Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՍԱԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

December 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի` Արսալի քաղաքապետութեան պատուիրակութեան հետ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արսալի քաղաքապետ Ալի Մոհամետ Հուժէյրին, որուն ընկերակցեցաւ Արսալը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Պատուիրակութիւնը վարչապետ Միքաթիէն պահանջեց Արսալի մէջ բարեկարգումներ իրագործել եւ շրջանին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:

Հուժէյրի ընդգծեց, որ իրենք Արսալի մէջ Իսրայէլի դէմ են եւ ոչ թէ իսրայէլեան գործակալներ ու ծայրայեղական շարժումներ կը քաջալերեն: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին ձերբակալելու եւ հարցաքննելու բոլոր կասկածելիները, եւ եթէ անոնց մէջ Քայիտայի ցանցի անդամներ կան, զանոնք ձերբակալելու:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Պէյրութի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են Պէյրութը ապազինելու եւ ապա մայրաքաղաքի զինաթափումը ամբողջ Լիբանանի պարագային գործադրելու հեռանկարները:

Հուրի պահանջեց Պէյրութի ապազինման պահանջը քննարկել կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Պութրոս Ասաքեր, որ վարչապետին հետ քննարկեց Ֆրանսա կատարելիք իր այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

Յայտնենք, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 30 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի, որ յառաջիկայ 7 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ֆրանսա, նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Միքաթի Ֆրանսայի նախագահին հետ քննարկէ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ջոկատը թիրախ դարձուցած պայթումին վերաբերող խնդիրներ:

Փարիզի մէջ Միքաթի հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ֆրանսուա Ֆիյոնի եւ արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ: Վարչապետ Միքաթի ֆրանսացի պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան եւ անոր տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութեան հեռանկարները:

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՔԱԹԻՆ

Յաջորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԻ ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.