Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԼԻՊԻՈՅ ԽՈՐՔԸ, ՍԱԿԱՅՆ ՄԻՍՐԱԹԱ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ ՄՆԱԼ

March 25, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան ռմբաձիգներ երէկ հարուածեցին Լիպիոյ խորքը, սակայն ձախողեցան Քազզաֆիի հրասայլերուն արգելք հանդիսանալ Միսրաթա մուտք գործելով անոր հիւանդանոցը պաշարելու:

Օդային հարուածները քանդեցին Միսրաթան պաշարող հրասայլեր, սակայն քաղաքին մէջ գտնուող այլ հրասայլեր չվնասուեցան: Ըստ ականատեսներու, Քազզաֆիի ուժերը գրաւած են Միսրաթայի նաւահանգիստը:

Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ամրապնդման ծիրին մէջ ֆրանսական կործանիչ մը վար առաւ Քազզաֆիի ուժերուն պատկանող պատերազմական օդանաւ մը:

Դիւանագիտական գետնի վրայ, Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Թահեր Ատուան յայտնեց, որ Յորդանան Լիպիոյ մէջ արեւմտեան զինուորական գործողութեանց մէջ որեւէ դեր ստանձնելու նպատակ չունի:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտարարեց, որ Լիպիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները տակաւին կրնան օրերով կամ շաբաթներով շարունակուիլ, սակայն ոչ ամիսներով: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ քանի մը օր ետք գործողութեան հրամանատարութեան եւ ղեկավարութեան փոխանցում մը տեղի պիտի ունենայ: Ըստ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի, ՕԹԱՆ մօտ օրէն պիտի ստանձնէ գործողութեան ղեկավարութիւնը: Այս ծիրին մէջ, ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի գործողութեանց Թուրքիոյ մասնակցութիւնը:

Միւս կողմէ, ըստ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին, Քազզաֆիի զինակիցները կապեր կը հաստատեն Միացեալ Նահանգներու եւ շարք մը արաբական երկիրներու հետ, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ այդ քայլին նպատակը ի՛նչ է: Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան կառավարական աղբիւրներ նշած են, որ Քազզաֆիի ազգականներէն Ապտուլլա Սանուսի գրեթէ ամէն օր կը հեռաձայնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն: Քանի մը անգամ արտաքին գործոց նախարարութեան հեռաձայնած է նաեւ Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուսա Քուսա: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու դաշնակից արաբական երկիրներու ղեկավարութիւնները Ուաշինկթընին յայտնած են, որ Քազզաֆիի զինակիցները քանի մը անգամ կապ հաստատած են նաեւ իրենց հետ: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնած է, որ «անոնք մեզի հետ կապ կը հաստատեն, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ նպատակով»: Ըստ անոր, որեւէ բան չի մատնանշեր այն, որ Լիպիոյ ղեկավարը կը քննարկէ երկիրը լքելու կարելիութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ` ԱՅՍՕՐ ՑՈՅՑ ԿԱՏԱՐԵԼԷ. ԲԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԻՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՀԱՄԱԽՈՀՆԵՐԸ ՎՐԱՆ ՏԵՂԱԴՐԵՑԻՆ ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.