Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասական Երաժշտութեան Սիրահար «Խենթ»-երու Կրկնակի Յաղթանակը (Sinfonietta Beirut-ի Ելոյթին Առիթով)

Յուլիս 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այն սիրահարներուն, որոնց ստորեւ պիտի անդրադառնանք, խորքին մէջ կայացած ու վաստակաւոր արուեստագէտներ են: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծանօթ է հանրութեան իր երաժշտական գործիքին մասնագիտութեամբ: Աւելի՛ն. անոնք իրենց ուսերուն ունին տարիներու փորձառութիւն եւ մասնակցութիւն բերած են տարբեր համերգներու:

Յատկանշականը այն է սակայն, որ անոնց ի մի բերողը եւ մէկ երդիքի տակ միաւորողը սէրն ու ծառայութիւնն է: Անխառն սէր` հանդէպ դասական երաժշտութեան եւ գիտակից ծառայութիւն` երաժշտասէր հասարակութեան:

Այս խմբակը, թիւով 15 հոգի, ամբողջութեամբ ապաւինելով իր ներուժին, քանի մը տարի է, առանց նիւթական ակնկալութեան եւ նուիրումով Պէյրութի զանազան շրջաններու մէջ կը կազմակերպէ դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգներ`  պարզապէս հաւատարիմ մնալով իր յանձնառութեան եւ կոչումին:

Պատեհ է ըսել, որ խմբակին մաս կը կազմեն տարբեր տարիքի հայ ու տեղացի արուեստագէտներ: Խմբակի կազմութեան մտայղացումը, մղումն ու քաջալերանքը կը պատկանի արուեստագէտ ամոլի մը, յանձինս Հրաչ եւ Իզապէլ Իսահակեաններու, որոնք հայ թէ տեղացի հանրութեան ծանօթ են իբրեւ ֆլիւթի եւ դաշնամուրի վարպետներ:

Հարկ է լոյսին բերել ճշմարտութիւն մը, որ վերոնշեալ սիրոյ, ծառայութեան եւ մղումին առընթեր կայ, գոյութիւն ունի յանձնառութիւն մը, որ այս պարագային կը մարմնաւորուի մշակութանուէր հայորդի Արփի Մանկասարեանի մէջ, որ, սատար կանգնելով այս «խենթ»-երուն, անոնց տրամադրեց համապատասխան վայր` «Պատկեր» կեդրոնը, ուր հերթաբար իրենց փորձերն ու համերգները կրնան ընել:

Եւ հոսկէ մեր ծանօթութիւնը այս խմբակին, որուն ներկայութիւնը բարեբեր ազդեցութիւն ունեցաւ երաժշտասէր հասարակութեան համար:

Փաստօրէն, «Պատկեր» կեդրոնին ու այլ վայրերու մէջ իւրաքանչիւր համերգի արդէն զգալի կ՛ըլլար հայ թէ օտար արուեստասէրներու ներկայութիւնը, որոնք կու գային վայելելու դասական երաժշտութեան բարձրորակ կատարումներ:

Նման հոգեպարար ու հմայիչ համերգ մըն էր այս խմբակին վերջին ներկայացումը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 5 յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Ժըմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ:

Պէտք է ըսել, որ եկեղեցւոյ խորանէն հնչած երաժշտութիւնը ձեւով մը ինքնին պատարագ մըն էր` դասական երաժշտութեամբ յագեցած, որովհետեւ Պախի, Կրէկի, Վիվալտիի, Սիմառոզի, Փիազզոլայի, Պրահըմսի, Մոնթիի կողքին ներկայ էր նաեւ Մակար Եկմալեան:

Իրօք, հայ թէ օտար երաժշտասէր հասարակութեան ներկայութեան հնչեցին աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործական գոհարները, որոնք մեծապէս գնահատուեցան եւ ծափահարութեան արժանացան:

Յայտագիրը իր պատկառելի բովանդակութեամբ, ըստ էութեան, պերճախօս վկայութիւն մըն էր մատուցուած երաժշտական պատարագին: Փաստօրէն, Էտ. Կրէկի Anitra՛s Dance from Peer Gynt Suite No. 1, Պախի Brandenburg concerto No. 3 (1st mov.) եւ Concerto for 2 violins in D minor, BWV (1st mov.), Սիմառոզայի Concerto a due Flauti Traverse (1st mov.), Վիվալտիի L՛Estro Armonico – Concerto Op. 3, No. 8 a due violin (1st mov.), Փիազզոլայի Tango Café 1930 para Cello y Orquestra, Պրահըմսի Hungarian Dance No. 5, եւ այլ հսկաներու ստեղծագործութիւնները պարզապէս քաղցր ու ջերմ զգացողութեամբ համակեցին հանդիսատեսն ու ամբողջ եկեղեցին:

Արդար է նշել, որ արուեստագէտները Յովհաննէս Գարախանեան, Քամիլ Մուչա, Գարունիկ Ղազարեան, Խաժակ Խաչատուրեան, Ռիմա Սաապ (ջութակ), Ուիսամ Ապտընուր եւ Ժոզէֆ Սըմաան (վիոլա), Մունիր Մահմալաթ, Թաթիանա Քամալ եւ Քլոտ Մըտաուար Սֆէյր (չելլօ), Լոռի Պիլալեան եւ Հրաչ Իսահակեան (ֆլիւթ թրավերս), Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ), Մարիա Տանտուք (սոփրանօ), Իզապէլ Իսահակեան (դաշնամուր եւ խմբավար) եւ ուրիշներ իրենց կատարողական լուրջ արուեստով եւ հմտութեամբ առինքնեցին ներկայ հասարակութիւնը:

Համերգին տուտուկահար Յակոբ Քելուկեան եզակի եւ դիւթիչ ելոյթ մը ունեցաւ` հանրութեան մատուցելով Մակար Եկմալեանի «Ամէն, հայր սուրբ» շարականը, որ աստուածահաճոյ մեղեդիութեամբ զարդարեց եկեղեցւոյ կամարներն ու ներկաներու հոգեկան աշխարհը:

Մատուցուած համերգի աւարտին, երբ երաժշտասէր հանրութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէր արուեստագէտներուն, անոնց դէմքին վրայ նկատելի էր կրկնակի յաղթանակի զգացողութիւնը, որովհետեւ ամիսներու տքնաջան աշխատանքը արդէն իր լրումին հասած էր, եւ կրցած էին նուաճել ներկայ հանրութեան սրտերը:

Իսկ ամէնէն տպաւորիչ արտայայտութիւնը ունեցաւ նուիրեալ ու հայաշունչ արուեստագէտ Հրաչ Իսահակեան, երբ ըսաւ. «Ապրի՛ն բոլորը, բացառիկ ներկայացում էր»: Ան նաեւ աւելցուց, որ «այս համերգը մեր յուսահատութեան յաղթանակն էր»: Այլ խօսքով, ան ուզեց ըսել, որ այս երկիրը ա՛լ դադրած է մշակոյթի երկիր ըլլալէ, որովհետեւ ո՛չ պետական եւ ո՛չ ալ անհատական մակարդակի վրայ չկայ նիւթական ու բարոյական աջակցութիւն: Յայտնապէս, համերգը ամբողջութեամբ անհատական ճիգի ու նուիրումի շնորհիւ կեանքի կոչուած էր, ինչպէս միշտ:

Հրաչին խօսքերը կը բխէին անոր տառապած սրտէն: Ան հաւատացողն է, որ եթէ երբեք այս խմբակը ունենայ ազնուասիրտ բարերարներու օժանդակութիւնը, ապա, հանրութեան կարելի է ներկայացնել դասական երաժշտութեան թաքուն ու բացայայտ այնպիսի գոհարներ, որոնց մատուցմամբ Լիբանանի երկնակամարը կը պայծառանայ, ու առհասարակ կը բիւրեղանայ մարդոց ներաշխարհը:

Այո՛, պատիւ Sinfonietta Beirut-ի բոլոր անդամներուն, որոնք սիրայօժար եւ առանց նիւթականի ակնկալութեան իրենց լաւագոյնը կը մատուցեն` յանուն երաժշտական արուեստի տարածման եւ սերունդներու դաստիարակութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ, անոնք «խենթ»-եր են:

8 յուլիս 2019    

 

Նախորդը

Պաղտատցի Սերոբի Յիշատակին

Յաջորդը

Հայաստանեան Համացանցային Մամուլը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?