Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԻՐ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

December 27, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Համատ Հասան շրջանային եւ արտաքին ուժեր, մասնաւորաբար Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը ամբաստանեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան զօրավիգ կանգնելու յանցանքով: Ան նշեց, որ այդ ուժերը այդ քայլին կը դիմեն, որովհետեւ Դամասկոս դիմադրութեան գիծը որդեգրած է եւ արաբ ժողովուրդներուն, մասնաւորաբար Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Իրաքի զօրավիգ կը կանգնի:

Ան իրանցի լրագրողներուն յայտնեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, տարբեր է պատահածէն կարգ մը արաբական երկիրներուն մէջ, որոնց ժողովուրդները կը մերժեն անոնց ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնները եւ Արեւմուտքին ու ամերիկացիներուն հետ դաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ սիոնականներուն անձնատուր ըլլալն ու անոնց հետ համաձայնութիւններու կնքումը:

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնը Դամասկոսը զգուշացուցած է անոր ապահովական- զինուորական մարմիններուն «ներթափանցուած ըլլալէն» եւ անոնց մէջ «չյայտարարուած անջատումներէն», ինչպէս նաեւ զգուշացուցած է, որ նշեալ տարրերը մտադիր են արաբ դէտերուն դէմ յարձակումներ գործել` Դամասկոսը շրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ նեղի մատնելու եւ զայն վարկաբեկելու համար: Անանուն աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին հաւաստած է, որ ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնը այս առումով զեկուցում մը փոխանցած է սուրիական կողմին:

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Արաբական լիկան կը հերքէ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած այն լուրը, թէ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերէն Մուսթաշար Մահժուպ «Արապիա»-ին յայտնած է, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, «հաւաքական ցեղասպանութիւն է»: Արաբական լիկան նաեւ հերքեց սուրիական ընդդիմութեան տարածած այն լուրը, թէ արաբ դէտերէն մէկը վիրաւորուած է:

Արաբական լիկայի արաբական բաժանմունքի տնօրէն Ալի Ժարուշ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին ճամբով հերքեց այն լուրերը, թէ անցեալ հինգշաբթի Սուրիա մեկնած դէտերը հեռացած են Սուրիայէն կամ սուրիական կառավարութեան կողմէ նեղութիւններու կ՛ենթարկուին: Ան ըսաւ, որ այդ լուրերը «անհիմն են կամ անհաւաստի»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հերքեց այն լուրը, թէ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ Ռուսիա գաղտնի այցելութիւն մը կատարած է:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ Արաբական լիկայի եւ Սուրիոյ միջեւ համակարգումը ամրապնդուի, ինչպէս նաեւ դէտերու տեղակայման  արձանագրութեան գործադրութեան մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրուի:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ բուռն կերպով դատապարտեց Դամասկոսի մէջ տասնեակներով զոհ եւ աւելի քան 150 վիրաւոր պատճառած ականահարումները: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ ականահարումները «անգամ մը եւս սուրիական տագնապը խաղաղ երկխօսութեան ճամբով լուծելու կարեւորութիւնը ցոյց կու տան»:

Մինչ այդ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հալէպի Հանանօ շրջանին մօտ ական մը պայթած է:

 

 

Նախորդը

ԱՆՁՆԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ` ԻՐԱՔԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

Յաջորդը

ՔԱԶԱՊԼԱՆՔԱՅԻ ՄԷՋ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՑՈՅՑ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.