Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Իշխանութիւնը Փտածութեան Գործարք Կ՛առաջարկէ Դատաւորներուն»

Օգոստոս 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարադատութեան նախարարը «Սահմանադրական դատարանին մասին» օրէնքին մէջ կ՛առաջարկէ փոփոխութիւններ, ըստ որուն, Սահմանադրական դատարանի դատաւորները եթէ մինչեւ 31 հոկտեմբեր 2019 հրաժարական ներկայացնեն, պիտի պահպանեն հրաժարականի պահուն իրենց ունեցած աշխատավարձը եւ այլ ընկերային երաշխիքներ, իսկ պաշտօնավարման տարիքը լրանալէ ետք պիտի օգտուին դատաւորի համար օրէնքով սահմանուած կենսաթոշակէն:

Անդրադառնալով այս օրէնսդրական նախաձեռնութեան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ քաղաքական իշխանութիւնը ամէն ձեւի կը դիմէ դատական համակարգը սեփականաշնորհելու համար:

«Սկզբնական շրջանին փորձելով հասնիլ Սահմանադրական դատարանի սեփականաշնորհման եւ չկարենալով` հիմա արդէն կը դիմեն այլ տարբերակի: Իշխանութիւնը օրէնքի տեսքով ակնյայտ փտածութեան  առաջարկ կը կատարէ դատաւորներուն, որ անթոյլատրելի, միեւնոյն ժամանակ` ստորնացուցիչ առաջարկ է: Սահմանադրական դատարանի այն անդամները, որոնք կ՛ընդունին այդ առաջարկը, յստակօրէն փտածութեան փոխհամաձայնութեան մէջ են», նշեց Ի. Սաղաթէլեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս քայլը իշխանութիւններու գործողութիւններուն տրամաբանական շարունակութիւնն է, եւ այսպիսով քաղաքական իշխանութիւնները անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ իրենք պատրաստ են որեւէ քայլի, նոյնիսկ անբարոյական առաջարկներու` դատական համակարգը վերջնականապէս սեփականաշնորհելու, զայն նուաճելու համար:

«Ասիկա իրենց անհրաժեշտ է, քանի որ դատական համակարգին լիակատար տիրապետելը իշխանութիւններուն անհրաժեշտ է իրենց անձնական եւ քաղաքական շահերը սպասարկելու համար: Այս գործողութիւնները, խորքին մէջ, կ՛ոչնչացնեն դատական համակարգը, ինչ որ անընդունելի է եւ դատապարտելի», եզրափակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարութիւնը Պատժամիջոցներ Հաստատած Է Հայկական Երկու Ընկերութիւններու Դէմ

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Չի Բացառեր Իր Աշխուժ Մասնակցութիւնը Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?