Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Թրամփ Կը Պատրաստուի Վնասել Միացեալ Նահանգներու Շահերուն` Պարզապէս Էրտողանը Գոհացնելու Համար

Յուլիս 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ լուրջ սխալ մը գործելու եզրին է` վտանգի ենթարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի այլ անդամներու ապահովութիւնը, եթէ որոշէ պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ` ռուսական Ս-400 հրթիռները ձեռք բերելուն համար. հրթիռներ, որոնք անհամատեղելի են ՕԹԱՆ-ի զինական համակարգին հետ եւ կը բացայայտեն ամերիկեան օդուժի նորագոյն Էֆ-35 հալածիչներու գործողութեան գաղտնիքները:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երեք բանաձեւ ընդունած է նախազգուշացնելով Թուրքիան` չգնել ռուսական հիթիռները, նաեւ սպառնացած է Թուրքիոյ` արգիլել Էֆ-35 հալածիչներու վաճառքը: Աւելի՛ն. արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգներ խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկեն Թուրքիոյ դէմ` ռուսական հրթիռներու ձեռքբերման համար: Թրամփ, ըլլալով անվճռական մարդ եւ սէր տածելով բռնապետներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ բռնակալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ, իր ամէնէն գլխաւոր խորհրդականներն ու Քոնկրեսի մեծամասնութիւնը անտեսելու եզրին է` թոյլ տալով Թուրքիոյ, որ խախտէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու մասին օրէնքը:

29 յունիս 2019-ին, երբ G-20-ի երկիրներու ղեկավարները հաւաքուեցան Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ, Էրտողան վերջին հնարաւորութիւն մը ունէր համոզելու Թրամփը, որ չպատժէ Թուրքիան հրթիռներու ձեռքբերման համար:

Ստորեւ հատուածներ` Թրամփի խիստ մտահոգիչ յայտարարութիւններէն, զորս ան կատարած է Էրտողանի հետ տեսակցութեան ընթացքին, լրագրողներու ներկայութեամբ:

Նախագահ Թրամփ. «… Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ընկերոջս հետ, մարդու մը հետ, որուն հետ շատ մտերիմ եղած եմ բազմաթիւ առումներով, ան շատ լաւ աշխատանք կ՛ընէ, Թուրքիոյ նախագահն է: Եւ մեր հանդիպումը հիմնականին մէջ կապուած է առեւտուրի հետ: Մենք հետզհետէ աւելի շատ գործարք կ՛ընենք եւ կ՛ակնկալենք, որ կարելի կ՛ըլլայ քառապատկել այս գործարքին ծաւալները Թուրքիոյ հետ: Մենք կը կարծենք, որ ասիկա հոյակապ կ՛ըլլայ: Անոնք (թուրքերը) հմուտ վարպետներ են եւ հոյակապ արտադրանք ունին: Եւ մենք կը բացայայտենք այդ: Մենք նաեւ ռազմական արտադրանքի առեւտուր կ՛ընենք, անոնք բաւական շատ կը  գնեն մեր ռազմական սարքաւորումներէն: Եւ ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ձեզի հետ, պարո՛ն նախագահ»:

Այնուհետեւ, մատնացոյց ընելով սենեակին մէջ գտնուող Էրտողանի շքախումբը, Թրամփ ըսաւ. «Նայեցէք այս մարդոց, որքան լաւ են անոնք: Նայեցէք անոնց: Այնքան դիւրին է անոնց հետ բանակցիլ: Նայեցէք անոնց: Հիմնական դերասաններ: Հոլիվուտեան շրջանակներուն մէջ անոնց պէս մարդիկ չեն պատրաստուիր»:

Էրտողան պատասխանեց. «Պարո՛ն նախագահ, նախ կ՛ուզեմ յայտնել, որ մեզի համար շատ կարեւոր է միասին ըլլալը Օսաքայի վեհաժողովին: Եւ մենք այժմ նպատակ ունինք հասնելու 75 միլիառ տոլարնոց առեւտուրի մակարդակի: Շատ քայլեր կան, զորս մենք պէտք է առնենք պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, բայց աւելի կարեւորը այն է, որ մենք ունինք ռազմավարական գործընկերութիւն: Իսկ ռազմավարական գործընկերութիւնը նաեւ մեզ կը խրախուսէ, որ համերաշխութիւն ստեղծենք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, եւ ես լիովին համոզուած եմ, որ մեր համերաշխութիւնը կը շարունակուի ռազմավարական գործընկերութեան շրջանակներու մէջ»:

Այս ներածական ելոյթներէն ետք Թրամփ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

Լրագրող. «Պարո՛ն նախագահ, ի՞նչ պիտի ընէք Ս-400-ներու հետ: Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կիրարկելու կը պատրաստուի՞ն, եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ զանոնք»:

Թրամփ. «Դե՛հ, մենք կը քննարկենք ատիկա: Բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք, քանի որ նախագահին թոյլ չէ տրուած գնել «Փեթրիոթ» հրթիռներ: Հետեւաբար, երբ ան գնած է միւսները` Ս-200-ներ կամ 400-ներ, երբ ան գնած է զանոնք, ուրեմն  ուզած է գնել, սակայն Օպամայի վարչակազմը թոյլ չէ տուած գնելու, մինչեւ որ ան գործարք կնքած է ուրիշ հրթիռներ ձեռք ձգելու համար: Այսպիսով, ան կը գնէ ուրիշ հրթիռ, իսկ յետոյ անոնք յանկարծ կ՛ըսեն իրեն` «Հիմա դուք կրնաք գնել մեր հրթիռը»: Դուն չես կրնար նման բան ընել: Սա լաւ բան չէ, լաւ չէ»:

Լրագրող. «Արդեօք սա կը նշանակէ՞, որ կարելի է, այնպէս որ, կրնաք…»:

Թրամփ. «Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Այդ խնդիր է, ատոր մասին հարց չկայ: Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Բայց անոր արգիլուած էր գնել, մինչեւ որ ըսաւ, որ ուրիշ բան կը գնէ: Իսկ յետոյ, երբ ան ուրիշ բան գնէ, բոլորը կ՛ըսեն` «Լա՛ւ, դուք կրնաք ատիկա գնել: Չէք կրնար ասանկ գործ ընել: Թուրքիա եղած է մեր ընկերը, եւ անոնք ըրած են, մենք միասին մեծ բաներ ըրած ենք: Մենք առեւտրական մեծ գործընկերներ ենք: Մենք աւելի մեծնալու կը պատրաստուինք: Կը կարծեմ, որ 75 միլիառը քիչ է: Կը կարծեմ, որ անիկա շուտով կ՛ըլլայ աւելի քան 100 միլիառ տոլար: Դուք չէք կրնար մարդոց հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս որ Օպամայի վարչակազմը կ՛ուզէր ընել…»:

Լրագրող. «Միացեալ Նահանգներ արդեօք պատժամիջոցներ կը կիրարկե՞ն Թուրքիոյ դէմ` Ս-400 ունենալուն համար»:

Թրամփ. «Մենք կը հետեւինք ատոր: Բայց ատիկա երկիմաստ, ատիկա երկկողմանի փողոց է: Անոնք չեն ծախած նախագահին, անոր թոյլ չեն տուած գնել հրթիռը, զոր ան ուզած է գնել, որ «Փեթրիոթ»-ն էր: Իսկ յետոյ, երբ ան գնեց ուրիշէն,  ըսաւ. «Հիմա մե՛նք ձեզի կը ծախենք «Փեթրիոթը»: Այնպէս որ, ես պէտք է ձեզի ըսեմ` ան ՕԹԱՆ-ի անդամ է, անոր հետ ես ընկերացած եմ: Պէտք է արդարացի վերաբերիք մարդոց հետ: Դուք կը հասկնաք ատիկա: Դուք պէտք է արդարացի վերաբերիք մարդոց հետ: Եւ ես չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան: Չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան»:

Լրագրող. «Գնդակը ձեր դաշտն է, պարո՛ն նախագահ: Դուք կ՛ընէ՞ք: Դո՛ւք էք որոշում կայացնողը: Պատժամիջոցներ կը կիրարկէ՞ք»:

Թրամփ. «Լա՛ւ, կը տեսնուինք պանդոկը, ժամը 3:30-ին…»:

Լրագրող. «Պարո՛ն նախագահ, դուք կը պատրաստուի՞ք Թուրքիա երթալու յուլիսին: Դուք յուլիսին պիտի երթա՞ք Թուրքիա, պարո՛ն նախագահ: Ե՞րբ պիտի երթաք Թուրքիա»:

Թրամփ. «Առիթով մը կ՛երթամ Թուրքիա: Զիս հրաւիրած են, եւ ես կ՛երթամ Թուրքիա, այո՛»:

Լրագրող. «Ա՞յս տարի, պարո՛ն նախագահ: Ա՞յս տարի կ՛երթաք Թուրքիա: Յուլիսի՞ն կ՛երթաք»:

Թրամփ. «Մենք թուական չենք ճշդած»:

Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփ կողմնակից է թուրք ղեկավարին` ընդդէմ նախկին նախագահ Օպամայի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ իր երկրի ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաներուն: Երկրորդ` սուտ է այն, որ նախագահ Օպամա մերժած է Թուրքիոյ ծախել ամերիկեան «Փեթրիոթ» հրթիռները: Թուրքիան չէ ընդունած վաճառքի պայմանները:

Ինչպէս որ իր որոշումներէն շատերուն պարագային, Թրամփ կարծես թէ իր անձնական շահերը, քանի մը միլիոն տոլարի եկամուտ` Պոլսոյ մէջ Թրամփի երկու շէնքերուն վրայ իր անունը ունենալու համար, վեր կը դասէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն: Հապա ինչո՞ւ ան բազմիցս կը գովաբանէր բռնապետ եւ մարդու իրաւունքներու գլխաւոր ոտնահարող Էրտողանը:

Այս յօդուածը գրելու պահուն ռուսական հրթիռները արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Թուրքիա: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ Թրամփին վերջնական որոշումը պատժամիջոցներու վերաբերեալ: Արդեօք ան վտանգի կ՛ենթարկէ՞ ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը` պարզապէս Էրտողանը գոհացնելու համար: Եթէ ան այդպէս վարուի, յոյսով եմ, որ ոչ մէկ ամերիկահայ կամ ուրիշ ոչ ոք կը քուէարկէ յօգուտ Թրամփի, 2020 թուականին…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Հայաստանեան Համացանցային Մամուլը

Յաջորդը

Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Զերծ Մնան Կուսակցական Նեղ Շահերով Առաջնորդուելուց

RelatedPosts

Տեսակէտ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ
Անդրադարձ

Ղօղանջ Զգօնութեան . «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով

Օգոստոս 11, 2022
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In