Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հելսինքեան Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` ՀԵՄ-ի Հաւաքին Մասին

December 7, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն յայտարարութիւն հրապարակեց 3 դեկտեմբերին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան առջեւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած  հաւաքին վերաբերեալ:

«Հաւաքի ընթացքին Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէին կողմէ  կատարուած դիտորդութեան ընթացքին արձանագրուած են մասնակիցներու` հաւաքներու ազատութեան իրաւունքի նկատմամբ ոչ համաչափ միջամտութիւններ: Մասնակիցներուն կողմէ Վ. Սարգսեան փողոցի երթեւեկելի հատուածին մէջ նստացոյցը սկսելէ գրեթէ անմիջապէս յետոյ ոստիկանութեան ներկայացուցիչը մասնակիցներէն  պահանջած է հեռանալ փողոցէն:

Թէեւ պահանջը միայն փողոցի երթեւեկելի հատուածը ազատելն էր, հաւաքի մասնակիցներուն կողմէ պահանջը չկատարելէ յետոյ ոստիկանութիւնը նստացոյցի մասնակիցներէն մօտ երկու տասնեակի բերման ենթարկեց: Ոստիկանութեան կողմէ մասնակիցները բերման ենթարկելու ընթացքին (ժամը 16:30-17:30-ի սահմաններուն) առանձին դէպքերով ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած է կոպիտ, անհամաչափ ուժ:

Կը գտնենք, որ նշուած գործողութիւնը վարչարարութեան տեսակէտէ  անհրաժեշտ չէր, քանի որ այլ եղանակով ոստիկանութիւնը կրնար հասնիլ իր առջեւ դրուած նպատակին` փողոցի երթեւեկութիւնը վերականգնելուն: Հաւաքի վայրին մէջ ոստիկանութեան ներկայ ուժերը (ըստ դիտարկման, աւելի քան 200, տարբեր ստորաբաժանումներէ, ներառեալ` յատուկ գումարտակէ) բաւարար էին այլ եղանակով մասնակիցները երթեւեկելի հատուածէն հեռացնելու եւ վերջիններուս կողմէ փողոցը կրկին փակելը թոյլ չտալու համար (օրինակ` մայթեզրի երկայնքով շղթայ կազմելով, ինչ որ արդիւնքով ըրին ոստիկանութեան ծառայողները): Հաշուի առնելով, որ նստացոյց իրականացնող մասնակիցներու մօտաւոր կէսը բերման ենթարկուած են, ոստիկանութեան գործողութիւնները յանգեցուցած են հաւաքի փաստացի դադրեցման», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Չեմ Կրնար Ըսել, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Կայ» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Հայաստանի 2020-ի Պետական Պիւտճէի Նախագիծը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.