Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1969)

Յուլիս 19, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Չափահաս Որբեր»

Անցեալ ամիս, առիթով մը Ճեմարանի բակին մէջ հաւաքուած էին Ժիպէյլի որբանոցին նախկին սաները, մօտ հարիւր հոգի:

Հաւաքուած էին խմբանկարի մը համար, որ տեղ պիտի գրաւէ իրենց որբանոցին նուիրուած յուշամատեանին մէջ: Գիրքը մամուլի տակ է արդէն եւ մօտ ատենէն լոյս կը տեսնէ:

Նպատակս չէ արտայայտուիլ նման հրատարակութեան մը կարեւորութեան մասին: Կասկած չկայ, որ արժէքաւոր գործ մը պիտի ըլլայ եւ պիտի գայ լրացնելու մեր նորագոյն պատմութեան խորապէս յուզիչ եւ հերոսական էջերէն մէկը:

Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, հոգեկան խռովք մը զգացի ի տես այդ «չափահաս որբեր»-ուն: Հազարներու հասնող հայ որբերու հսկայ բանակէն հարիւրեակ մը միայն, բայց` որքա՜ն պերճախօս եւ սրտառուչ: Գրեթէ բոլորն ալ սպիտակ մազեր ունէին, բոլորն ալ ընտանիքի հայրեր, բոլորն ալ դիրքի եւ գործի տէր:

Ու երեւակայեցի պահ մը զանոնք փոքրիկ, կիսամերկ ու բոկոտն, անօթի եւ հալածուած` աքսորի ճամբաներուն վրայ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ճանչցաւ մահուան արհաւիրքը եւ տառապանքներուն ամէնէն անմարդկայինը: Անոնցմէ շատեր մանուկի իրենց անմեղունակ աչքերով տեսան ջարդը, արիւնը, հրդեհն ու աւերը Մեծ եղեռնին: Տեսան իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն մահը, թշնամի ձեռքերու վայրագ հարուածներուն տակ կամ սովի եւ համաճարակի ճիրաններուն մէջ: Տեսան դժոխքը Միջագետքի կիզիչ անապատներուն եւ հրաշքով վերապրեցան:

Երեւակայեցի տակաւին զանոնք հիւծած մարմիններով եւ սարսափահար աչքերով, Ժիպէյլի ծովափին, ճակատագրի նոյն սեւ գիրով եղբայրացած, զուրկ ծնողական գուրգուրանքէ, վերջին շառաւիղները շէն ու բազմանդամ օճախներու:

Ինչպէ՞ս կրցան խաղաղեցնել իրենց բովանդակ էութիւնը ցնցող փոթորիկը, ինչպէ՞ս կրցան յագեցնել իրենց մարմինն ու հոգին սպառող անսահման քաղցը: Սակայն պատմութիւնը յստակ է. պատառ մը չոր հացը եւ քանի մը հատոր գիրքերը բաւեցին, որ անոնք կեանքին վերադառնան, աճին, ուռճանան, ամբողջական գիտակցութեան տիրանան եւ վերստին վառեն պապենական օճախներու մարած կրակը:

Աւա՜ղ, այդ կրակը կարելի եղաւ վառել միայն օտար հողերու վրայ: Այսուհանդերձ, վերականգնումի եւ վերածաղկումի հրաշքը չի դադրիր զարմանք պատճառելէ:

Հեռուէն գաղտագողի դիտեցի մեր «չափահաս որբեր»-ու զուարթ եւ խրոխտ խումբը, եւ սիրտս լեցուեցաւ ազգային խոր հպարտութեամբ:

Երէկուան թշուառ ու դժբախի որբուկները այսօր մարդ էին արդէն, պատուաւոր եւ պատուաբեր դիրքերու վրայ: Անոնց մէջ կային կրթական մշակներ, ազգային գործիչներ, բժիշկներ, դեղագործներ, երկրաչափներ, առեւտրականներ: Ոչ մէկը կարօտ էր ընկերութեան նպաստին: Ընդհակառակը, բոլորն ալ իրենց նիւթական ու բարոյական դրամագլուխով դարձած էին սիւներ` մեր ազգային եւ ընկերային կեանքին համար:

Յիսուն տարի եւ ահա մահը կեանքի փոխակերպուած է, արցունքը` ժպիտի, թշուառութիւնը` բարեկեցութեան: Որբեր չկան այլեւս, այլ` բազմաթիւ զաւակներու ձեռքէն ամրօրէն բռնած գաղափարապաշտ հայրեր, որոնք կեանքի պայքարը շահելէ ետք, կը շարունակեն պայքարիլ նաեւ մեր ազգային Դատին ու գոյութեան համար:

Երբ նախկին որբերը կը նկարուէին ժպտադէմ եւ հպարտ, ես խորհեցայ մեկուսի.

Թշնամին ուզեց մեզ ջախջախել, փոշիացնել եւ սրբել աշխարհիս երեսէն: Ցեղասպանութեան իր ծրագիրը գործադրեց ամէնէն վայրագ միջոցներով եւ կարծեց, թէ մնացորդացը պիտի վերածուի թափառական բոշաներու, մուրացիկ ու ամօթաբեր խլեակներու: Ան գաղափար չունէր մեր ցեղի ներքին հզօր կենսունակութեան մասին: Չէր կրնար երեւակայել իսկ, որ անապատներէն հաւաքուած կմախակերպ որբերը օր մը կրնան ա՛յսքան տիրական ներկայութիւն դառնալ նորէն եւ կեանքի մրցադաշտերուն վրայ գրաւել առաջին շարքերը:

Հո՛ս է արդէն մեր ազգի զօրութեան եւ անմահութեան գաղտնիքը: Զարմանալի չէ բնաւ, որ միայն ջարդել եւ աւերել գիտցող ժողովուրդները չըմբռնեն այս գաղտնիքը, որովհետեւ իրենց որդիները, մեր պայմաններուն մէջ, իսկապէս պիտի վերածուէին ողորմելի խլեակներու:

Որբանոցի մը չոր տախտակներէն բարձրանալ մինչեւ ազատ ասպարէզներու նախանձելի դիրքերը, եղեռնագործ գիշերներու խաւարէն դուրս գալ եւ հասնիլ մինչեւ նորագոյն գիտութեանց լուսաբացը, ընդունեցէք, որ հպարտառիթ երեւոյթ մըն է մեր ժողովուրդին համար:

Իրենց հայրերու կերտած այս յաղթանակը հպարտութենէն աւելի բան մը կրնայ ներշնչել նորահաս սերունդին` հաւատք եւ վստահութիւն մեր ապագային եւ առաքելութեան հանդէպ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Շատ Մեծ Է Մամուլի Դերը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?