Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1969)

Յուլիս 11, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վիքթոր Հիւկօ Եւ…
Ռուսինեան

Գալ տարի, փետրուարին կը լրանայ 140-ամեակը «Էռնանի»-ի առաջին ներկայացման:

Արդարեւ, այս թատերախաղը, որ կը համարուի Հիւկոյի գլուխ-գործոցը, առաջին անգամ բեմադրուեցաւ 1830 փետրուար 25-ին, «Թէաթրը Ֆրանսէ»-ի մէջ` դասականներուն եւ ռոմանթիքներուն յաղթանակով:

Կրնամ ըսել, որ Հիւկօ իրմով լեցուց, գրեթէ լիացուց ամբողջ ԺԹ. դարը: Իր համբաւը հետզհետէ տարածուեցաւ ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ Եւրոպայի սահմաններէն դուրս եւ ի վերջոյ դարձաւ տիեզերական: «Թշուառներ»-ը անցեալ դարուն տեսակ մը աւետարան էր շատերուն համար:

Չկայ հայ մը, թէ իսկ` անգրագէտ, որ անգամ մը գոնէ լսած չըլլայ Հիւկոյի անունը: Արփիար Արփիարեան մեզմէ շուրջ եօթանասուն տարի առաջ, 1900-ին կը գրէր Լոնտոնի «Նոր Կեանք»-ին մէջ:

«Երբ Նար-Պէյ Խորէն եպիսկոպոսին, որ Փարիզէն վերադարձած էր, կը հարցնէինք.

«Սրբազա՛ն, Վիքթոր Հիւկօ Արեւելքի մասին իր խօսած ճառերուն մէջ միշտ Ալպանիա, Պոսնիա, Հերցեկովինա, Կրետէ կը գոչէ` առանց երբեք հայը միտք բերելու: Այդ ժողովուրդները ո՛չ իսկ Հիւկոյի մը գոյութենէն լուր ունին, մինչ Հայաստանի գիւղացիները անգամ ոչ միայն Հիւկոյի անունը լսած են, այլեւ «Թշուառներ»-ը գոց գիտեն:

«Սկեպտիկութեան ու զգայնութեան խառնուրդ ժպիտով մը Նար-Պէյ պատասխանեց.

«Դեռ կաթիլ մը արիւն չէք թափած ձեր ազատութեան համար, կ՛ըսէ Հիւկօ:

«Օ՜հ, այդ արիւնը ետքէն ո՛չ թէ կաթիլ-կաթիլ, այլ աղբերաբար հոսեցաւ, բայց Ֆրանսա Հիւկօ մը չունէր, որ ցնցէր մարդկութիւնը»:

Շատ խոր էր Հիւկոյի հմայքը մեր մէջ: Իր մեծարժէք վէպը` «Թշուառներ», հրատարակուած 1862-ին, այդ թուականէն ընդամէնը 3-4 տարի ետք հայերէնի թարգմանուեցաւ զմիւռնիացի լեզուագէտ հայու մը` Գրիգոր Չիլինկիրեանի կողմէ: Ժան Վալժանը, Պիենվընիւ եպիսկոպոսը, Ֆանթինը, Քոզեթը, Ժաւեռը ընտանի դէմքեր դարձան մեզմէ առջի սերունդներուն համար:

Պէրպէրեան տեղ մը գրած է, որ իր բարեկամներէն մէկը ըսած է իրեն. «Երբ «Թշուառներ»-ու ընթերցումը աւարտեցի, այնքան ազդուեցայ, որ սկսայ թշուառներ փնտռել` անոնց օգնութեան հասնելու համար»:

Այս վկայութիւնը եւս կը հաստատէ այն մեծ ու խոր ժողովրդականութիւնը, զոր Հիւկոյի անձը եւ գործը կը վայելէին մեր ժողովուրդին վերի խաւերուն մէջ, մեզմէ դար մը առաջ:

«Թշուառներ»-էն ետք հայերէնի թարգմանուեցաւ նաեւ «Ռիւյ Պլաս»-ը: Թարգմանիչը` Նահապետ Ռուսինեան կը պատկանէր այն սերունդին, որ գրական սկզբունքներէ աւելի` 48-ի յեղափոխութեան ընկերային ու հանրավարական գաղափարները կ՛ուզէր փոխադրել մեր մէջ: «Ռիւյ Պլաս»-ը, առանձին հատորով եւ «հաճութեամբ հեղինակին», հրատարակուեցաւ Պոլիս, 1873-ին:

Այս որձեւէգ հայերէնը, որով կը գրէր, կը խօսէր ու կը թարգմանէր Ռուսինեան, տեսակ մը խառնուրդ` գրաբարի, աշխարհաբարի եւ… արմեներէնի, հիմա արդէն գրեթէ անհասկնալի է: Իր նամակը` ուղղուած «առ տիար Վիքթոր Հիւկօ», կցուած է Ռիւ Պլասի թարգմանութեան: Գաղափար մը տուած ըլլալու համար թէ՛ այդ հայերէնին եւ թէ՛ այն խոր հիացմանը մասին, զոր Ռուսինեան եւ իր ժամանակակիցները կը տածէին, գարուն «փայլակնացայտ հանճար»-ին հանդէպ, կ՛արտագրեմ  Ռուսինեանի նամակը իր իսկ թարգմանութեամբ.

«Վարպե՛տ,

«Կը ներէք արեւելցւոյ մը Ձեր փայլակնացայտ հանճարէն նշոյլ մ՛հաղորդել իր հայրենակցաց հրաման շնորհելով յարմենիկ բարբառ թարգմանելու Ձեր անմահ գործերէն մէկը ՌԻՒ ՊԼԱՍ:

«Փառք անձին տի գրէ թարգմանիչն ըզՁեր համակրութեան այդ նշանակը վասն իր համազգի եղբարցն Հայկազուն, որք մերթ փայլեցան Շողելից «Արեւելք, Բ. Թ.) յանկիւն, առ ստորոտով Արարատ լերին` օրրան մարդկութեան, բայց որք` ընկղմեալ յայնմհետէ, աւա՜ղ, ի քուն մեռելատիպ, կը բանան հուսկ արդ արտեւանս զմայլ ընդ պայծառ արեւ ֆռանկ աշխարհկրթութեան, զորոյ ի Ձեզ իսկ կը տեսնեն, Վարպե՛տ, յոյժ գեղաճաճանչ ճառագայթումը»:

Նամակը գրուած է «29 Մրրկեր 1873»-ին: Մրրկերը վեցերորդ ամիսն է Ֆրանսայի «հանրապետութեան տարի»-ին (19 փետրուարէն 20 մարտ):

Վիքթոր Հիւկօ Ռուսինեանի այս նամակին կը պատասխանէ չորս ամիս ետք: Ահա՛ նաեւ այդ պատասխանը` դարձեալ Ռուսինեանի թարգմանութեամբ.

«Առ տիար Ռուսինեան,

«Ձեր ազնիւ եւ պերճախօս նամակը, տիա՛ր, խիստ ուշ ձեռքս հասաւ. այսօր ընկալայ եւ անմիջապէս կը պատասխանեմ:

«Կը սիրեմ ես զԱրեւելք, գիտէք արդէն, եւ աչվիս (աչքերս, Բ.  Թ.) ստէպ կը դառնան դէպ այդ երկիրն արշալուսոյ: Սխրալի է ինձ տեսնել ՌԻՒՅ ՊԼԱՍ-ին արմեներէն թարգմանութիւնը, եւ կ՛արտօնեմ զՁեզ տպագրութեամբ ի լոյս զայն ընծայելու:

«Եթէ վաճառումն արդիւնք բերէ, որոշեցէք դուք ձեզէն` ինչ որ արդար կը դատիք` իմ հեղինակի բաժինս ու տուէք զայն աղքատաց»:

Հիւկոյի պատասխանը գրուած է «4 հնձար 1873»-ին: Հնձարը տասներորդ ամիսն է «հանրապետական տարի»-ին (20 յունիսէն 19 յուլիս): Աւելորդ է ըսել, թէ երկու ամսանուններն ալ` Մրրկեր եւ Հնձար, Ռուսինեանի կողմէ յարմարցուած են:

Չենք ուզեր ծանրաբեռնել այս սիւնակը «Ռիւ Պլաս»-ի հայերէն թարգմանութենէն մէջբերումներ ընելով: Կ՛ուզենք միայն յիշեցնել, թէ թարգմանութիւնը կատարած ատեն Ռուսինեան շինած է բազմաթիւ նոր բառեր, որոնցմէ ոմանք սկսան գործածուիլ հետագային, իսկ միւսները մնացին գրքի էջերուն մէջ ամրափակ:

Այսպէս, մեր աշխարհաբարին մէջ մտան Ռուսինեանի նորակերտ բառերէն կեղծամը (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` կեղծծամ, քանի որ, ըստ կազմութեան, կեղծամ կը նշանակէ կեղծ տարի, որ ուզուած իմաստը չունի), բազկաթոռը, կողեկը, ապակեդրոնացումը, թերթօնը, թաքստոցը, արմկայեցը, տիարը եւ այլն: Անցողակի յիշեցնենք, որ բառ շինելու մասին Ռուսինեանի ճարտարութիւնը կը հաստատէ Յակոբ Պալեան` Փարիզէն գրած իր մէկ նամակին մէջ, ուր կ՛ըսէ.

«Առանց Ռուսինեանի բառ կ՛ստեղծվի՞ մի»:

Հայ ժողովուրդը կը սիրէ Հիւկոն` զայն քիչ մը ի՛րը համարելով: Մեծութիւններու հանդէպ հիացումը մաս կը կազմէ մեր ցեղային առաքինութիւններուն, մանաւանդ երբ այդ մեծութիւնները օտար են եւ մեզմէ հեռու:

Հայաստանի մէջ իսկ, ուր Րաֆֆին բանադրուեցաւ 1951-ին իբրեւ… «իմպերիալիստ», հայերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է «Թշուառներ»-ը: Իսկ Մոսկուա մեծաշուք հանդիսութիւններով ոգեկոչեց Հիւկոյի յիշատակը 1952-ին, ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, անոր անունով նամականիշ հրապարակ հանեց եւ բանաստեղծին գովքը հիւսել տուաւ Իլիա Էհրենպուրկի: Մինչեւ իսկ չինական համալսարան մը պարտք համարեց պաշտպանելու Հիւկոյի գրական ժառանգութիւնը:

Շատ բան գրուած է Հիւկոյի անձին եւ գործին թեր կամ դէմ: Ոմանք ուրացան իր հանճարին «գեղաճաճանչ ճառագայթումը», ուրիշներ շատ բան գտան իր մէջ դիմացկուն, աւելի ուրիշներ իր դարուն մեծագոյն դէմքը, գրեթէ մարգարէ մը նկատեցին զինք:

Ինչ որ ալ առնէ տանի ժամանակը Հիւկոյի գործէն, միշտ բան մը պիտի մնայ սակայն անկէ:

Եւ այդ «բանը» կը բաւէ կանգուն պահելու ողբերգութիւն եւ փառք տեսած այս մարդուն անունը թէ՛ իր ժամանակին մէջ եւ թէ՛ իր ժամանակէն դուրս»:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Օգնել Երեխային, Որպէսզի Յաղթահարէ Իր Դժուարութիւնները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In