Խրիմեան Հայրիկի Հեռացումը
Վանէն
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի Վախճանումը
Գէորգ Դ. ամենայն հայոց կաթողիկոս վախճանեցաւ 18 դեկտեմբեր 1882-ին:
Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք օրակարգի վրայ դրուեցաւ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան հարցը: Առաջադրուած թեկնածուներն էին Խրիմեան Հայրիկ, Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան եւ Իզմիրի առաջնորդ Մելքիսեդեկ եպիսկոպոս Մուրատեան:
Թիֆլիսի «Մշակ» թերթը կը պաշտպանէր Խրիմեան Հայրիկի եւ Ներսէս պատրիարքի թեկնածութիւնը: Իզմիրի մէջ, Մատթէոս Մամուրեան` «Արեւելեան մամուլ»-ը` Մելքիսեդեկ եպիսկոպոսի թեկնածութիւնը: Իսկ Պոլսոյ «Մասիս» եւ «Արեւելք» թերթերը` Խրիմեան Հայրիկի թեկնածութիւնը:
Իր կարգին Ծերենց «Կաթողիկոսութիւն եւ Խրիմեան» խորագրեալ գրքոյկը հրատարակեց եւ Հայրիկի թեկնածութիւնը պաշտպանելով կոչ ուղղեց. «Ո՜վ կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակցողք. եթէ կը սիրէք ձեր ազգը, ձեր եկեղեցին, ընտրեցէ՛ք Խրիմեանը»:
Իսկ Արմենակ Սիւնի «Կաթողիկոսական ընտրելիներ» գրքոյկը հրատարակելով պաշտպանեց Մելքիսեդեկ եպիսկոպոսի թեկնածութիւնը, փաստարկելով որ ան աւելի կարող է քան Խրիմեան եւ Վարժապետեան: Սիւնի կ՛ըսէ. «Խրիմեան սրբազանը շատ ազգասէր, լաւ քարոզիչ, տաղանդաւոր բանաստեղծ եւ յարգելի մարդ է, բայց կաթողիկոս լինել չի կարող:… Նրա գլխաւոր արժանիքը, որով հռչակուեցաւ նա, թունդ ազգասիրութիւնն է եւ բանաստեղծական տաղանդը: Խրիմեանը իւր ազգասիրութիւնով եւ ազդու քարոզներով աւելի մեծ գործ կարող է կատարել իր հայրենի Հայաստանում, իրան լաւ ծանօթ ժողովուրդի մէջ, քան թէ կաթողիկոսական պաշտօնով, կառավարչութեան անընդունակ լինելով»:
Ազգային ժողովը 16 ապրիլ 1884-ին օրակարգի վրայ ունէր կաթողիկոսական թեկնածուներու ընտրութիւնը: Ձայները կեդրոնացան Հայրիկի, Ներսէս պատրիարքի եւ Մելքիսեդեկ եպիսկոպոսի անուններուն շուրջ:
Ի վերջոյ Ներսէս պատրիարք առաւելագոյն քուէ ստանալով ընտրուեցաւ: Բայց ան, իր խարխլած առողջութիւնը նկատի ունենալով, հրաժարեցաւ:
***
Ներսէս պատրիարք, շաքարախտի հիւանդութենէն հիւծած ու սպառած, վախճանեցաւ, 25 հոկտեմբեր 1884-ին:
Վանի առաջնորդարանին մէջ 26 հոկտեմբերին Կրօնական եւ Քաղաքական Խառն ժողովը կը գումարուէր, երբ Պոլիսէն հասաւ պատրիարքին վախճանումը գուժող հեռագիրը:
Հայրիկ, սաստիկ յուզուած եւ ազդուած, բարձրաձայն սկսաւ լալ: Ժողովը խանգարուեցաւ: Դահլիճին մէջ երթեւեկելով Հայրիկ լալագին բացագանչեց.
– Ներսէս մեռա՜ւ… Հայրիկ մեռա՜ւ, Ներսէս մեռա՜ւ… Խրիմեան մեռա՜ւ, Վարժապետեան մեռա՜ւ, Խրիմեան ինչո՞ւ կ՛ապրի…:
Ժողովականները դժուարութեամբ հազիւ հանգստացուցին զինք:
Իր սիրեցեալ հոգեւոր եղբօր մահը շատ ծանր ազդեց Հայրիկի վրայ: Ան իր խուցը քաշուեցաւ եւ օրեր շարունակ փակուած մնաց, լալով ու հառաչելով ողբալով ազգային մեծանուն գործիչին եւ իր աջակիցին ու գաղափարակիցին կորուստը:
Քառասունքին, դեկտեմբեր 4-ին, Նորաշէնի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, իսկ դպրոցի սրահին մէջ` սգահանդէս:
***
Պոլսոյ «Մասիս» թերթը 22 դեկտեմբեր 1884-ին հրատարակեց ներքին գործոց նախարարին հրամանագիրը. «Ներքին գործոց նախարար բարձրապատիւ Էտհէմ փաշա հեռագրած է Վանայ կուսակալին, որպէսզի փութացնէ ամենապատիւ Խրիմեան սրբազանի ի Պոլիս գալուստը»:
Ներքին գործոց նախարարին հեռագիրը ստանալէն ետք Վանի կուսակալ Համիտ փաշա Հայրիկի հրահանգեց որ ճամբու պատրաստութիւն տեսնէ եւ հեռանայ Վանէն:
Հայրիկ պատասխանեց.
– Վեհափառ սուլթանի եւ տէրութեան կամքին ու հրամանին հակառակ չեմ, բայց, փաշա էֆէնտի, խղճի դէմ չէ՞ արդեօք, այս ցրտաշունչ ձմրան, ձիւնին ու բուքին, երբ ճամբաները փակուած են եւ երթեւեկութիւնը դադրած, պետութիւնը ինձ աքսորի ճամբան ցոյց կու տայ եւ կը ստիպէ, որ վաթսուն եւ հինգ տարեկան ծերունիս իսկոյն հեռանայ իւր հայրենիքէն, որուն բարօրութեան համար այնքա՜ն զոհողութիւններ ըրած է: Այո՛ ես կը կատարեմ վեհափառ սուլթանի եւ Բարձրագոյն դրան հրամանը: Գիտէ՞ք երբ. գարնան, երբ օդերը կը տաքնան եւ ճամբաները կը բացուին: Այլապէս ես հիմա տեղէս չեմ շարժիր: Իսկ եթէ փորձէք բռնութեամբ զիս հեռացնել կամ աքսորել, այն ատեն դուք ծանր պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուիք. թողունք դեռ, որ կրնան անախորժ դէպքեր ալ յառաջ գալ:
Կուսակալը Հայրիկի պատասխանը նոյն օրն իսկ հեռագրեց Բարձրագոյն դրան եւ խոհեմութիւն նկատեց աքսորի ժամանակը յետաձգել մինչեւ գարուն:
Համիտ փաշա 10 մարտ 1885-ին Խրիմեան Հայրիկի պաշտօնապէս հրահանգեց ութ օրուան ընթացքին պատրաստուիլ եւ ճամբայ ելլել դէպի Պոլիս:
Լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ժողովուրդին մէջ:
Յաջորդ օր Հայրիկ Վարագայ վանքին մէջ պատարագեց եւ հրաժեշտի սրտառուչ քարոզ մը տուաւ: Յետոյ մտաւ տպարան, «Արծուի Վասպուրական»-ի մամուլը գրկեց, համբուրեց եւ հեծկլտաց: Այնուհետեւ ան հրաժեշտ տուաւ միաբանակից եղբայրներուն, Ժառանգաւորացի ուսուցիչներուն, սաներուն, վանքի մշակներուն եւ հօտաղներուն: Վանքի դարպասէն դուրս ելլելէն ետք ձին հեծաւ եւ ըսաւ. «Մնաս բարեաւ Վարագ. սիրելի՛ արծուաբոյն»: Խօսքը չկրցաւ շարունակել եւ արցունքները այտերէն վար գլորեցան: Բոլորը կու լային եւ ողջերթ կը մաղթէին: Հայրիկ ձին մտրակեց եւ իր հետեւորդներով ճամբայ ելաւ դէպի Այգեստան:
Մեկնումի օրը որոշուեցաւ երկուշաբթի, 18 մարտը: Ծանուցուեցաւ, որ կիրակի օր Հայրիկ իր հրաժեշտի քարոզը պիտի խօսէր Արարուց մայր եկեղեցիին մէջ: Մինչ այդ, մարտ 16-ին Վանէն աքսորուեցաւ Մկրտիչ Փորթուգալեան:
Կառավարութիւնը զինուորական եւ ոստիկանական ուժեր տեղակայեց քաղաքին մէջ, ժողովրդային հաւանական յուզումներու առաջքը առնելու դիտաւորութեամբ:
***
Կիրակի, 17 մարտը Ծաղկազարդի տօնն էր: Հազարաւոր ժողովուրդ խռնուած էր Արարուց թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Հայրիկ իր հրաժեշտի խօսքին մէջ ըսաւ.
– Շատ դիւրին է մէկ մէկ կոտրել բարակ փայտեր, որոնցմէ երբ մեծ խուրձ մը կազմենք եւ թելով մը իրար կապենք, անհնար է այդ միացած խուրձը կոտրել: Այդպէս ալ, ժողովո՛ւրդ հայոց, միացէ՛ք, եղբայրական սիրոյ թելով կապուեցէք միմեանց հետ եւ միութեան մեծ խուրձ մը կազմելով հաւատացէ՛ք, որ այն ատեն թշնամին չպիտի կրնայ ձեզ կոտրել, վասնզի միութիւնն ուժ է: Ես կ՛օրհնեմ ձեր միութիւն, ձեր սէր եւ համերաշխ գործակցութիւն. մնա՛ք բարեաւ, Հայրիկ կ՛երթայ, կը հեռանայ մարմնով, բայց ուր որ երթայ հոգով սրտով ձեզ հետ կը մնայ, ձեր սիրով, ձեր սրտով կը գործէ. մնաք բարեա՛ւ, մնաք բարեա՜ւ:
Քարոզը աւարտելէն ետք երբ Հայրիկ բեմէն վար իջաւ, ժողովուրդը լաց ու կոծով անոր շուրջ խռնուեցաւ եւ սկսաւ համբուրել ձեռքերը:
Կէսօրէ ետք Դռնբացէք արարողութիւնն էր: Նորաշէնի Տիրակառոյց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին խուռն բազմութեամբ լեցուած էր: Հայրիկ հոն իր հրաժեշտի խօսքին մէջ ըսաւ.
– «Հասաւ ժամանակը, որ կը ստիպէ զիս տալ ձեզ իմ հրաժեշտի ողջոյնը: Ես, ժողովուրդ, ի սկզբանէ անտի, առանց ձեռաց կամք` կամ լաւ եւս է ըսել գնդակ մը եղած եմ, զոր հայ ազգը այսր անդր կը գլորէ: Սակայն չեմ ցաւիր առ այս. զի Աստուած է, որ ի ձեռն հայ ազգին զիս կրթել կ՛ուզէ զերդ գնդակ գլորելով: Հայրիկ գլորուելով փոխանակ վար իյնալու` վերը կ՛ելլէ: Գլորեցէ՛ք որչափ կրնաք այս գնդակը, մինչեւ իյնայ ի փոս գերեզմանին: Գլորուիլն է իմ խաղը. բայց ազգային կամ բարձրագոյն հրամանաւ ի Պոլիս փոխադրուիլս իրաւունք չունիմ ինձ խաչ համարելու. զի այդ հնազանդութիւն է, եւ հնազանդութիւն խաչ չէ:
«Իմ ի Վան բնակութեան հնգամեայ շրջանի մէջ, առանց կորուսանելու պատեհ առիթ, յաճախ քարոզեցի ձեզ լոյս եւ տնտեսագիտութիւն, զոր ձեզ` իմ հայրենակցացս կտակ կը թողում: Ազգի մը ապագայն իւր ներկայէն կշռելու է: Ճշմարիտ է թէ ազգի մը դպրոցներ անոր ապագային յայտարարն են: Դպրոց չսիրող ազգ մը ճակատագրի հաւատալու նախապաշարումն ունի, սակայն ճակատագրի հաւատալու դարն անցած է: Արդի ազգաց ճակատագիրն է նոցա յառաջդիմութեան քայլեր: Այլեւս թօթափենք նախապաշարում եւ հաւատանք մեր գործունէութեան: Դաստիարակեցէք զաւակնիդ եւ հաւատացէք թէ ձեր փրկութիւնն ձեր զաւակներէն է: Զայս բան անեղծ պահեցէք ձեր տպաւորութեան մէջ: Մարգարէական ոգւով կ՛ըսեմ ձեզ թէ քաջալերեցարո՛ւք, հայ ազգը վերջապէս պիտի անցնի ի թիւ լուսաւորեալ ազգաց:
«Արդ, մնաս բարեա՛ւ պիտի ըսեմ ձեզ: Իմ մնաս բարեաւն շատ անտարբեր է, զի այսօրինակ բաժանումներ ինձ համար նոր չեն, Հայրիկ թէեւ ձեզմէ կը հեռանայ, բայց զձեզ չպիտի մոռանայ մինչեւ ցգերեզման: Ես նուիրուած եմ հայրենեացս եւ հայ ազգին. կուրծքիս լանջոսկրին վրայ գրուած է ժողովուրդ: Պիտի
ջանամ եւ փաստաբանեմ ըստ կարի ի բարեկարգութիւն վիճակի հայ ժողովրդեան: Աղօթենք, որ օսմանեան բարեխնամ տէրութիւնն իրեն եւ մեզ ի սկզբանէ անտի ցանկալի եղած բարեկարգութիւն գործադրելու յաջողի: Մեզ համար օսմանեան հպատակութեան շրջանակէն դուրս աւելի աղէկ տեղ չկայ: Ի բարեկարգութիւն այս երկրին` թուրք եւ հայ ժողովուրդք ձեռն ի ձեռն ջանալու են: Իմ մնաս բարեաւ ձեզ տալով հանդերձ կը խնդրեմ ի ձէնջ, որ ձեր սիրտը Խրիմեանի հետ եւ ձեր աղօթք վասն նորա առ Աստուած երթայ: Մի՛ ցաւիք խորհելով թէ արդեօք օր մ՛ալ Խրիմեան պիտի տեսնա՞նք: Յոյս ունիմ թէ Հայրենիքը վերստին պիտի տեսնեմ: Եթէ, աւա՜ղ, իմ յոյսս ի դերեւ ելլէ, կ՛ուխտեմ, որ իմ դիակս պիտի թաղուի Վարագայ խաչին ներքեւ, ուր Արծիւ երկար տարիներ բոյն դրած է: Ինչպէ՞ս մոռնամ հայրենիքը, որոյ ջուրը եւ օդը զիս սնուցած են: Դարձեալ կ՛ըսեմ, մնաք բարեաւ, կ՛օրհնեմ իմ հայրենիքը եւ կ՛աղօթեմ որ պողպատ դառնաք, նեղութեանց եւ դժուարութեանց տոկալու համար: Կացէք յիս եւ ես ի ձեզ»:
Նորաշէնի եկեղեցիէն դուրս գալով Հայրիկ ժողովուրդի ուղեկցութեամբ գնաց Յանկոյսներու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ արդէն լեցուած էր ժողովուրդով: Հոն եւս Հայրիկ հրաժեշտի քարոզ մը տուաւ.
– «Ժողովո՛ւրդ հայոց, վաղը կը հեռանամ այստեղէն. կը թողում իմ սիրելի հայրենիքը, ինձ կեանք տուող ժողովուրդս եւ իմ աննման Վարագս, որտեղ քսան եւ եօթը երկար տարիներ բոյն մը շինեցի ինձ համար այս մատներովս: Բայց մի՛ կարծէք, ժողովո՛ւրդ հայոց, թէ Խրիմեան գնա՜ց եւ մոռացաւ ամէնքիդ: Այն օրէն, երբ 1820 թուին Խրիմեանը մկրտուեցաւ այս սուրբ աւազանին մէջ, մի տախտակ շինուեցաւ նորա սրտին վրայ ու ժողովուրդ բառը գրուեցաւ: Քանի որ շունչս բերանս է, ոչ ոք չի կրնար այդ բառը եղծել այնտեղէն: Դո՛ւք ալ, մի՛ եղծէք, ժողովո՛ւրդ հայոց, Հայրիկի անունը ձեր սրտէն: Ժողովո՛ւրդ հայոց, սիրեցէ՛ք միմեանց, դաստիարակեցէք ձեր որդւոց, աշխատեցէ՛ք լոյսի համար, հացի համար:
«… Յիշեցէք ձեր աղօթքներու մէջ Խրիմեան Հայրիկին: Խօսք կու տամ, որ ուր ալ լինիմ, թէ՛ Մասեաց ստորոտ եւ թէ Բիւզանդիոն` մէկ օր ալ չանցունել առանց իմ հայրենիքը յիշելու: Իսկ երբ Խրիմեանը աւանդէ իւր հոգին օտարութեան մէջ, անոր անբռնաբարելի կտակը պիտի ըլլայ իր ոսկերոտին Վասպուրական փոխադրել, Վարագայ խաչքարերուն տակ իւր հայրենիքի ծոցին մէջ ամփոփել»:
***
Աւագ երկուշաբթի, 18 մարտ 1885-ի առաւօտուն Հայրիկ ուղղուեցաւ Ստորին Նորաշէն թաղի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, ուր աղօթեց եւ հոն խռնուած ժողովուրդին «Մնաք բարեաւ» ըսաւ: Յետոյ գնաց իր հօրենական տունը, ուր հարազատներ, ազգականներ, բարեկամներ եւ դրացիներ հաւաքուած էին: Հայրիկ արտասուաթոր աչքերով համբուրեց հօրենական տան դուռերը, ողջագուրուեցաւ բոլորին հետ եւ առտուան ժամը 10:00-ին իր ձին հեծնելով ճամբայ ելաւ: Իրեն կ՛ընկերանային պետութեան տրամադրած ոստիկանական պատուոյ պահակախումբը եւ ռուսական հիւպատոսարանէն ղրկուած երկու պահակներ:
Տանիքներուն վրայ եւ դուռերուն առջեւ կանգնած կանայք կու լային եւ «Հայրի՜կ, Հայրի՜կ» կը կանչէին: Ժողովուրդը եւ Վարագայ վանքի միաբաններ թափօր կազմած ընկերակցեցան Հայրիկի:
Հսկայ թափօրը Յանկոյսներէն յառաջանալով ուղղուեցաւ դէպի Քաղաքամէջ:
Ի պատիւ մեծ աքսորականին այդ օր շուկան եւ բոլոր հիմնարկութիւնները փակուած էին:
Վարագայ ուխտի միաբան ծերունազարդ Մելքիսեդեկ վարդապետ Հայրիկի ձիուն առջեւ նետուելով ըսաւ.
– Սրբազան Հայրիկ, եթէ այս երթալդ կամքիդ եւ ցանկութեանդ հակառակ է նէ, ըսէ՛ ինձ, տես ես ի՜նչ կ՛ընեմ:
Վարդապետը շարունակեց.
– Հիմա երիտասարդութիւնը ոտքի կը հանեմ, արիւն կը թափենք եւ մեր սիրելի Հայրիկի հեռացումը կը խանգարենք:
Հայրիկ պատասխանեց ըսելով, որ ինք իր կամքով կ՛երթայ:
Թափօրը Թաւրիզի դուռէն անցնելով մտաւ Քաղաքամէջ:
Հայրիկ Պօղոս եպիսկոպոսի ընկերակցութեամբ գնաց հրաժեշտ առաւ կուսակալ Համիտ փաշայէն եւ զինուորական հրամանատար Միւնիր փաշայէն: Ապա ուղղուեցաւ առաջնորդարան, ուր ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովի անդամներ, հոգեւորականներ, Ռուսիոյ եւ պարսից հիւպատոսները, պետական պաշտօնեաներ եւ թուրք երեւելիներ իրեն կը սպասէին: Ողջերթի յուզիչ ճառեր արտասանուեցան: Յետոյ Հայրիկ Սուրբ Նշան եկեղեցին մտաւ, աղօթեց եւ ճամբայ ելաւ: Հսկայ թափօրը, աւելի եւս ստուարացած, ընկերակցեցաւ իրեն:
Երեկոյեան Հայրիկ հասաւ Աւանց գիւղը, ուր հիւրընկալուեցաւ մահտեսի Յարութիւն Աղաւնեանի տունը: