Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) իրենց աւարտին հասան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան Լիբանանի ախոյեաններն ու փոխախոյեանները:
Աղջկանց տիտղոսը իր մօտ պահեց Նատուա Քամաթիէ` աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Պէյրութին:
Մարիանա Սահակեան (Քամաթիէ) յաղթեց Նոել Քէշիշեանին (3-0), Մալաք Խուրի` Լարա Քեչեպաշեանին (3-0), իսկ Միրիամ Հապաշ` Միրէյ Պոյաճեանին (3-1):
Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա հանդիսացաւ երրորդ` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շարիթիէ Տար Նուրին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցաշարքին, Ժընուպ Թուլ, որ տիտղոսը պահեց իր մօտ, 7-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Ահլի Սայտայի դէմ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը գրաւեց վեցերրդ դիրքը, մինչ Պարաղիմ Նապաթիէ, որ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքը, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: