Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

December 30, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ  նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Արսալէն Սուրիա Քայիտայի անդամներու ներթափանցումին վերաբերող հարցեր:

Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել:

Նախագահ Սլէյման նիստին ընթացքին վերստին դատապարտեց Ուատի Խալետի մէջ լիբանանցի քաղաքայիններու սպանութիւնը եւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ապահովական, դատական եւ դիւանագիտական կառոյցներուն աշխատանքը բարելաւել` հետաքննութիւնները յաջողութեամբ աւարտել կարենալու եւ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրելու համար:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն ետք, գնդ. Ուաժտի Շամսէտտին յայտնեց, որ նիստը որոշեց Լիբանանէն եւ դէպի Լիբանան զէնքի մաքսանենգումը արգիլել ու ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակել, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակումը ամրապնդել` պահպանելու համար երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, որ նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը` ընդգծելով հետաքննութիւն բանալու եւ այդ միջադէպերուն պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլա, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.