Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մեր Հիմնական Առաջնահերթութիւններէն Է, Որ Արցախը Զերծ Մնայ Որեւէ Ցնցումէ»

August 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն:

Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան նախընտրութիւնն է Արցախի մէջ ստեղծել այնպիսի  մթնոլորտ մը, որ կարելի ըլլայ համախմբուիլ բոլորին յարգանքը վայելող թեկնածուի մը շուրջ:

«Բնականաբար, իւրաքանչիւր թեկնածու կը կարծէ, որ ինք պէտք է ըլլայ այդ համախոհական թեկնածուն, այդ իսկ պատճառով պիտի ստեղծուի որոշակի անպատեհութիւն: Մենք ճիգ պիտի թափենք, որպէսզի տեսնենք, որ Արցախ այս ամէն ինչէն դուրս կու գայ աւելի հզօրացած: Արցախը պէտք է ունենայ այնպիսի նախագահ եւ Ազգային ժողով, որոնք կը վայելեն բոլորին յարգանքը, եւ այդ ուղղութեամբ մենք պիտի աշխատինք եւ նոյնիսկ պայքարինք», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան հիմնական փափաքը այն է, որ այդ ընտրութիւնները ստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ, որ ամէն ինչ կայանայ խաղաղ, առողջ մրցակցային պայմաններու մէջ, իսկ ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, ըստ անոր, բնականաբար, բոլոր քաղաքական հոսանքները պէտք է ձգտին ունենալ աթոռներ, որպէսզի ապահովեն իրենց մասնակցութիւնը Արցախի քաղաքական կեանքին:

«Բայց մեր հիմնական առաջնահերթութիւններէն է նաեւ այն, որ Արցախը զերծ մնայ որեւէ ցնցումէ, որեւէ պարտադրուած թեկնածուէ, եւ մենք պատրաստ ենք սատարելու այսպէս կոչուած համախոհական թեկնածուին: Բայց եթէ այդպիսի թեկնածու չըլլայ, բնականաբար, մենք հանդէս պիտի գանք մեր թեկնածուով, կա՛մ Դաշնակցութեան թեկնածուով, կա՛մ այնպիսի թեկնածուի շուրջ համախմբուելով, որ քանի մը ուժեր զայն ընդունին իբրեւ առողջ ազգային դէմք, այն ակնկալիքով, որ ան Արցախի բոլոր իրաւունքները պիտի պաշտպանէ բոլոր ճակատներուն վրայ», եզրափակեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Չի Բացառեր Իր Աշխուժ Մասնակցութիւնը Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Փոխլրացուցիչ Ենթակէտերը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.