Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

December 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՍՏ «Ախպար Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին, Ուատի Խալետի մէջ երեք լիբանանցի երիտասարդներ սպաննուած են սուրիական բանակին կողմէ արձակուած փամփուշտներով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր Լիբանանի կառավարութենէն կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնել` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին գործած ոտնձգութիւններուն դէմ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ պետական նշանակումները կարիքը ունին յարմար մթնոլորտի: Անդրադառնալով Քայիտայի մասին պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի կատարած յայտարարութիւնները հերքել փափաքող կողմերուն` Ֆընէյշ յայտնեց, որ անոնք յստակ տեղեկութիւններու կարիք ունին` հերքելու համար այդ յայտարարութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը խստիւ դատապարտեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութիւնները` Արսալէն դէպի Սուրիա Քայիտայի անդամներու ներթափանցումին մասին: Ան շեշտեց, որ անոնք խորհրդարանին մէջ Ղոսընէն հաշուետուութիւն պիտի պահանջեն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխան Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց լիբանանեան զէնքը սահմանափակելու լիբանանեան իշխանութիւններով: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ապազինել ամբողջ երկիրը` բացի բանակէն եւ ապահովական կառոյցներէն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այս ամսուան ընթացքին ելեկտրական հոսանք ստանալու նպատակով անձնական շարժակներու սեփականատէրերուն հետ բաժանորդագրութիւն ունեցող քաղաքացիները իւրաքանչիւր մէկ ժամի համար պիտի վճարեն 400 լ. ոսկի` 5 ամփերի պարագային:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ ապահովական հարցերու պարագային քաղաքական բառամթերքը անիմաստ է եւ անհեթեթ, որովհետեւ անվտանգութիւնը ստոյգ տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած է` ճիշդ թիւերուն նման:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութիւնը շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան արդիւնքները կարելի պիտի ըլլայ քաղել յառաջիկայ տարեսկիզբին:

 

 

Նախորդը

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ ԲԱՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Յաջորդը

ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.