Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ թուրք դեսպաններու 11-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին անդրադարձաւ Ազրպէյճանի հետ «եղբայրական» յարաբերութիւններուն:
«Թուրքիան միշտ պիտի աջակցի Ազրպէյճանին բոլոր ոլորտներուն մէջ, ներառեալ` ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ», ըսաւ ան:
Չաւուշօղլու նաեւ յայտնեց. «Կիպրոսը մեր ազգային դատն է: Թուրք կիպրացի ժողովուրդի հաւասարութիւնն ու անվտանգութիւնը հրամայական են: Այս հիմամբ որեւէ լուծում չենք մերժեր»:
«Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր առնչակից կողմերուն մեր միակ պատգամը նոյնն է. «Եթէ մեզի հետ գործակցիք, բոլորը կը շահին», յայտնեց ան:
Չաւուշօղլու նաեւ նշեց. «Այնպիսի ժամանակշրջանի մը մէջ, ուր առաւելագոյն կարիքը կայ շրջանին փարելու, շատ ցաւալի է, որ շրջանի երկիրները միասնական ըլլալէ շատ հեռու են: Թուրքիան պիտի շարունակէ ամէն գնով պաշտպանել պաղեստինեան դատը»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց բոլորը, թէ «Իտլիպի մէջ արձանագրուելիք մարդկային ողբերգութիւնը աւելի ահաւոր պիտի ըլլայ, քան 2015-ին տեղի ունեցածը»:



