Անտորրայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Գ. դասակարգի վերջին օրը` երէկ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, աւարտականին 79-73 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մալթային, հանդիսացաւ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեան:
Կիսաւարտականին հայրենի կազմը 71-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Անտորրայի դէմ:



