4 իտալական ակումբներ տակաւին պարտութիւններ չեն կրած «Սերի Ա.»-ի առաջին 8 հանգրուաններէն ետք:
Ասիկա Իտալիոյ «Քալչիօ»-ին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը պատահի: Օրինակ, անցեալ տարեշրջանի առաջին 8 հանգրուաններէն ետք միայն Աթալանթա անյաղթ էր, բայց դասաւորման 7-րդ դիրքը կը գրաւէր 6 խաղեր հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք:
Այս տարի, Միլանէն երկու խումբ` Ինթեր եւ Ա. Սէ. Միլան, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաք Հռոմէն Ա. Էս. Ռոմա եւ Լացիօ Ռոմա անյաղթ են:
Նշենք, որ Իտալիոյ գործող ախոյեան Ինթեր Միլան կը գլխաւորէ «Սերի Ա.»-ի ընդհանուր դասաւորումը` կարելի 24 կէտերէն 22 կէտերով:


