Թրքական կայք մը անդրադարձած է շուէտական «Նորտիք Մոնիթըր» կայքին կողմէ բացայայտուած ծրագիրին, ըստ որուն, Թուրքիան Հայաստանի դէմ «Ալթայ» ծածկանունով օդուժի հարուածի ծրագիր մշակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:
Շուէտական նշեալ կայքը կը համակարգուի ամերիկաբնակ թուրք ընդդիմադիր Ֆեթհուլլա Կիւլենի համակիր լրագրողներու կողմէ, իսկ կիւլենական շարժումը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կը նկատուի:
Թրքական «Վերիանսինթի.վի.» կայքը ծրագիրին մանրամասնութիւնները հրապարակող լրագրողները կոչած է դաւաճաններ, Թուրքիան մատնողներ եւ պետական շահի դէմ գործողներ: Յատկանշական է, որ աղբիւրը չի հերքեր ծրագիրին առկայութիւնը, այլ ընդամէնը կը մեղադրէ այդ ծրագիրը բացայայտողները` մեղադրելով զանոնք պետական դաւաճանութեան համար:
Աղբիւրը կ՛ընդգծէ ծրագիրը հրապարակողներուն կիւլենական ըլլալը եւ կ՛անդրադառնայ նաեւ հայկական ու յունական մամուլի արձագանգներուն:
Յունական մամուլին մէջ, մեկնաբանելով տեղի ունեցած բացայայտումը, կարծիքներ կը տարածուին, որ Սուրիայէն ետք Թուրքիան հաւանական է, որ հայեացքը ուղղէ դէպի Հայաստան: