ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
20 յունուար 2015. թուական մը, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցած պետութիւններու ընտրական օրացոյցին մէջ միշտ ալ յիշուած պիտի մնայ: Այս թուականին Եւրոպական Միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գոյութիւն ունեցող աւանդական կուսակցութիւններէն դուրս արմատական ձախ կուսակցութիւն մը իշխանութեան գլուխ անցաւ:
«Սիրիզա»-ն (կրճատում` «Ձախերու արմատական դաշինք»-ին) ինքզինք դասելով իբրեւ ժողովրդավար, ընկերվարական եւ հակահայր իշխանական քաղաքական ուժ (մամուլին կողմէն ճանչցուած իբրեւ` արմատական ձախ) 2015-ին պահպանողական Նոր ժողովրդավարութիւն եւ Երրորդ ուղի դաւանած «ՓԱՍՕՔ» կուսակցութիւններուն (արդի Յունաստանի էսթեպլիշմընթի կուսակցութիւնները) կողմէ կազմուած կառավարութեան դէմ (յատկապէս` Եւրոպական կեդրոնական դրամատունէն եւ Միջազգային դրամական ֆոնտէն հովանաւորուած խստամբերական հաշուեթուղթի կողմնակիցներ) հակախստամբերական ծաւալուն ընտրապայքար տանելով, վերջ դրաւ երկու կուսակցութիւններու աւելի քան 30 տարուան իշխանութեան եւ նոր էջ մը բացաւ ո՛չ միայն Յունաստանի, այլ նաեւ` ամբողջ եւրոպական ցամաքամասին համար:
Ինչպէս վերը յիշեցինք, «Սիրիզա»-ն աւանդական քաղաքական դաշտէն դուրս գտնուող կուսակցութիւն մըն էր եւ առաջին արմատական ձախ կուսակցութիւնն էր, որ անցաւ իշխանութեան գլուխ, հետեւաբար բոլոր միջազգային լրատուամիջոցները կեդրոնացան անոր յաղթանակին, ապա անոր կիրարկած ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւններուն վրայ, որոնք քննական ակնոցով պէտք է նաեւ հայկական (մանաւանդ` յստակ գաղափարական գիծ ունեցող) մամուլին մէջ ալ ներկայացուին:
Իբրեւ հակախստամբերական կուսակցութիւն` 25 յունուար 2015-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Սիրիզա»-ն իր ընտրապայքարի ամբողջ եռանդը ի գործ դրաւ տապալելու համար նոր-ազատական համակարգը (ինչ որ այդքան ալ դիւրին գործ մը չէ) եւ վերջ դնելու խստամբերութեան ու անոր հաշուեթուղթի դաժան պայմաններուն: Իրականացնելու համար իր նպատակները, «Սիրիզա»-ն շարք մը խոստումներ կատարեց` գլխաւորապէս վերահաստատելով նուազագոյն աշխատավարձը (751 եւրօ), վերադարձնելով արհեստակցական միութիւններու, պետութեան ու գործատէրերուն միջեւ համաձայնութիւնը եւ վերակառուցելով ընկերային բարօրութեան համակարգը: Կատարելով նման խոստումներ` «Սիրիզա»-ն մուտք գործեց համաժողովրդային հակախստամբերական շարժումին մէջ, որ կը բաղկանար արհեստակցական միութենականներէ, անգործներէ, համալսարանը աւարտած, բայց գործ չգտած երիտասարդներէ, խստամբերութեան պատճառով գործ կորսնցնողներէ կամ նոյն պատճառով միջին դասակարգէն դէպի աղքատ դասակարգ մղուածներէ: Կրնանք ըսել, որ «Սիրիզա»-ն դարձաւ այդ խաւերուն միակ յոյսը քաղաքական դաշտին մէջ:
25 յունուար 2015-ի Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին «Սիրիզա»-ն իր համաժողովրդային պահանջներուն խոստումները թարգմանեց ընտրական արդիւնքներով` ապահովելով առաջին դիրքը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նշելով` որ` «մենք էջ մը դարձուցինք» (ակնարկելով խստամբերական ժամանակաշրջանի աւարտին), «Սիրիզա»-ն սկսաւ կառավարել Յունաստանը` Եւրոպական Միութեան մէջ դառնալով առաջին արմատական ձախ կուսակցութիւնը, որ կը կառավարէ պետութիւն մը (ատկէ առաջ Կիպրոսը կառավարուած էր համայնավար «Աքել»-ի (կրճատում` Կիպրոսի աշխատաւոր ժողովուրդի յառաջդիմական կուսակցութեան) անդամ Տեմեթրիս Խրիսթոֆիասի նախագահութեամբ: Այդ ժամանակաշրջանին «Աքել»-ը կը գրաւէր կիպրական խորհրդարանի առաջին դիրքը, սակայն ի տարբերութիւն կիպրական «Աքել»-ին` «Սիրիզա»-ն ոչ համայնավար կուսակցութիւն մըն է): Իր գլխաւոր խոստումը ըլլալով խստամբերութեան վերջ դնելը` վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս 5 յուլիս 2015-ին կը ձեռնարկէ հանրաքուէի մը` Եւրոպական յանձնաժողովի (կեդրոն-աջ պահպանողական եւ քրիստոնեայ-ժողովրդավար կուսակցութեանց խմբակցութիւններու նախագահութեամբ` դաշնակցելով կեդրոն-ձախ ընկերվար-ժողովրդավարական խմբակցութեան հետ), Եւրոպական կեդրոնական դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի առաջադրած խստամբերական առաջարկներու շուրջ:Բոլորս կը յիշենք գլխագիր եւ շեշտուած «Ո՛Չ»-ը, որ հնչեցուեցաւ Յունաստանի հրապարակներուն վրայ, բոլորս ալ նաեւ կը յիշենք, թէ ժողովուրդը, աշխատաւոր ժողովուրդը, որ տարիներէ ի վեր կը տառապէր խստամբերական դաժան պայմաններէ, ինչպէ՛ս «Ո՛Չ»-ի յաղթանակը տօնեց եւ պատրաստ էր աջակցելու վարչապետ Ցիփրասի` «Ո՛Չ»-ի սկզբունքին վրայ հիմնուած քաղաքականութիւններուն` հանրաքուէէն ետք:
Հիմա հարց տանք, թէ ի՞նչ պատահեցաւ Ցիփրասին հանրաքուէէն ետք: Հաւատարիմ մնա՞ց իր հնչեցուցած «Ո՛Չ»-ին: Հաւատարիմ մնա՞ց այն 61,31 առ հարիւրին, որ «Ո՛Չ» քուէարկեցին հանրաքուէին:
Հակառակ հանրաքուէի արդիւնքին, ուր յստակօրէն կը ներկայացուէր ժողովրդային վերաբերմունքը` խստամբերութեան նկատմամբ, հակառակ «Սիրիզա»-ի նախընտրական մեծ խոստումներուն եւ հակառակ հանրաքուէի ամբողջ քարոզարշաւին ընթացքին արտայայտուած «Ո՛Չ»-երուն, Ցիփրաս 180 աստիճան շեղեցաւ իր քաղաքականութենէն` որդեգրելով խստամբերական միջոցառումներ, որոնք սկսան 12 յուլիս 2015-ին եւ աւարտեցան 20 օգոստոս 2018-ին: Յիշեալ քայլը յուսախաբութիւն պատճառեց ժողովուրդին, ինչ որ յառաջացուց անվստահութիւն «Սիրիզա»-ի արմատական բարեփոխումներուն նկատմամբ ու բաժանումներ ստեղծեց ինքնին «Սիրիզա»-ի մէջ. 21 օգոստոս 2015-ին «Սիրիզա»-ի խորհրդարանական խմբակցութենէն 25 անդամներ (ներառեալ` ուժանիւթի, ընկերային ապահովագրութեան եւ ազգային պաշպանութեան նախարարները) իրենց հրաժարականները ներկայացուցին կուսակցութենէն եւ ստեղծեցին «Ժողովրդային միասնականութիւն» կուսակցութիւնը, մինչ նոյն տարուան 6 յուլիսին իր հրաժարականը ներկայացուցած էր ելեւմուտքի նախարար Եանիս Վարուֆաքիսը (հետագային հիմնեց «Եւրոպական իրապաշտ անհնազանդութեան ճակատ» կուսակցութիւնը):
2015-ի նախընտրական ծրագիրին խոստումները եւ նոյն տարին տեղի ունեցած խստամբերութեան շուրջ հանրաքուէի «ժողովրդային գերիշխանութիւն» լոզունգը մէկդի դնելով ու յանձնուելով նոր-ազատական հոսանքին, որ ողողած է ամբողջ Եւրոպական Միութիւնը, «Սիրիզա»-ի փորձը խորտակուեցաւ ընկերային դասակարգերուն միջեւ անհաւասարութեամբ: Հետեւաբար «Սիրիզա»-ի պարտութիւնը ազդանշան մըն է բոլոր ձախակողմեան կուսակցութիւններուն համար, որոնք հաւատարիմ չեն մնար ոչ միայն իրենց արտասանած խոստումներուն, այլ նոյնիսկ` իրենց լոզունգներուն: