Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. «ԱՐՍԱԼԻ ՄԷՋ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՅՍՏԱԿ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԿԱՆ»

December 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն ծիրին մէջ ան հայոց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 6 յունուար 2012-ը յայտարարեց պաշտօնական արձակուրդի օր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի վարչապետարանի լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Արսալի մէջ Քայիտայի անդամներու գոյութեան մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: Ան նկատել տուաւ, որ անոնց գոյութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները չեն հաստատեր անոնց գոյութիւնը:

Միքաթի յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարը սպաներու ներկայացուցած է իր տեղեկութիւնները եւ անոնցմէ պահանջած որդեգրել անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները, որպէսզի Լիբանան ահաբեկչական արարքներ գործելու խարիսխի չվերածուի:

Աշխատավարձի յաւելման մասին վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ ինք կը զօրակցի արդիւնաբերութեան երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան` նկատել տալով, որ նախքան վերջնական որոշումը, ինք պիտի սպասէ Պետական շուրայի կեցուածքին:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւնը բացառիկ է:

Պէյրութի ապազինման պահանջին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ հարցը կարիք ունի զինուորական ծրագիրի եւ քաղաքական համախոհութեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ինքնագլուխ որոշումներ չի կրնար տալ այս գծով:

Վարչապետը ընդգծեց, որ կառավարութեան հիմնական աշխատանքը երկրին կայունութիւնը երաշխաւորելն է: Ան աւելցուց, որ կայունութեան բաղկացուցիչ տարրերն են հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի աշխատանքներուն շարունակութիւնը եւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ ապահովական զարգացումներուն ունենալիք հետեւանքներուն կանխարգիլումը:

Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարին վերաբերող սուտ վկաներու հարցը քննարկելու, «սակայն նկատի ունենալով, որ այդ թղթածրարը խնդրայարոյց է, ապա կարիք չկայ զայն այս հանգրուանին քննարկելու», աւելցուց ան:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց երկրին անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական ուժերու կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Ապտալլա Ապտալլա, որ իր պաշտօնը աւարտելուն առիթով հրաժեշտ տուաւ վարչապետ Միքաթիի:

 

 

Նախորդը

ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.