Սպանական մամուլը վստահեցուց, որ Ռէալ Մատրիտի քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզի նոր ակումբը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Վերջինս 40 միլիոն եւրօ պիտի վճարէ, որպէսզի 28 տարեկան Ռոտրիկեզ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ անոր հետ:
Վերջին երկու տարեշրջաններուն ան փոխ տրուած էր Պայէրն Միւնիխին:
Արքայական ակումբի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան կը նշէ, որ այս տարեշրջանին եւս իր ծրագիրներուն մէջ չունի Ռոտրիկեզը: