Տարբեր դաշտերու վրայ, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 14 տարեկանէն վար 2019-ի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան շուրջ քսան ճակատումներ:
Մինչ բոլոր խումբերը կատարեցին մէկական մրցում, անդին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կատարեց 2 մրցում:
Շաբաթ, 20 յուլիսին, ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ), մրցեցաւ Աթլասի դէմ, արձանագրեց 67-46 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իսկ երէկ` կիրակի, 21 յուլիսին ՀՄԸՄ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, այս անգամ` Ամալ Պիքֆայայի նորակառոյց դաշտին վրայ (Պիքֆայա)` ճակատելով Չերիթի Զուքի դէմ:
Այս մրցումին եւս ՀՄԸՄ յաղթանակ արձանագրեց, այս անգամ` 89-27 արդիւնքով:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասը` այս տպաւորիչ եւ փայլուն յաղթանակներուն առիթով:



