի առումով իր մշակած ընտրական օրինագիծը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ ինք երբեք պիտի չվաւերացնէ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին կողմէ պատրաստուած ընտրական օրինագիծը, նոյնիսկ եթէ այդ օրինագիծը ստանայ բոլոր կողմերուն վաւերացումը:

Շարպել ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ Քայիտայի շարժում գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութիւններուն տրուած է քաղաքական մեկնաբանութիւն:

«Քայիտայի համար Լիբանանը կրնայ անցք մը ըլլալ, սակայն երբեք կեդրոն մը, ինչպէս է պարագան Իրաքի եւ Եմէնի, որովհետեւ Քայիտան Լիբանանը ժիհատի երկիր չի նկատեր», ըսաւ Շարպել:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւններուն` Շարպել ընդգծեց, որ պէտք չէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանան – Սուրիա սահմանային կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել, որպէսզի առաջքը առնուի դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին:

Ակնարկելով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած չորս լիբանանցիներուն` Շարպել յայտնեց, որ երկրին ապահովական կառոյցը իր պարտականութիւնները լիովին կատարած է եւ զանոնք հետապնդած է մինչեւ Ժունիէ, սակայն չէ կրցած ձերբակալել:

Այս ծիրին մէջ Շարպել աւելցուց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հրահանգները կը կատարեն առաջին 48 ժամուան ընթացքին:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՐԳԻԼԷ ԿՐԱԿԵԼ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳԻՇԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.