Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. «ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆՔ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐԸ»

December 30, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ներկայ գտնուեցաւ վարչապետարանին մէջ գործող անձնակազմին անդամներուն համար կազմակերպուած Կաղանդի հաւաքոյթին, որուն ընթացքին ան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց:

Իր արտասանած խօսքին մէջ, վարչապետ Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ իրենց առջեւ կայ մեծ աշխատանք մը, որ պէտք է անպայման շարունակուի յառաջիկայ տարեսկիզբին:

Այդ աշխատանքները կը վերաբերին վարչական եւ ելեւմտական մարզերուն, ինչպէս նաեւ այնպիսի հարցերու, որոնք կը սպառնան ամբողջ երկրին եւ անոր համար գործադրուելիք բարգաւաճման, տնտեսական եւ ընկերային ծրագիրներուն իրագործումին:

Միքաթի փառք տուաւ, որ Լիբանան ապահովական կայուն իրավիճակ կը վայելէ, եւ խստիւ դատապարտեց հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուող ապահովական միջադէպերը:

Վարչապետը շեշտեց, որ լիբանանեան պետական եւ սահմանադրական բոլոր հաստատութիւնները պէտք է անխտիր համագործակցին` առանց մէկզմէկու իրաւասութիւնները խաչաձեւելու:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իրեն վստահուած պարտականութիւններն ու առաքելութիւնը պիտի չկարենայ ամբողջացնել, եթէ չբազմապատկէ իր աշխատանքը եւ չգոհացնէ լիբանանցիներուն կարիքները:

Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ ինք կը մերժէ վարչապետին իրաւասութիւնները խլել` կոչ ուղղելով քաղաքական բոլոր կողմերուն` յարգելու սահմանադրութիւնը, որուն գործադրութեան ծիրին մէջ սակարկութեան առիթ պիտի չըլլայ:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Նիքոլա Շամմաս, որ յայտնեց, թէ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած են աշխատավարձերու վերաբերող հարցերը, որովհետեւ իրենք փափաքած են վաւերացնել տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական

ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը, որ կը վերաբերի աշխատավարձի յաւելումին:

Շամմաս ընդգծեց, որ տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւնը վարչապետ Միքաթիէն խնդրած է լիբանանեան պետութեան հովանաւորութիւնը` արդիւնաբերութեան երկու կողմերուն միջեւ գոյացած այս համաձայնութեան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի:

 

Նախորդը

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՍԱԼԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.