Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՂՈՍԸՆ. «ՔԱՅԻՏԱՅԻ ՄԱՍԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԵՆ ՅՍՏԱԿ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ»

December 27, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ շեշտեց, որ Լիբանանէն Սուրիա թափանցած Քայիտայի անդամներուն մասին իր կատարած յայտարարութիւնները հիմնուած էին յստակ տեղեկութիւններու վրայ եւ կարելի չէր զանոնք երեւակայութիւն կամ օդին մէջ կատարուած եզրակացութիւն նկատել:

Ղոսըն ընդգծեց, որ ինք փափաքած է այդ մասին տեղեակ պահել լիբանանեան հանրային կարծիքը, որպէսզի զգուշացնէ նաեւ Լիբանանի մէջ Քայիտայի պատճառելիք վտանգներէն:

Ղոսըն կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքական բոլոր կողմերը զետեղելու իրենց պատասխանատուութիւններուն առջեւ:

Ղոսըն ցաւ յայտնեց, որ ոմանց կողմէ իր յայտարարութիւններուն համայնքային մեկնաբանութիւն տրուած է` աւելցնելով, որ լիբանանցիները իրենց բոլոր համայնքներով եւ յարանուանութիւններով կը մերժեն ահաբեկչութիւնը եւ կը պայքարին անոր դէմ, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօն, ո՛չ ալ համայնք կը ճանչնայ:

Ղոսըն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները նախանձախնդիր են երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին եւ ամրապնդումին:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Քայիտայի ցանցի անդամներուն գոյութեան մասին պաշտօնական տեղեկութիւններ չկան: Ան աւելցուց սակայն, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին իրենք նախարար Ղոսընէն իմացած են, որ Քայիտայի անդամներ կան Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ Արսալ գիւղաքաղաքին մէջ:

Շարպել նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական ապակայուն իրավիճակը Լիբանանի մէջ իր հակազդեցութիւնը պիտի չունենայ, եթէ լիբանանցիները կառչած մնան իրենց ազգային միասնականութեան եւ համակեցութեան:

 

Նախորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.