Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎԱՐԱԳԸ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ»(ՀԵՂԻՆԱԿ` ԶԱՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ-ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ)

January 5, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսաւ Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանի «Վարագը գիւղին մէջ» խորագրեալ գրքոյկը: Քսան գունազարդ էջերէ բաղկացած սոյն հրատարակութիւնը նկարազարդած է Ռազմիկ Պերթիզեան եւ էջադրած` Արմիկ Քերքեզեան:

Սոյն գործով հեղինակը կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Վարագ ամրան արձակուրդներուն կ՛երթար գիւղ իր ընտանիքին եւ շնիկին` Գալարին հետ, վայելելու բնութեան գեղեցկութիւնը:

Վարագ կ՛արթննար առաւօտ կանուխ եւ շնիկին հետ կ՛երթար ագարակ, ուր հաճոյքով կը հետեւէր ագարակապանին աշխատանքին: Ինքն ալ, իր հերթին, կը զուարճանար տալով կեր ու ջուր անասուններուն: Ագարակապանը յաճախ կու տար իրեն թարմ հաւկիթ, կաթ եւ թոնիրի տաք հաց: Տուն վերադարձին, նախաճաշէն ետք, Վարագ կ՛իջնէր պարտէզ եւ կը ջրէր զայն: Պտղատու ծառերէն կը քաղէր պտուղ եւ պարտէզին ծաղիկներէն կը կազմէր փունջ մը` մօրը համար: Կը սիրէր հաւաքել այլազան տերեւներ եւ պահել զանոնք տետրակին մէջ: Նոյն շահագրգռութեամբ կը դիտէր ան թիթեռնիկներն ու մրջիւնները:

Յետմիջօրէին կը մասնակցէր գիւղի մանուկներուն խմբային խաղերուն, որոնք իրենց վարակիչ ցնծութեամբ կը ստեղծէին խանդավառ մթնոլորտ մը ամէնուրեք: Երեկոյեան կը կարդար գիրք եւ, ապա, կ՛աղօթէր ու կը քնանար:

Սակայն այս տարի Վարագ եւ հայրը որոշեցին այցելել մոկլիի հռչակաւոր անտառը: Անոնք իրենց հետ տարին գլխարկ, ջուր, հաց, մահակ, սուլիչ եւ լուսարձակ: Իրենց կ՛ընկերանար նաեւ Գալարը: Ինքնաշարժով բաւական ճամբայ կտրելէ ետք հասան լեռնային հեռաւոր վայր մը եւ հետիոտն մտան մոկլիի անտառը, որ լեցուն էր խոտերով եւ փուշերով:

Անտառին մէջ Վարագ զմայլանքով կը նայէր  բնութեան հրաշագեղ տեսարաններուն, լեռներուն եւ ջրվէժներուն: Հոգեպէս կը հրճուէր տեսնելով թռչուններ, սկիւռ եւ նապաստակ:

Հոն, լճակին մօտ, Վարագ նկատեց փայլք մը յանկարծ եւ յառաջացաւ այդ ուղղութեամբ: Ճամբու ընթացքը խափանող խոտերն ու փուշերը մահակով մաքրած պահուն Վարագ տեսաւ եղնիկի ձագ մը, որ ոտքէն վիրաւորուած` գետին պառկած էր: Իսկոյն թեւերուն մէջ առաւ զայն եւ տարաւ ապահով տեղ մը, որպէսզի գայլի մը կեր չդառնայ կամ զոհ չդառնար որսորդի գնդակին: Հեռուն, լճակին շուրջ, տեսաւ եղնիկներ, որոնք ջուր կը խմէին: Անոնց խումբէն գեղեցիկ եղնիկ մը մօտեցաւ Վարագին եւ վիրաւոր ձագին վէրքը լզելու սկսաւ: Վարագ գիտցաւ, որ մայր եղնիկն էր ան: Շուտով գետին դրաւ ձագը, որ միացաւ խումբին: Ապա անոնք միասնաբար հեռացան:

Մայրական յուզիչ զգացում մը եւ խանդաղատանք մը թելադրող այս դիպուածէն ետք, Վարագ մօտեցաւ հօրը եւ Գալարին: Իր փափաքն էր վայրկեան առաջ հասնիլ գիւղ եւ պատմել հարեւաններուն` մոկլիի անտառէն իր քաղած քաղցր տպաւորութիւնը:

Պէտք է ըսել, որ սոյն հրատարակութեամբ «Վարագ» մատենաշարը կը հաստատէ, թէ մոռցուած կալուած մը չէ մանկական գրականութիւնը, այլ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` մատուցելով մատղաշ սերունդին սրտառուչ պատմութիւններ:

Այս առնչութեամբ, Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան իր յօրինած ուշագրաւ պատմութեամբ կ՛արթնցնէ մանուկներու մէջ հետաքրքրութիւն գիւղական կեանքին հանդէպ` բնապաշտ ապրումներու վայելքը փոխանցելով անոնց:

Տպաւորիչ են գրքոյկին էջերը զարդարող գունաւոր նկարները, որոնք գործնական եւ յստակ պատկերացում մը կու տան սոյն գործին:

Արդարեւ, «Վարագը գիւղին մէջ» խորագրեալ ի գրքոյկով գնահատելի աշխատանք տարած է Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան: Կը բաղձանք, որ յարատեւ ընթացքի մէջ պահէ մանկապատանեկան պատմութիւններ գրելու խիստ դաստիարակչական իր ծրագիրը:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Նախորդը

«ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2011-Ի ԹԱՐՄԱՑՈՒՄՆԵՐԸ. «ՖԱՔԹԷՕՐ 301»-ԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ

Յաջորդը

ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿՆԵՐԸ ՏԱՆԻՔԷՆ ԻՋԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.