Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքերու Հետ. Ցեղասպանութեան Մասին Վկայարան Մը Եւս

Սեպտեմբեր 3, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջերս Մոնրէալի մէջ լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն հատորը` «Խճանկարներ Հայկական ցեղասպանութենէն» խորագիրով: Անիկա նորագոյն վկայարան մըն է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ յղացուած, կազմակերպուած ու գործադրութեան մասին, լուսարձակի տակ կը բերէ որոշ ծալքեր, թէ պատմական ոճիրին իրականացումն ու հետեւանքները ինչպիսի՛ տարողութիւն ունէին ու զգալի են նաեւ այսօր:

Աւելի քան 500 էջերու վրայ տարածուող եւ մեծ թիւով լուսանկարներով հարստացած հատորը ամէն բանէ առաջ առատ ատաղձ կը տրամադրէ Ցեղասպանութեան ծալքերը ուսումնասիրողներու` ի յայտ բերելով Ցեղասպանութեան անսահմանափակ տարողութիւնը, մինչդեռ հայկական թէ ոչ հայկական շրջանակներու մէջ անիկա առաւելաբար կը ներկայանայ 1,5 միլիոն հայերու ջարդի, հայկական հողերու բռնագրաւման ու անկէ հայութեան բռնի հեռացման եւ խորագիրներուն տակ: 28 գլուխներ բովանդակող հատորը ծալք առ ծալք կը բանայ որոշ մանրամասնութիւններ` ցոյց տալու համար, որ պետական վարչամեքենան ու պատասխանատուներ, բժիշկներ, կիներ, մինչեւ անգամ մանուկներ ու ժողովուրդի այս կամ այն խաւի ներկայացուցիչներ ուղղակի մասնակցութիւն բերած են պատմական ոճիրին իրականացման, ուրեմն, ընթերցողին աւելի՛ հասկնալի կը դարձնէ կազմակերպուած ու կանխամտածուած Ցեղասպանութիւն հասկացողութիւնը:

Բժիշկ Կ. Հարպոյեան հայ ընթերցողին տասնամեակներէ ի վեր ծանօթ է մամուլին մէջ լոյս ընծայած բժշկագիտական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ` «Բժիշկին խօսքը» խորագրեալ հատորներու շարքով, ուր գործնական գիտելիքներ կու տայ ընթացիկ եւ նուազ ընթացիկ հիւանդութեանց ու անոնց դարմանումի միջոցներուն մասին: Վերջին տարիներուն ան նաեւ ժամանակ գտած է պրպտումներ կատարելու Ցեղասպանութիւնը իրականացնողներու տարբեր «փաղանգներուն» մասին եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ի վեր, մամուլին տրուած կամ անտիպ յօդուածներ լոյս կ՛ընծայէ նաեւ` հատորներով, նախ` խղճի պարտք մը կատարողի, ապա նաեւ նոր սերունդներուն յիշեցում կատարելու դերակատարութեամբ: «Խճանկարներ»-ը նման շարքի մը չորրորդն է: Կը բացուի հեղինակին կողմէ բացատրականով մը, ուր կը նշուի, որ հատորին բովանդական յօդուածները բոլորովին անտիպ չեն, սակայն մամուլին մէջ նախապէս լոյս տեսածները ճոխացումի եւ վերամշակումի ենթարկուած են, լուսաբանութիւն կու տայ տարբեր գլուխներուն մասին, կը նշէ, որ տարբեր ժամանակներու գրուած, սակայն իրերանման նիւթեր շօշափած բաժիններու միջեւ կրկնութիւնները անխուսափելի էին, շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղէ մեկենասին` Սոնա Մէյվալեան-Կիւրիւնեանին ու այլ աջակցողներու: «Այս գիրքը թող ըլլայ յուշարար մը հայ երիտասարդ սերունդին, որպէսզի ան տէր կանգնի եւ հետապնդէ Հայ դատը, ըլլայ պահանջատէր եւ չզիջի հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներէն` մինչեւ ամբողջական հատուցում», կ՛եզրափակէ ան:

Յառաջաբան մը ունի Սարգիս Մահսէրէճեան, որ կը նկատէ, թէ հեղինակին այս գործին բաժինները կը ներկայացնեն սեւ ու կարմիր, գորշ գոյներով խճանկարներ, որովհետեւ արտացոլացումն են Ցեղասպանութիւն կոչուած պատմական ոճիրին: Ան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այս ու նման հատորներու տեղը` Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրական հատորներու շարքին, նաեւ իբրեւ վկայութիւն` անժամանցելի պահանջատիրութեան:

28 գլուխները կարելի է դասել քանի մը խմբաւորումներու մէջ: Առաջին յօդուածները ցոյց կու տան Թուրքիոյ պետական եւ ժողովրդային տարբեր «խաւերու» մասնակցութիւնը` Ցեղասպանութեան. մասնակից են պետական պաշտօնեաներ, զիուորականներ, բժիշկներ, կիներ ու մանուկներ, ամբոխը, մէկ խօսքով` ո՛չ միայն ծրագրող պետութիւնը, այլ նաեւ` ժողովուրդի լայն զանգուածներ: Յաջորդ բաժինը լուսարձակի տակ կը բերէ բռնագաղթի ու ջարդերու պատճառով ստեղծուած հայկական գաղթաշխարհը ու մասնաւորապէս որբերուն վիճակը: Իրերայաջորդ գլուխներով անդրադարձ կը կատարուի Թուրքիոյ իշխանութեան ենթակայ կարգ մը շրջաններու մէջ բացուած որբանոցներուն, ապա նաեւ` անոնց Լիբանան տեղափոխութեան ու տասնամեակներ շարունակ այդ երկրին մէջ գործած որբանոցներուն: Երախտագիտական ու դրուատական էջեր արձանագրուած են որբահաւաքը իրականացնող ու որբերուն հոգատարութիւն տրամադրող հայ թէ օտարական առաքելատիպ անձնաւորութեանց, դատապարտանք` որբերը թրքացնելու ծրագիրը իրականացնող թուրքերու, որոնց ոճիրներուն վկայարաններէն մէկն ալ Այնթուրայի որբանոցին գերեզմանատունն է: Վերջին բաժինով կան շարք մը վկայութիւններ` վերապրողներէ, որոնց շարքին` հեղինակին ընտանեկան հարազատներ, նշանաւոր հայ դէմքեր. այս բաժինին մէջ կան նաեւ հայկական կարգ մը աւաններու մասին պատմական ուսումնասիրութիւններ:

Հատորին բովանդակութիւնը աչքի առջեւ ունենալով` ընթերցողը պիտի նկատէ, թէ պատահական չէ, որ անիկա ձօն մըն է հեղինակին աներոջ ու զոքանչին, որոնք փրկուած են Ցեղասպանութենէն ու իրենց վերապրումով իսկ պատգամ մը ունին ընթերցողին, հայութեան արդար իրաւունքներուն պաշտպան նոր սերունդներուն:

Վերջին կողքին վրայ կայ հեղինակին հակիրճ կենսագրութիւնը:

 

Նախորդը

Մուսա Լերան Եւ Այնճարի «Յաւերժ Մուսա Լեռ» Երգարանի Գինեձօնը Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Գաբրիէլ Լազեան (1893-1959) 50 Տարի Պայքարի Առաջին Շարքերուն Վրայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?