Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 1, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մասնաւոր «Ազդակ»-ին

 Արծիւը Թառեցաւ Լուսնին Վրայ

1913-ին կամ չորսին, Շապին Գարահիսարի ազգային վարժարանին մէջ մեր սիրելի բժիշկ Բաբգէն Փափազեանի հայրը` պարոն Գուրգէնը, գաղիերէնի ու բնագիտութեան դաս կու տար մեզի:

Օր մը դասարան մտաւ իշխանավայել իր քալուածքով եւ ուրախ դէմքով մը ու աւետեց, թէ նորութիւն մը ու հետաքրքրական լուր մը ունի մեզի տալու:

– Եւրոպական պետութեանց համագործակցութեամբ, գիտնականները յաջողեր են մարդ մը ղրկել դէպի լուսին,- ըսաւ ու անմիջապէս, իբրեւ յաւելեալ փաստ, աւելցուց, թէ թրքական կառավառութիւնն իսկ կարեւոր գումարով մը մասնակցած է ընդհանուր ծախսին… Յետոյ, պերճախօս կերպով նկարագրեց դէպի լուսին կատարուած ուղեւորութիւնը եւ արդիւնքը:

Շնչելը մոռցած, հիացած ապշած` մտիկ ըրինք իրեն ու տխրեցանք, երբ, դասաժամի վերջաւորութիւնը, գուժեց զանգը: Այն ատեն միայն ըսաւ, թէ իր պատմածը իրականութիւն չէր, այլ Ժիւլ Վեռն անուն մարդու մը երեւակայութեան արդիւնքը:

Պաղ ջուրեր թափուեցան մեր գլխուն:

* * *

Երէկ, յուլիս 20-ին, դպրոցի գրասեղաններէն մեր բաժնուելէն մօտ կէս դար ետք, երկու ամերիկացի լուսնագնացներ, կէսօրէ ետք ժամը 4:17-ին, իրագործեցին հին երազը: Վար իջան լուսնի վրայ ու անձկութեամբ իրենց թռիչքին հետեւող ու իրենց յաջողութեան եւ ապահովութեան համար աղօթող աշխարհին ըսին, թէ «Արծիւը թառեցաւ»:

Հաւանաբար աշխարհի բնակչութեան  կէսը, պատկերասփիւռի գործիքներուն առջեւ գամուած, տեսաւ լուսնին վրայ թառած հսկայ իշամեղուի մը նմանող գործիքը ու լսեց Նէյլ Արմսթրոնկի ձայնը, որ լուսնին վրայ իր առաջին քայլը առած պահուն կ՛ըսէր.

– Այս պզտիկ քայլը մեծ ոստում մըն է մարդկութեան համար:

Նէյլ Արմսթրոնկի ու գնդապետ Էտուին Ալտրինի լուսնի վրայ թառելէն ետք, ստիպուած եղանք չորս ժամ սպասել, մինչեւ որ հերոսները հանգչեցան մի քիչ, ճաշեցին ու վարէն արտօնութիւն ստացան` դուրս ելլելու: Հարկ եղաւ երկուքուկէս ժամ ալ սպասել, որ հագուին: Մեզմէ շատեր բազմաթիւ անգամներ սպասած են, որ իրենց կիները հագուին, զուգուին, զարդարուին, որ դուրս ելլեն… Բայց պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ միլիոնաւոր մարդիկ շունչերնին բռնած` սպասեցին, որ երկու մարդ հագուի ու դուռ մը բանալով` իջնեն վար…

Թէ այս վարը ի՞նչ կը պարունակէր, որքա՞ն ապահով էր կամ վտանգաւոր, ոչ ոք գիտէր, ու Արմսթրոնկի բազկերակը այդ պահուն իր սովորական70-75 զարկէն բարձրացած էր 150-ի:

Վախցա՞ւ առաջին քայլը առնելու համար վար իջած պահուն… Իր տեղ ո՞վ ըլլար` պիտի չվախնար. հերոսները չե՞ն վախնար… Կը վախնան, բայց վախին յաղթելու կամք ունին, ու այդ բանն է, որ զիրենք կ՛ընէ հերոս:

Իրենց կօշիկներն ու հագուստը պաղի ու տաքի դէմ պաշտպանուած էին եւ ունէին ելեկտրականութիւն, ջուր, սառցարան, թթուածին, հովահար ու վերէն անձրեւող երկնաքարերու դէմ պաշտպանութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ երկուքկէս ժամ առաւ անոնց հագնիլը:

Երբ գործիքին սանդուխէն վար իջնելով` վերջին աստճանին վրայէն ոտքին մէկը վար դրաւ լուսնի հողը խուզարկելու համար ու կոխեց գետնին վրայ, լայն շունչ մը առինք:

Քաղաքակրթութեան պատմութեան ամենամեծ դէպքին ժամանակակից ու ականատես եղանք:

Առաջ, քանի մը դարեր, որոշ անունով մը կը ճանչցուէին, մինչեւ որ աւելի կարեւոր համարուող դէպք մը գար, ու իր անունով ճանչցուէին յաջորդող տարիները: Հիմա այդպէս չէ, հիմա դարանունները շուտ կը փոխուին: Չեմ գիտեր, թէ քարի, երկաթի ու պղինձի դարերը իրականութեան մէջ ո՞րքան են տեւած, բայց աթոմի ու անջրպետի դարերէն ետք, մեր կեանքի շրջանին, ահա լուսնի դարը կը սկսի…

Սխալ բան ըսինք: Նախորդող դարանունները սրբեց ու ինք գրաւեց անոնց տեղը:

Լուսնի վրայ:

Վերջին յիսուն տարուան մէջ մարդկութիւնը աւելի յառաջդիմութիւն արձանագրեց, քան` զանոնք նախորդող համրանք չունեցող տարիներուն:

Առնուածը դեռ առաջին քայլն է: Մեր բնակած երկրագունդին բարիքներուն սպառելէն առաջ պէտք է բնակելու ուրիշ տեղեր գտնենք ու գաղթավայրեր հաստատենք:

Լուսինը բնակելու յարմար տեղ մը չէ, բայց ինչպէս օդին մէջ, նոյնպէս ալ անոր վրայ կարելի է կայաններ հաստատել` հեռաւոր ճամբորդութեանց ընթացքին գործածուելու համար: Լուսինը օդ չունի, ջուր չունի, դէմ դիմաց կայնած իսկ, երկու անձեր չեն կրնար խօսիլ իրարու հետ, որովհետեւ ձայնական ալիքները ճամբորդելու միջոց չունին: Իր օրը չորս շաբաթ երկարութիւն ունի: Երկու շաբաթ յորդառատ լոյս ու մրրկող ջերմութիւն, ու երկու շաբաթ` սառուցեալ խաւար:

Ծաղկաւեր ու քարերով ցանցուած դէմք մը ունի: Նաեւ` դաշտավայրեր ու հսկայ երկնաքարերու անկումով կազմուած փոսեր: Ծածկուած է սեւ փոշիի խաւով մը: Իր հորիզոնը կարճ է, որովհետեւ շատ փոքր է մեր երկրէն: Իր  տրամագիծը 2160 մղոն է: Մեր արեգակնային դրութեան մէջ թաւալող 32 լուսիններուն մէջ չորրորդ մեծագոյնն է: Հրատն ու Նեպտիւնը երկուական լուսին ունին, Ուրանոսը` հինգ, Արուսեակը` 12 ու Երեւակը 10 հատ, որուն վերջինը դեռ անցեալ տարի գտնուեցաւ: Միայն Մերքիւրին է, որ լուսին չունի: Մեր երկրին շուրջ, բացի մեր բոլորին ծանօթ սիրելի լուսինէն,  տասը մանրանկար լուսիններ կը դառնան:

Երբ այս տողերը կը գրեմ, արդէն մեր հերոսները տուն դարձի ճամբուն վրայ են: Ետին ձգած են` իրենց կօշիկները, ամերիկեան դրօշակը, նահատակ աստղանաւորդներու, ռուս թէ ամերիկացի, յետմահու ստացած մետալները, քանի մը գիտական գործիք, պատկերասփիւռի մեքենայ մը, լուսնէն հող վերցնելու համար իրենց գործածած շերեփը, տասնեակ մը անուն պարունակող պատուոյ տախտակ մը, ձեռնարկին խաղաղասիրական բնոյթ ունենալը բացատրող պաշտօնական յայտարարութիւն մը, ու ձիթենիի ճիւղ մը:

Քիչ առաջ իրենց տիեզերանաւին մէջէն պատկերասփիւռին վրայ կրկին ցոյց տուին լուսինն ու մեր երկիրը: Լուսինը մեր գիտցած ու ճանչցած լուսնին կը նմանէր, բայց երկի՞րը… խոշոր, կլոր գունդ մը` անջրպետին մէջ  կախուած… Մէկ կէսը սեւ, միւսը` մաքուր արծաթի պէս փայլուն: Դող մը անցաւ կռնակէս… քանի որ զինքը վեր բռնող չկայ:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Հայաստանի Փառատօները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?