Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մաթահիրօ Եամակուշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ճափոնական յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք բարելաւելու միջոցները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու նախարար Սելիմ Ժրայսաթի:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիստինա Լասընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Աուն գնահատեց Լիբանանի մէջ Լասընի տարած դիւանագիտական գործունէութիւնը, յաջողութիւն մաղթելով Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:



