Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ՆԵԶԱՒԻՍԻՄԱՅԱ ԿԱԶԵԹԱ»-Ի ԹՈՒՐՔԻԱ Կ՛ՈՒԶԷ ԿՈՒՐ ԳԵՏԻ ՀՈՒՆԸ ՓՈԽԵԼ

December 29, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կուր գետին հունը

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիա մտադիր է Կուր գետի վերին հոսանքի վրայ կառուցել Պեշիքիյա ջրելեկտրակայանը, որուն համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ փոխել Կուր գետի հունը, ուստի գետը պիտի թափի ոչ թէ Կասպից, այլ Սեւ ծով, ինչ որ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի համար բնապահպանական աղէտ պիտի դառնայ: Թրքական կողմը կը հաւաստէ, որ նախագիծը արդէն պատրաստ է: Աւելի՛ն. անիկա քննարկուած է թրքական խորհրդարանական պատուիրակութեան` Վրաստան կատարած այցելութեան ընթացքին:

Ռուսական օրաթերթը կը գրէ, որ Արտահանի մարզին մէջ կառուցուելիք ելեկտրական կայանի` անձրեւի պայմաններուն մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքը ապահովելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ փոխել գետին հունը: Սակայն ատիկա առանց Կուրի պիտի ձգէ Վրաստանն ու Ազրպէյճանը: Վերջինիս համար գետը ընդհանրապէս կենսական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Կուրով կը լեցուի Մինկեչաուրի ջրամբարը, որուն կորուստը Պաքուն չի կրնար թոյլ տալ: Վրացական «Ռեզոնանսի» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, նախագիծը նոյնիսկ քննարկուած է ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ` Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին ընթացքին:

Վրաստանի ընդդիմադիր Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Կիորկի Թարկամածէ յայտնած է, որ հարցը մտահոգութիւն յառաջացուցած է եւ խնդիրին շուրջ անընդհատ կապ կը պահուի Անգարայի հետ: Ըստ անոր, Կուրի հունի փոփոխութիւնը աղէտալի պիտի ըլլայ Վրաստանի, Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ ինքնին Թուրքիոյ որոշ շրջաններուն համար:

«Թուրքիոյ փափաքը հասկնալի է: Երկիրը ելեկտրական ուժանիւթի սուր պակաս ունի, սակայն երկրին այն գետերը, որոնց վրայ կարելի է ջրելեկտրակայաններ կառուցել, կը գտնուին հիւսիս-արեւելքի մէջ: Ճորոխ գետի օգտագործումը առանց համապատասխան անհրաժեշտ հաշիւներու արդէն պատճառ դարձած է, որ Վրաստանը պարբերաբար հողի ամրացման աշխատանքներ կատարէ Աճարիոյ ափամերձ հատուածին մէջ: Իսկ Կուրի հունի փոփոխութեան հետեւանքները շատ աւելի ծանր պիտի ըլլան», նշուած է յօդուածին մէջ:

Վրաստանի բնապահպանութեան նախկին նախարար Նինօ Չխոպածէ կասկած յայտնած է, որ նախագիծը պիտի իրականացուի իր ներկայ տեսքով: Ան կը գտնէ, որ քաղաքական ու բնապահպանական լուրջ խնդիրներէն բացի, անիկա իր մէջ կը պարունակէ նաեւ պատմական յուշարձաններու ոչնչացման սպառնալիք: Չխոպածէ նաեւ չի բացառեր, որ հունի փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք կրնան ըլլալ ոչ միայն շրջանային, այլ նաեւ աւելի լայնածաւալ կլիմայական փոփոխութիւններ, իսկ Վրաստանը պիտի մնայ առանց իր ուժանիւթի հիմնական աղբիւրներուն:

Վրաստանի Կանաչներու կուսակցութեան ղեկավար Կէորկ Կաչեչիլածէ կը յայտնէ, որ նախագիծի մասին խօսակցութիւնները քաղաքական ենթահող ունին եւ «Անգարայի արտաքին քաղաքական ոճին մէջ են»:

«Թուրքիոյ ներկայացուցիչները նախապէս յառաջ կը մղեն որոշ գաղափար մը, որ ի սկզբանէ անընդունելի է դրացիներուն համար, իսկ հետագային բանակցութիւններու ընթացքին զիջումներ կը կատարեն` ելլելով «դրացիներուն հետ զերօ խնդիր» քաղաքականութենէն, եւ իբրեւ արդիւնք կը հրաժարին գաղափարէն: Սակայն հետագային դրացիներէն զիջումներ կը պահանջեն` յիշեցնելով իրենց կատարած «զիջումները», հակառակ անոր որ ատիկա կատարուած է ինքնին իրենց կողմէ ստեղծուած իրավիճակին մէջ», կը նշէ Կաչեչիլածէ:

Այս վարկածը անուղղակիօրէն հաստատած է խորհրդարանի շրջանային հարցերով յանձնախումբի ղեկավար Վախթանգ Պալաւածէն, որ յայտնած է, թէ Կուրի հունին փոփոխութեամբ ջրելեկտրակայանի կառուցման նախագիծը արդէն քննարկուած է պաշտօնական մակարդակի վրայ եւ Վրաստան իբրեւ այլընտրանք առաջարկած է այդ կայանը կառուցել Կուրի վրացական հատուածին մէջ` սահմանին մօտ, ինչ որ անձրեւներու պայմանները հաշուի առնելով չի պահանջեր գետի հունի փոփոխութիւն: Կը նշուի, որ եթէ թրքական կողմը առաջարկը ընդունի, ապա կ՛ենթադրուի, որ այդ կայանի արտադրած ուժանիւթի զգալի մասը Թուրքիա պիտի առաքուի:

 

Նախորդը

ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԵԳԻՊՏՈՍԻ «ՔԱՄՓ ՏԷՅՎԻՏ»-Ի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՅԱՐԳԵՆՔ»

Յաջորդը

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ ԲԱՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.