Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենասէր Տուրիստներու Ամերիկախօսասիրութիւնը

July 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ, ի Պերիտոն

Կեդրոնականցի Արմենակ եւ Էլպիս Պէյրութ եկած էին օր մը առաջ:

Փոխանակ ծով երթալու` զիրար գտանք Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակը:

Էլպիս եւ Մակարուհի դրախտէն տեղ ապահովելու համար տաճար մտան աղօթելու: Արմենակ եւ ես հովասուն անկիւն մը գտանք: Կը լսուէին շարականները` գրաբարի հնչիւններով, անցեալը բերելով ներկայի մէջ:

– Արմենա՛կ,- ըսի,- ինչո՞ւ այսքան լուռ ես:

– Գիտես` ամէն օր քիչ մը աւելի յոռետես կը դառնամ:

– Ի՞նչ անբնական բան պատահած է նորէն, որ գիտցած չըլլաս:

– Ճիշդ այդպէս, ինչ որ գիտէի եւ գիտեմ, հիմա ամէն օր կը տեսնեմ խոշորացուած, ողբերգական ծիծաղ չշարժող ծաղրանկար դարձած:

– Արմենա՛կ, կը զարմանամ, որ դեռ կը զարմանաս:

– Զարմանք չէ, այլ ցանկութիւն կ՛ունենամ իրապէս մարդ մտրակելու, ոչ միայն խօսքով: Երեւանէն Պէյրութ եկող օդանաւին մէջ վերադարձող տուրիստ հայրենասէրներ կային, հաւանօրէն` ճառ խօսողներ, Հայաստանի կացութիւնը վերլուծող իմաստուններ, հիւրանոցի մէջ ժաքուզիով սենեակ ունեցողներ, թերեւս բարերարներ էին, ծերանոցին գառնուկ նուիրողներ:

– Ի՞նչ է, կ՛ուզես, որ միայն աղքատնե՞րը երթան Հայաստան:

– Այդ չէ խնդիրը: Այր եւ կին իրարու հետ հայերէն կը խօսէին, բայց իրենց աղջնակին հետ բարձրաձայն անգլերէն կը խօսէին, մայրը անգլերէն կը խօսէր թրքերէն խօսելու պէս: Ի՞նչ կ՛ուզէին ընել եւ փաստել:

– Կրնայ ըլլալ, որ անգլիացի աղջնակ մը որդեգրած էին:

– Զիս ձեռք կ՛առնես: Անոնք իրենք զիրենք մանկավարժ կը համարէին, կ՛ուզէին իրենց աղջկան պայծառ ապագան պատրաստել, որպէսզի ամերիկացիէն լաւ անգլերէն գիտնայ եւ որդեգրուի Ամերիկայի կողմէ: Դեռ կրնայ ըլլալ, որ Ամերիկա գացած են, որպէսզի աղջնակը հոն ծնի, որպէսզի ի ծնէ սիթիզըն ըլլայ:

– Բայց տե՛ս, Հայաստան բերած են, որ հայկականութեամբ դրոշմուի: Եթէ օր մը Ամերիկա ալ երթայ, հայ ըլլայ եւ մնայ:

– Է՜հ, այդպէս կ՛ընեն նաեւ հայաստանցիները, Արցախ չեն երթար, Լոսը եւ Մարսէյը կը համարեն Հայաստանի շարունակութիւնը, իրենց հետ կը տանին, ինչպէս ընկեր մը կ՛ըսէ, «ուտուշ-խմուշ»-ի հայկական համարուող մշակոյթը:

– Արմենա՛կ, յոռետես մի՛ ըլլար, զաւակները կրնան չհետեւիլ իրենց վատորակ քաղքենի ծնողներու օրինակին:

– Մակա՛րս, յոյսը վառ պահելու համար եկեղեցի մտնենք, մոմ վառենք, աղօթենք, որ այդ անգլերէն լսող աղջնակը յուսախաբ ընէ իր հայրը եւ մայրը, գրաբար սորվի, ինչպէս` հայաստանցի աղջիկը, որ մեր տասը միլիոնին մէջ բացառութիւն որպէս` գրաբարով դասախօսութիւն կարդաց:

Եթէ Կեդրոնականցին այդքան հաւատք ունի, կը նշանակէ, որ լեռները իրենց տեղէն պիտի շարժին, տկարացած-այլասերածներու զաւակները տէր պիտի ըլլան իրենց նախահայրերու ժառանգութեան, հողին եւ® գրաբարին:

Երբեմն օդանաւին մէջ չհիւանդանալու համար ականջները պէտք է խցել: Նաեւ` կարգ մը հայերէնը ցնցոտի համարող հայկական կեդրոններու մէջ:

30 յունիս 2019

Նախորդը

Նոր Ոճ

Յաջորդը

Դեռ Երկար Է Ճանապարհը Մինչեւ Մամուլի Անկախութիւնը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.