Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Անկարող Են Ընկալելու Վարչապետ Փաշինեանի Ելոյթին Բովանդակութիւնը»

Օգոստոս 8, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան 6 օգոստոս 2019-ի յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր Արցախի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ելոյթին` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի այդ յայտարարութիւնը ակնյայտ ցուցանիշ է այդ երկրի անկարողութեան`  քաղաքավարութեան եւ պարկեշտութեան հիմնական կանոններուն հաւատարիմ մնալու, պետութիւններուն միջեւ քաղաքակիրթ վարուելակերպի եզրերը, յատկապէս երբ անոնք կը վերաբերին տագնապներու լուծման խիստ բարդ եւ զգայուն հոլովոյթին մէջ բարձրագոյն մակարդակով ներգրաւուած կողմերուն, պահպանելու:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտելի նկատեց յայտարարութեան մէջ առկայ անձնական բնոյթի յարձակումները, որոնք կը վկայեն Ազրպէյճանի մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ առկայ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան մշակոյթին մասին, որ կ՛ուղղորդուի եւ կը խրախուսուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:

«Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք հետեւողականօրէն կը մերժեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի եւ վերջինիս կողմէ ընտրուած իշխանութիւններուն հետ որեւէ ուղղակի ներգրաւուածութեան կարելիութիւնը, որոնք ցեղային զտումներ եւ այլ զանգուածային վայրագութիւններ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 1990-ականներուն եւ ապրիլ 2016-ին, որոնք հետեւողականօրէն որդեգրած են ատելութեան քաղաքականութիւն, այդ կարգին` հայերը  սպաննած մարդասպաններու հրապարակային հերոսացման միջոցով, անմիջական պատասխանատուութիւն կը կրեն Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ գոյութեան համար վտանգներ ստեղծելու համար:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը մնայ Արցախի ժողովուրդի միակ երաշխաւորը` անոր անվտանգութեան, ազատութեան, մարդու անօտարելի իրաւունքներուն` ներառեալ զարգացման եւ ինքնորոշման իրաւունքի ապահովման գործին մէջ: Հայաստանը ափսոսանք կը  յայտնէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անկարող են ընկալելու  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` 5 օգոստոս 2019-ին ունեցած ելոյթին ենթահողը եւ բովանդակութիւնը, որ անդրադարձած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնականութեան, համերաշխութեան, զարգացման եւ բարգաւաճման համահայկական օրակարգի յառաջ մղումին», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի վարչապետը բազմիցս յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման որեւէ կենսունակ տարբերակ պէտք է ընդունելի ըլլայ Արցախի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Բայց եւ այնպէս Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, հետեւողականօրէն չեն կրցած փոխադարձել իրենց պատրաստակամութիւնը եւ կարողութիւնը` հասնելու բոլոր կողմերուն համար ընդունելի լուծման: «Ազրպէյճանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաւելապաշտական պահանջներուն, որոնք կ՛ուղեկցուին ուժի կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքով, շարունակաբար կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը, կ՛անտեսէ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ամրապնդման վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կոչերը եւ կը մերժէ բոլոր կողմերուն համար ընդունելի որեւէ լուծում: Նման մօտեցումներ հետեւողականօրէն կ՛արտացոլան Ազրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն մէջ», յայտնեց նախարարութիւնը:

Աւարտին` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին նկատմամբ Հայաստանի կեցուածքին` նախարարութիւնը նշեց. «Խաղաղ լուծման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, ինչ որ  յստակօրէն արտացոլուած է Հայաստանի վարչապետի վերոնշեալ ելոյթին մէջ: Հայաստանը հաստատակամ է հասնելու տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման` մերժելով ուժի կամ ուժի սպառնալիքի որեւէ կիրարկում, ինչպէս որ հաստատակամ է պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը»:

 

Նախորդը

Քոնկրեսականներ Շըրմըն Եւ Քոքս Արցախի Օժանդակութեան Հարցով Նամակ Յղած Են «Եու.Էս.Էյտ»-ին

Յաջորդը

Նախարար Մասիս Մայիլեանը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?