Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Յուլիս 1969)

Յուլիս 30, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պէյրութի Ճեմարանը

Չորս տասնեակ տարիներու փայլուն անցեալ մը ունի Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանը:

Համազգային կրթական եւ հրատարակչական ընկերութեան հիմը դրուեցաւ Գահիրէն մէջ, 1928 մայիս 28-ին, Հայաստանի անկախութեան տասներորդ տարեդարձին օրը, խումբ մը մտաւորականներու կողմէ, նպատակ ունենալով սատարել հայապահպանման նուիրական գործին:

Հիմնադիրները կը կոչուէին` Համօ Օհանջանեան, Վահան Նաւասարդեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան եւ ընկերները, որոնք յաւէտ բաժնուած են մեզմէ: Սակայն կը մնայ գործը, որ ամուր հիմերու վրայ դրուած` յարաճուն վերելք արձանագրեց տարիներու ընթացքին, հասնելով այսօրուան նախանձելի վիճակին:

Համազգայինի առաջին ձեռնարկն եղաւ Ճեմարանի մը բացումը Պէյրութի մէջ, 1929-ին, շատ համեստ պամաններու տակ: Քանթարի փողոցի անշուք մէկ տան մէջ է,որ Ճեմարանի զոյգ նուիրեալները` իսկական մտաւորականներ Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, գործի սկսան մէկուկէս տասնեակ աշակերտներով: Անձնուիրաբար յանձն առին ամէն զոհողութիւն` կրթական տիպար հիմնարկութիւն մը դարձնելու համար զայն: Ու յաջողեցան:

Հետագային, Եգիպտոսի մեր ընկերներէն ողբացեալ Նշան Փալանճեանի քոյրերուն 20.000 ոսկիի նուիրատուութեան շնորհիւ` գնուեցաւ Ճեմարանի ներկայ շէնքը, որուն ընդարձակ հողին վրայ տարիներու ընթացքին կառուցուեցան նոր շէնքեր` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններուն համար: Ուրիշ շէնք մը յատկացուեցաւ տպարանի, գրատան, թանգարանի, սրահի եւ գիշերօթիկներու բնակութեան:

Նիկոլ Աղբալեան մեռաւ 1947-ին, Լեւոն Շանթ` 1951-ին: Սիմոն Վրացեան յաջորդեց այս վերջինին` իբրեւ տեսուչ` 1952-ին:

1968-69 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը, ներկայացուած` ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի կողմէ, մանրամասնութիւններ կու տայ վարժարանի կրթական դաստիարակչական գործունէութեան, ելեւմուտքի եւ նոր առաջադրութեանց մասին:

Այս տարի շրջանաւարտ ելած են 12 աղջիկ եւ ութ մանչ, որոնցմէ 7-ը գրական, 13-ը` գիտական ճիւղէն: 15-ը արժանացած են Ճեմարանի վկայականին, իսկ հինգը` ստացած երկրորդական բաժնի աւարտական վկայագիրը: Ասոնցմէ ոմանք արդէն իսկ որոշած են նուիրուիլ ուսուցչական ասպարէզին, ուրիշներ կը պատրաստուին համալսարան յաճախելու:

Հայագիտական ճիւղի մէջ առաջին հանդիսացող Նեկտար Կիւլթենեանը ստացած է Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին մրցանակը: Գիտական ճիւղի մէջ առաջին Յասմիկ Պէրպէրեանը շահած է «Յակոբ Գրիգորեան» գիտական մրցանակը:

Քառասուն տարուան ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ բախտն են ունեցած Ճեմարանի նուիրական յարկին տակ անձնուէր ուսուցիչներու եւ ուսուցչուհիներու շունչին տակ հայաշունչ դաստիարակութիւն ստանալու:

Շրջանաւարտ կամ կիսաւարտ ճեմարանականներ` իբրեւ հանրային գործիչ, կրթական մշակ, բժիշկ, փաստաբան, ճարտարագէտ կամ առեւտրական, հայրենասիրական ոգիով տոգորուած, անխզելի կապերով կապուած են հայութեան հետ եւ դարձած` օգտակար քաղաքացիներ:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանը Լիբանանի մայրաքաղաքի միջնակարգ վարժարաններու շարքին պատուաւոր տեղ մը կը գրաւէ իր մանկապարտէզով, նախակրթարանով եւ երկրորդականի բաժիններով: Աշակերտները կը պատրաստուին լիբանանեան եւ ֆրանսական զոյգ պաքալորէաներուն եւ պըրըւէներուն: Պետական ծրագիրը կը գործադրուի լրիւ` լեզուներու, արդիական գիտութեանց եւ յարակից առարկաներուն համար: Արաբերէնի եւ ֆրանսերէնի հետ միաժամանակ մասնաւոր կարեւորութեամբ կ՛աւանդուի հայոց լեզուն, գրականութիւնն ու հայոց պատմութիւնը: Բարձրագոյն հայագիտական դասընթացք մը պիտի հաստատուի յառաջիկայ տարիներուն, համալսարանական իմաստով:

Փիլիսոփայութեան դասարանի ութ աշակերտներէն եօթը ֆրանսական պաքալորէայի, իսկ Թ. դասարանի 25 աշակերտներէն 16-ը պըրըւէ տիւ փրըմիէ սիլքի քննութեանց մէջ յաջողած են:

Մանկապարտէզի աշակերտներուն թիւն է եղած 214, 137-ը մանչ եւ 77-ը` աղջիկ, բաժնուած` չորս դասարաններու:

Նախակրթարանը ունեցած է 257 աշակերտ` 127 աղջիկ եւ 130 մանչ:

Միջնակարգ – երկրորդականի բաժիններու աշակերտներն ալ հաշուելով` Ճեմարանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը հասնի 650-ի: Ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու թիւն է յիսուն, մնայուն եւ այցելու:

Ճեմարանի թիւ 3 շէնքի 5-րդ յարկը ամբողջութեամբ յատկացուած է գիտական աշխատանոցներու, որոնց համար ճոխ կազմածներ ստացուած են Գերմանիայէն` «շնորհիւ փարիզաբնակ բժիշկի մը առատաձեռն յատկացումին»:

Լսարանական միութիւնը, որուն կ՛անդամակցին Թ. – ԺԲ. դասարաններու աշակերտ-աշակերտուհիները, կը կազմակերպէ ժողովներ, հաւաքոյթներ, թատերական ներկայացումներ, դասախօսութիւններ եւ ներքին տօնակատարութիւններ, ցուցահանդէսներ եւ պտոյտներ: Կը հրատարակէ «Ջահակիր» հանդէսը:

Մարզական կեանքը Ճեմարանէն ներս շարունակած է ըլլալ աշխուժ:

Գիշերօթիկներու թիւը եղած է 14, սովորականէն պակաս:

Աշակերտական գրադարանը իր աւելի քան 15 հազար հատորներով առաջին տեղերէն մէկը կը գրաւէ Պէյրութի դպրոցներու շարքին:

Ելեւմուտք.- Ճեմարանի 1968-1969 տարեշրջանին համար ելեւմուտք նախատեսուած էր շուրջ 315 հազար լիբ. ոսկի, սակայն չնախատեսուած կարգ մը յաւելումներով հասած է 350 հազար լիբանանեան ոսկիի սահմաններուն: Կրթաթոշակներէ գանձելի բաժինն էր 205 հազար լիբ. ոսկի: Գանձուած է 95 առ հարիւր տոկոսով: Տարեսկիզբին 40 հազար ոսկիի յաւելում եղած է ուսուցիչներու ամսականին վրայ: Պիւտճէի մնացեալ մասը կը հայթայթուի կազմակերպութիւններու եւ անհատ բարերարներու օժանդակութեամբ: Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայ օգնութեան միութիւնը կը նպաստեն Ճեմարանին կարեւոր գումարներով:

Համազգայինի տպարանը, արդիական սարքաւորումով, բազմաթիւ գիրքեր լոյս ընծայեց վերջին շրջանին:

Նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք Համազգայինին ու իր Ճեմարանին:

ՀՐԱՆԴ – ՍԱՄՈՒԷԼ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քիեւի Մէջ Լոյս Տեսած Է «Ուքրանիայի Տարածքում Հայերի Տաճարային Ճարտարապետութիւնը» Գիրքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?