Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Շրջանին Մէջ Լիբանան Առաջին Ժողովրդավար Երկիրն Է»

July 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ուսանողական պատուիրակութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէ լիբանանցի ուսանողներ` Լիբանանէն եւ արտերկրի լիբանանցիներէն:

Պատուիրակութիւնը Լիբանանի մէջ մաս կը կազմէ «Քաղաքական զբօսաշրջութիւն» անունով ծրագիրի մը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպութեամբ տեղի կ՛ունենայ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ շրջանին մէջ Լիբանան առաջին ժողովրդավար երկիրն է` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ անիկա միակ երկիրն է, որ իր ժողովրդավարութիւնը պահպանած է:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան ունի աւելի քան ինը հազար տարուան քաղաքակրթութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգրկէ մեծ թիւով հնութիւններ եւ բնական տեսարժան վայրեր, որոնք բաց են բոլորին համար:

Ան շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է այցելեն Լիբանան ու ծանօթանան իրենց արմատներուն եւ այն մշակոյթին, որուն կը պատկանին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի մէջ Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիա հաստատելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այդ նախաձեռնութեան նպատակն է աշխարհին մէջ խաղաղութիւն հաստատել, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը ձախողած է այդ առաքելութեան մէջ:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանին, որուն հետ քննարկեց Նիւ Եորքի մէջ անոր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիա հաստատելու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութեան առաջարկը Նիւ Եորքի մէջ ողջոյնի արժանացած է:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Օմանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալպեր Սըմահան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-օմանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերուն մէջ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Նախարարական Յանձնախումբի Մէկ Նիստին

Յաջորդը

Բրիտանացի Բարձրաստիճան Զինուորական Մը Կ՛այցելէ Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.