
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթավերջին Ղարաբաղի խնդիրի լուծման անդրադարձած են Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահները, սակայն եթէ Տմիթրի Մետվետեւ համոզուած է, որ խնդիրին լուծումը հիմա կարելի է եւ միայն` խաղաղ ճանապարհով, Իլհամ Ալիեւ դարձեալ հարցը զինուորական միջոցով լուծելու կարելիութեան մասին խօսած է:
Մետվետեւ ազրպէյճանական «ԱզԹի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Համաձայնութեան հեռանկարներ անտարակոյս կան: Ըստ իս, ատիկա (Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը) յետխորհրդային տարածքի միակ տագնապն է, որ հիմա կարելի է լուծել: Ամէն ինչ կախեալ է կողմերուն բարի կամեցողութենէն, դիմացինին հիմնաւորումները լսելու փափաքէն»:
Ան ընդգծած է, որ լուծման միջոցը միայն մէկ է` համաձայնութիւնը, «որովհետեւ համաձայնութեան այլընտրանք չկայ: Այլընտրանքը վատ է` պատերազմը»:
Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ համաձայնութիւնը կարելի է միայն փոխզիջումներու հիմամբ, իւրաքանչիւրը պէտք է անցնի իր ճանապարհը, եւ ան հաւաստած է, որ Ռուսիա հետագային եւս պիտի օժանդակէ ատոր:
Իսկ Ալիեւ յայտարարած է. «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի, բոլոր տեղահանուածները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենի հողերը: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ներառեալ` Շուշիի մէջ, Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ վերականգնի»:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարած է Լաչինէն տեղահանուած 500-է աւելի ընտանիքներու համար նոր բնակավայրի բացման ընթացքին: Ան ըսած է, որ «հիմա դիւանագիտական ջանքեր կը գործադրենք, սակայն եթէ տեսնենք, որ ատիկա արդիւնք չի տար, ապա որեւէ պահու մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք զինուորական միջոցով վերադարձնելու մեր հողերը»:
«Անհրաժեշտութեան պարագային ազրպէյճանական բանակը իր խօսքը պիտի ըսէ: Միջազգային իրաւունքի չափանիշերը մեզի այդ իրաւունքը կու տան, պարզապէս մենք կ՛ուզենք առայժմ ատիկա կատարել բանակցութիւններու միջոցով` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով մեր հզօրութիւնը: Այս տարիներուն ընթացքին մենք շատ աւելի ուժեղ դարձած ենք, մենք զինուորական հզօր ներուժ ստեղծած ենք», յայտարարած է Ալիեւ ու դարձեալ կրկնած, թէ արդարացի լուծումի միայն մէկ միջոց կայ` «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը»: Ան ըսած է, որ ինք անձամբ ամբողջական կերպով համոզուած է, որ ատիկա պիտի կատարուի:


