ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Վերա Չոփուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Անի Չոփուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Էմա Պախամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Իպրահիմ եւ Լենա Պետրոս
Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Կարէն Րագուպեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Էլիզ Պոյաճեան
Տէր եւ տիկին Էմին եւ Շաքէ Հատտատ
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարալ Թաշճեան
Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Սիլվա Տէր Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Օրդ. Սիւզան Չոփուրեան
Չոփուրեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Ուզունեան եւ Բախամեան ընտանիքներ
Պետրոս եւ Րագուպեան ընտանիքներ
Հատտատ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԷԼԻԶ ՉՈՓՈՒՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊՈՅԱՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 26 յուլիս 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 27 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ժեհթաուի, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ կիրակի, 28 յուլիսին, նոյն վայրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Էլիզապեթ Սաչեան
Տէր եւ տիկին Թորոս եւ Փաթիլ Սաչեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Դալար Սաչեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Թագուհի Սաչեան եւ զաւակը` Սարգիս
Տիկին Մարի Տէօվլեթեան
Տէր եւ տիկին Տիրան եւ Քարոլ Նալպանտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Լիւսիեն Սաչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արծիւ եւ Ֆլորա Մարտոյեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Մանուկ եւ Զարիկ Փոլատեան եւ դստերք
Տէր եւ տիկին Կիւրեղ եւ Շողիկ Մանկրեան
Տիար Սողոմոն եւ օրդ. Մարալ Փոլատեան
Սաչեան եւ Փոլատեան ընտանիքներ
Սիմոնեան եւ Մանկրեան ընտանիքներ
Հաճեան եւ Եագուպեան ընտանիքներ
Տէօվլեթեան եւ Նալպանտեան ընտանիքներ
Մարտոյեան եւ Պալեան ընտանիքներ
Գալայճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ՍԱՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 26 յուլիս 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 27 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ կիրակի, 28 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ:
————————————-
ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ- ԱՅՆՃԱՐ ՀԱՅԱՒԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԻ
ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Մուսա լեռ-Այնճար հայաւանը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական մարմինը, ներկայացնելով սոյն առիթը նշող տարբեր ձեռնարկներու իր ժամանակացոյցը, կոչ կ՛ուղղէ գօտեպնդուելու յոբելենական տարուան խորհուրդով, մասնաւորաբար վերանորոգելով Մուսա լեռ-Այնճարի բարգաւաճման եւ անոր հայեցի դիմագիծի ամրապնդման մեր հաւաքական յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով Մուսա լերան հերոսամարտի արժէքներուն եւ անոր աւադներուն: Համոզուած ենք, որ յոբելենական տարին առիթ կը հանդիսանայ վերարժեւորելու հայաւանի դերը մեր համախումբ կեանքի եւ պայքարի երթին մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:
Ա.- ԿԻՐԱԿԻ, 28 ՅՈՒԼԻՍ 2019-ԻՆ
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ` «ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՕՐԸ ԵՒ ՎԱՐԴԱՎԱՌ.
Կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցի
Բ.- ՈՒՐԲԱԹ, 2 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019-ԻՆ,
ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Կազմակերպութեամբ` ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան
կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին` ՀՄԸՄ-ի համալիրին դիմաց
Գ.- ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019-ԻՆ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
Կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքին
Դ.- ՇԱԲԱԹ, 24 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019-ԻՆ
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՈՒ ԱՅՆՃԱՐԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՒ ԲԱՐԲԱՌՈՎ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԳԱՐԱՆԻ ԳԻՆԵՁՕՆ
Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի Այնճարի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղին
Կէսօրէ ետք ժամը 7:30-ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն
Ե.- ԿԻՐԱԿԻ, 1 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ,
ԺԱՄԱՑՈՅՑԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքին
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նորակառոյց ժամացոյցին դիմաց
Զ.- ՈՒՐԲԱԹ, 6 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ
Այնճար 1939-2019: Մուսա լերան վերակառուցումը Լիբանանի մէջ, ճարտարապետական ուսումնասիրութիւն եւ վաւերագրում: Վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրութիւն` Յովսէփ Պապոյեանի) ցուցադրութիւն եւ լուսանկարչական ցուցահանդէս (Վարդիվառ Ժաքլեանի):
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ
Է.- ՇԱԲԱԹ, 7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 60-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին
Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցի
Ը.- ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 12, ՈՒՐԲԱԹ, 13 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ
ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն
Թ.- ՈՒՐԲԱԹ, 13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ,
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ»
Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն»
Ժ.- ՇԱԲԱԹ, 14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ,
ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ-ԱՅՆՃԱՐԻ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նորակառոյց թանգարանին դիմաց
ԺԱ.- ՇԱԲԱԹ, 14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ,
ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթներով
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դիմաց
ԺԲ.- ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2019-ԻՆ,
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 18 ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցի
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
80-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
————————————-
ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով, կիրակի, 28 յուլիս 2019-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ նորընծայ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՅԱԿՈԲ ԱԲՂՅ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ժամերգութիւն` | ժամը 7:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:15-ին |
Քարոզ` | ժամը 10:00-ին |
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ լեցուելու օրուան խորհուրդով:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————-
ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 28 յուլիս 2019-ին, Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աբեղայական Անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՍԱՐԳԻՍ. ԱԲՂՅ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ լսելու հայր սուրբին անդրանիկ պատգամը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով, կիրակի, 28 յուլիս 2019-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ նորընծայ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԳԷՈՐԳ ԱԲՂՅ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ լեցուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՍՐԲՈՑ
ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ԺԱԼԱԼԱՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՏՈՒՌԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Օրհնութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ
Շաբաթ, 27 յուլիս 2019, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, սուրբ պատարագ
Պատարագիչ
ԱՐԺ. Տ. ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ հայորդիները`
մասնակցելու եկեղեցական արարողութիւններուն:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԶԱՀԼԷԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ
ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Տորայի հրապարակին մօտ, 124 քառ. մեթր, 2 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 2 պատշգամ եւ յարակից մասեր: Դիմել` հեռ. 03-335368:
————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ժէլ Էլ Տիպ, 130 քառ. մեթր:
Սին Էլ Ֆիլ, 70 քառ. մեթր:
Հեռ. 76-944642:
————————————-
ԾԱԽՈՒ ՏՈՒՆ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Երկյարկանի, 165 քառ. մեթր + 120 քառ. մեթր պարտէզով, յարմար գին: Հեռ. 03-626107:
————————————
ԾԱԽՈՒ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ
Seat Ibiza, 2012-ի մոտել, շատ լաւ վիճակի մէջ: Դիմել` հեռ. 03-504311:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ