Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆՔ ԵՒ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ԽՕՍԻՆՔ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԿԵՂԾԱՒՈՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ ՄԱՍԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

December 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական արտաքին քաղաքականութեան վերատեսութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան վերջին զարգացումներուն նուիրուած Թուրքիոյ դեսպաններու մէկ շաբթուան վրայ երկարող խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ «մենք պիտի երթանք եւ իւրաքանչիւր հայու խօսինք Ֆրանսայի որդեգրած կեղծաւոր կեցուածքին մասին: Անոնց պիտի ըսենք, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ մեր միջեւ հարցեր կը ստեղծեն»:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման մասին` ան նշած է, որ «ասիկա Միջին Արեւելքի բռնատիրութիւններէն տարբեր չէ: Կոչ կ՛ուղղեմ եւրոպացի մտաւորականներուն. պաշտպանեցէ՛ք ձեր արժեչափերը: Մենք արդէն մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք: Պիտի երթանք ուր որ արգիլուած է եւ ըսենք, որ չենք ճանչնար (Հայոց ցեղասպանութիւնը): Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք: Եթէ եւրոպացիները այս արժէքները չպաշտպանեն, մենք պիտի պաշտպանենք»` աւելցնելով, որ «Ֆրանսան է, որ քննութեան կ՛ենթարկուի, ոչ թէ` Թուրքիան: Ֆրանսայի ծերակոյտը քննութեան կ՛ենթարկուի»:

Միւս կողմէ, «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը հինգշաբթի օր յայտնած է, որ «անշուշտ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ լաւ յարաբերութիւններ կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ անոնք կարենան իրենց տարակարծութիւնը լուծել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր այս հարցին անդրադառնալով բաւարարուած է նշելով, որ ամերիկեան վարչակազմը կը շարունակէ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման զօրակցիլ»:

 

Նախորդը

«ԵԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ ՉՈՐԴԵԳՐԷ, ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏՈՎ

Յաջորդը

«ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՇԱՐՄԱԶԱՆՈՎ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.