Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1969)

Յուլիս 15, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեծ Ժողովուրդ

Լիբանանի Պեքաա նահանգին կրթական տնօրէնը` Իլիաս Տիպ վերջերս նախագահած է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրդ. վարժարանի ամավերջի հանդէսին: Այս առթիւ կարդացած է հայ ժողովուրդին ուղղուած ձօն մը` «ՄԵԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» խորագրով: Ստորեւ` թարգմանութիւնը:

***

Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն վրայ,
Այս բարձր լերան լանջին,
Ձեզի համար, արծուեբոյներ դուք շինեցիք,
Երկիրը կո՛շտ, հարթեցիք,
Աղբիւրներ ցայտեցուցիք,
Պարտէզներ տնկեցիք` ո՛ւր որ եղաք.
Ու այս հողամասը,
Շնորհիւ ձեր ոգիին սլացիկ, կամքի ու բազկի ուժին,
Դարձած է այսօր աւան մը գեղեցիկ`
Պարտէզներով ու դպրոցներով զարդարուն:
Ո՛րքան կրնանք նայիլ հեռուն,
Ես ալ ձեզի հետ,
Կը տեսնենք դալար ու զմայլիչ պաճուճանք:
Դուք, գեղեցկութեամբ առլցուն ոգիով,
Ո՛ւր որ ըլլաք,
Ձեր աչքերը ո՛ւր որ սեւեռին,
Միայն գեղեցկութիւն կը տարածէք
Ամէն հորիզոնի տակ:

***

Ի՜նչ մեծ է ձեր Ազգը,
Որ ենթարկուեցաւ`
Հալածանքի,
Չարչարանքի,
Տարագրութեան,
Պատուհասներու
Ու մահուան,
Որոնք բաւ էին. կքելու եւ փշրելու
Ժայռերն իսկ ամրակուռ:
Բայց, դուք չխոնարհեցա՛ք,
Ո՛չ ալ ձեր ճակատը մրոտեցիք,
Ո՛չ բռնակալի առաջ, եւ ո՛չ` արիւնարբու կեղեքիչի:
Նախընտրեցիք մահը, քան` նուաստացումը,
Տարագրութիւնը, քան` նախատինքը:
Ու ձեր Ազգը,
Հակառակ անոր որ, շատեր կարծեցին թէ,
Մեռաւ ու չքացաւ,
Խզուեցաւ անցեալի ու ներկայի կապըն յաւէտ,
Բայց վերածնաւ ժամանակի փոշիներու ընդմէջէն,
Դուրս եկաւ թափով ու կամքով լի,
Որպէս ցայտք լոյսի,
Որ փարատեց գիշերուան խաւարը մութ,
Եւ որպէս արծիւ մը հսկայ,
Վերանորոգեց իր երիտասարդութիւնը,
Ու թափահարեց աշխարհի վրայ
Բարձունքները ծածկեց
Իր թեւերուն շուքովը լայնատարած:

***

Եկաք Լիբանան
Ձեր ուսերը բեռնաւոր էին տառապանքով,
Բայց ձեր սրտերուն մէջ կար տառապանքէն վեր բան մը.
Վեհանձնութիւն ու վերելքի բորբ տենչանք,
Համբաւ ազնուականի,
Աւանդ մը մե՜ծ Ազգի,
Աւանդ մը անմահ:

***

Լիբանանը բացաւ իր գիրկը ձեզի,
Դուք ալ զայն գրկեցիք գորովագին,
Տեղ ունեցաք անոր սրտին վրայ,
Բազուկներով բարձրացուցիք զայն,
Առաւե՛լ գեղեցկացուցիք,
Առաւե՛լ փառաւորեցիք,
Ու առաւե՛լ ճոխացուցիք զայն,
Տնտեսութեան,
Հողամշակութեան,
Ճարտարարուեստի,
Աշխատանքի,
Մարմնակրթանքի,
Գեղարուեստի,
Դպրութեան
Ու ընկերային գործերու մէջ համակ,
Ու եղաք Լիբանանի զաւակները առաքինի,
Կը սիրէք զինք անխառն սիրով,
Ու կը պաշտպանէք,
Անոր ամէն մէկ թիզ հողը բերրի:

***

Զիս որ ընտրած էք
Նախագահելու ձեր այս հանդէսին,
Ուրախ եմ ձեզ ողջունելու,
Ողջունելու ձեր ուսանող զաւակները,
Աշակերտները Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի,
Թոռնիկները Հայ Մեծ Ազգին,
Զաւակները մեր մեծ հայրենիքին,
Լիբանանին:
Կեցցէ՛ք դուք,
Կեցցէ՛ Լիբանանը առյաւէտ:

ԻԼԻԱՍ ՏԻՊ

20/6/1969

Թարգմանեց`
ՆԵՐՍԷՍ Յ. ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յովսէփ Նալպանտեանի 22-րդ Հատորը` «Յուշարձան Մայրերուն»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?