Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Յուլիս 1969)

Յուլիս 13, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրթական Հարցեր

Ազատ Ընթերցանութիւն

Դպրոցական տարեշրջանի տարեփակ:

Ամառուան երեք ամիսներու երկար արձակուրդը կրթական եւ դաստիարակչական նոր խնդիրներ կը դնէ ծնողներուն առջեւ: Ի՞նչ ընել, որ զաւակները «պարապ չպտտին» ամբողջ ամառը, ծուլութեան չվարժուին եւ չարութիւններու անձնատուր չըլլան:

Քիչ չէ թիւը այն ծնողներուն, որոնք կը փափաքին իրենց պզտիկները ուղարկել ամառնային վարժարան մը: Նման վարժարան յաճախելը օգտակար կրնայ ըլլալ այն տղոց համար, որոնք վերաքննելի դասեր ունին եւ բարեխիղճ ուսուցիչներու օժանդակութեան կը կարօտին: Այլապէս` անիմաստ է: Կը ճանչնամ մայրեր, որոնք իրար անցած են, որպէսզի իրենց դեռ շատ փոքրիկ զաւակը տեղ մը դնելով` արձակուրդի շրջանին կարենան ազատիլ անոր «խօսք հասկցնելու» տաղտուկէն: Ձմրան ինը ամիսներուն լաւ աշխատած եւ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերած մանուկներու համար ոչ միայն օգտակար չէ այս նոր բանտարկութիւնը, այլ` հակամանկավարժական: Փոքրիկը կրնայ զզուանք զգալ ուսման եւ դպրոցին հանդէպ:

Արձակուրդները ստեղծուած են թարմանալու եւ վերանորոգուելու համար: Մանուկները եւ պատանիները մասնաւորապէս լաւագոյնս պէտք է օգտուին արձակուրդէ մը, որուն արդար իրաւունքը ունին: Արձակուրդը պէտք է դառնայ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կազդուրման շրջան:

Ծնողներուն վրայ որոշ պարտականութիւն կը ծանրանայ` իրենց զաւակներու արձակուրդի ազատ ժամանակը կազմակերպելու: Պիտի առարկուի հաւանօրէն, թէ ամէն ինչ կապուած է նիւթական միջոցներու հետ, եւ թէ` հայ ծնողներուն մեծ մասը ո՛չ սիրտ ունի եւ ո՛չ ալ միջոց` զաւակներուն համար հաճելի ժամանցներ ստեղծելու:

Պէտք է մտածել, սակայն, նուազագոյն զոհողութեամբ մանուկներուն հիմնական պահանջներէն գոնէ մէկ-երկուքը գոհացնելու մասին:

Այդ պահանջներէն գլխաւորը մանուկներն ու պատանիները ընթերցանութեան մղելն է: Առանց մասնաւոր պարտադրանքի եւ պարտականութեան` ազատ ընթերցանութիւնը անփոխարինելի հաճոյք մըն է գրեթէ բոլոր տղոց համար, այն տարիքին, երբ հոգիները ծարաւի են եւ երեւակայութիւնը յանդուգն թռիչքներ ունի:

Գրքերու անհրաժեշտ եւ յարմար պաշար մը` ամրան արձակուրդի ամիսներուն. ահա՛ անհրաժեշտ պայմաններէն մին` արձակուրդի պարապը լեցնելու: Ազատ ընթերցումի վարժութիւնը տալով մեր զաւակներուն` օգտակարը խառնած կ՛ըլլանք հաճելիին:

Աւելորդ է խօսիլ ընթերցանութեան բազմապիսի օգտակարութեանց մասին: Ամէն մարդ ծանօթ է գրքերու ընծայած բարիքին: Գիրքերը որքան մտքի լոյս կը հայթայթեն, նոյնքան եւ` հոգիի սնունդ: Ամբողջ խնդիրը յարմար գիրքերու պաշարը ստեղծելն է:

Այս կէտին վրայ, դժբախտաբար, մենք լուրջ դժուարութիւններու կը բախինք: Հայ գրականութիւնը աղքատ է մանկապատանեկան մատենաշարով: Հարցուցէք կրթական մշակներուն, թէ հայերէն ի՞նչ գիրքեր կը յանձնարարեն ամրան արձակուրդի շրջանին. քանի մը անունէ զատ` ուրիշ նոր գրքեր պիտի չկարենան մատնանշել: Այդ քանի մը հատորներն ալ, շատ հաւանօրէն, տղաքը կարդացած կ՛ըլլան դպրոցական տարեշրջանին:

Դժբախտ իրողութիւնը այն է, որ դեռահաս սերունդը այսօր հայերէն շատ քիչ կը կարդայ: Եթէ կարելի ըլլար գիւղագնաց հայ ընտանիքներուն պայուսակները բանալ, անոնց մէջ մէկ հայերէն գիրքի դիմաց պիտի գտնէինք տասնեակ մը ֆրանսերէն կամ անգլերէն հատորներ: 10-12 տարեկան հայ մանուկը կը դադրի հայերէն գիրք կարդալէ` ընդհանուր առմամբ:

Եթէ այս իրողութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը սերթիֆիքաներ եւ պըրվէներ պատրաստող ծրագրին է, երկրորդ հիմնական պատճառը ամէն տարիքի յատուկ գրաւիչ հայ գրքերու պակասը կարելի է համարել: Ցաւ մը, որու մասին կը խօսինք ու կը գրենք տարիներէ ի վեր` առանց զայն դարմանելու: Չունեցանք այս ուղղութեամբ գործող հրատարակչական տուն: Երբեմն-երբեմն երեւցող անհատական նախաձեռնութիւնները հեռու են բաւարարութիւն տալէ զգացուող մեծ պահանջին:

Հայ լեզուն կենդանի եւ ծաղկեալ պահելու եւ հայ հոգին մեր մանուկներուն փոխանցելու համար չկայ աւելի անմիջական եւ ազդու միջոց, քան` ընթերցանութեան հրապոյրը: Իսկ այդ հրապոյրը ո՛չ խրատով կը ստեղծուի, ո՛չ քարոզով: Գիրքը հարսնցու աղջկան կը նմանի. ինքզինք պիտի սիրցնէ եւ հաւնուի: Պիտի ըլլայ արտաքինով ներկայանալի եւ բովանդակութեամբ առինքնող, առնուազն` հետաքրքրական:

Դիւրին է խօսքը ուղղել ծնողնելուն եւ ըսել. «Ձեր զաւակները մղեցէք, որ հայերէն կարդան»: Այս բաղձանքը լայն չափով կ՛իրագործուի այն ատեն միայն, երբ մենք կարենանք ծնողներուն ներկայացնել մանկապատանեկան հայերէն գրքերու ճոխ մատենադարաններ:

Դասերէն եւ օրուան պարտականութիւններէն ձերբազատած հայ մանուկն ու պատանին մայրենի բարբառով գրքի կարօտն ունին:

Ամէն դպրոցական շրջանի տարեփակ նոր առիթ մըն է, որ կրկին ու կրկին անդրադառնանք այս կենսական կարիքին:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լեզուի Կոմիտէն Պիտի Ունենայ Համացանցի Պաշտօնական Կայք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?