Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հզօր Լիբանան Համախմբումը Պիտի Ներկայացնէ Օրինագիծ Մը, Որուն Համաձայն, Լիբանանեան Պետութենէն Իւրացուած Գումարները Խորհրդարանին Պիտի Վերադարձուին» Շեշտեց Պասիլ

July 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք իրենք կ՛աշխատին մշակել 2020-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ պէտք է վաւերացնել նաեւ Մըքքենզիի ծրագիրը եւ մեկնարկել ելեկտրականութեան նուազուրդը, ինչպէս նաեւ աղբահանման ծրագիրն ու կարգ մը այլ աշխատանքներ:

Պասիլ նշեց, թէ իրենք կ՛աշխատին տնտեսական այն ծրագիրներուն վրայ, որոնք պետական ամավարկին ընդմէջէն չվաւերացուեցան` աւելցնելով, որ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք պետական ամավարկի քննարկումին իրենք կրնան օգոստոսէն իսկ մասնակցիլ:

Ան նշեց, թէ լիբանանցիներուն ակնկալութիւնն է, որ 2020-ի պետական ամավարկը ըլլայ բարեկարգումի ամավարկ` աւելցնելով, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը պիտի ներկայացնէ օրինագիծ մը, որուն համաձայն, լիբանանեան պետութենէն իւրացուած գումարները խորհրդարանին պիտի վերադարձուին:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք համաձայն են աշխատանքի օրէնքներուն գործադրութիւնը խստացնելու` աւելցնելով, որ այդ հետապնդումներուն հիմնական պատճառը լիբանանցիներուն աշխատանք ապահովելու նպատակն է, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ արձանագրուած արտակարգ անգործութեան հարցը լուծել:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածին եւ պաղեստինցի գաղթականին կեցութեան նպաստող որեւէ քայլ անոնց բնակեցման զօրակցող քայլ կը նկատուի:

«Սուրիացի տեղահանուածին ու պաղեստինցի գաղթականին մարդկային իրաւունքը տունդարձն է, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք նաեւ, որ անոնց բնակեցումը կը նկատուի «Դարու գործարք»-ին հիմնասիւնը», ըսաւ ան:

Ուաշինկթընի Մէջ

Միւս կողմէ, Պասիլ մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած կրօններու ազատութիւնը ամրապնդելու խորհրդաժողովին, որ կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

Իր խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը թելադրէ ազգային համերաշխութեամբ ապրիլ: Ան նշեց, որ համակեցութեան լիբանանեան օրինակը բոլոր փոքրամասնութիւններուն մտահոգութիւնները կը փարատէ եւ ծայրայեղութիւնները կ՛արգիլէ: «Այս իրականութիւնն է, որ համախոհական ժողովրդավարութիւն կը կոչուի, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ երկրին ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրելու կամքը շատ աւելի հզօր է, քան` երկրին խախուտ վարչակարգը: «Բայց եւ այնպէս կրօններու ազատութեան վրայ հիմնուած լիբանանեան վարչակարգը մարդկութեան համար կարիք է, հետեւաբար պէտք է պահպանել զայն», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Ապագան Խոստմնալից Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.