Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յուլիս 10, 2019
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վանի Վարժապետանոցը Եւ Երկրագործական
Ու Կեդրոնական Վարժարանները
Վանի Վարժապետանոցը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Սեւ Խաչ Կազմակերպութեան Գործունէութիւնը

Վասպուրականի հայոց առաջնորդ Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Խրիմեան համեստ կեանք մը կը վարէր իր առանձնասենեակին մէջ:

Հայրիկի կացարանը հողաշէն, ցած առաստաղով սենեակ մըն էր, ձէթոտած թուղթով պատուած փայտաշէն երկու պատուհաններով: Լոյսը այդ թուղթերէն ներս կը թափանցէր եւ խորհրդաւորութիւն մը կու տար սենեակին: Պատերէն կախուած էին Հայրիկի եւ ազգային պատմական դէմքերու նկարներ: Պատերուն մէջ կային չորս պահարաններ, որոնց մէջ շարուած էին գիրքերը: Իբրեւ կահաւորում կար ցածկեկ փոքր սեղան մը, որուն առջեւ Հայրիկ նստելով կը կարդար, կը գրէր եւ սուրճ ու թէյ կը խմէր: Գիշերը կանուխ կը քնանար եւ առտու կանուխ կ՛արթննար:

Հայրիկ պարզակենցաղ էր. անոր ճաշը գրեթէ ամէն օր իր սիրած թանապուրն էր: Սեղանակից հիւրերը անպակաս կ՛ըլլային:

Հայրիկ բնութեան սիրահար էր եւ ամէն օր ճաշէն ետք իր սպիտակ ձին կը հեծնէր եւ պտոյտի կ՛ելլէր մօտակայ գիւղերն ու դաշտերը: Գիւղացիներու տուները կը մտնէր, մտերմաբար անոնց հետ կը զրուցէր եւ իւրաքանչիւրին վիճակով կը հետաքրքրուէր:

Հայրիկ, որ նախապէս ամուսնացած էր եւ կնոջ մահէն ետք կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր, կը շարունակէր հաւատարիմ մնալ կողակիցի յիշատակին եւ զգացականօրէն կապուած էր անոր ընտանեկան պարագաներուն, որոնց յաճախ այցելութիւններ կը շնորհէր:

Հայրիկ ուր որ երթար կը յորդորէր, որ երիտասարդութիւնը պանդխտութեան չդիմէ եւ հողին ու հայրենի օճախին կապուի:

Հայրիկ կանոնաւոր յաճախակիութեամբ քաղաքի եւ գիւղերու եկեղեցիները կ՛այցելէր, կը պատարագէր, կը քարոզէր եւ յետոյ ալ ժողովուրդին հետ կը զրուցէր եւ իւրաքանչիւրին հարցերով կը հետաքրքրուէր:

* * *

Մկրտիչ Փորթուգալեան

Վանի Վարժապետանոցը, բացուած` 1 յունուար 1879-ին, Մկրտիչ Փորթուգալեանի տեսչութեամբ, լուսաւորութեան եւ վերածնութեան կեդրոն դարձաւ: Աշակերտներ կ՛ընդունուէին Վանէն եւ շրջակայ ու հեռաւոր գաւառներէն: Նպատակն էր Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ բոլոր շրջաններէն աշակերտներ հաւաքելով եւ զանոնք վանեցիներու հետ կրթելով, Վանը մտաւորական կեդրոնի վերածել: Շրջանաւարտները սերտ կապեր պիտի պահպանէին իրարու հետ: Վարժապետանոց պիտի ընդունուէին նաեւ թուրք, քիւրտ եւ ասորի տղաք, եւ այսպիսով ամբողջ երկիրն ու ժողովուրդը պիտի միանար:

Ծրագիրը սկսաւ գործադրուիլ եւ քանի մը թուրք աշակերտներ ընդունուեցան դպրոց:

Կրթական ծրագիրը կ՛ընդգրկէր հայերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներ, բնական գիտութիւններ եւ մարմնամարզութիւն:

Փորթուգալեան տեսուչ եւ ուսուցիչ էր: Ան դասերէն ետք դասախօսութիւններ կու տար եւ հայրենասիրական ճառեր կ՛արտասանէր:

Վարժապետանոցը, ներքին եւ արտաքին պատճառներով, 1880-ի վերջաւորութեան փակուեցաւ:

Խօսելով վարժապետանոցի փակման մասին Միքայէլ Վարանդեան կ՛ըսէ, որ ինքը` Փորթուգալեան միանգամայն համոզուած էր, որ այդ համակրելի ձեռնարկի խափանումը հայ դաւադրութեան հետեւանք մըն էր: Բայց միւս կողմէ հաւանական էր, որ Փորթուգալեան ինքն ալ մեծապէս նպաստած էր հակառակորդներու դաւերուն, իր չափազանց ազատ կեցուածքով եւ ծայրայեղ քարոզչութիւններով:

Վարանդեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ շրջահայեացութիւնն ու խոհականութիւնը, աւա՜ղ, հայ գործիչի առաջնակարգ առաքինութիւններէն չեն: Վասպուրականի սրտին մէջ ապստամբութեան շեփորը կը հնչեցնէին տանիքներու վրայէն:

Վարժապետանոցի փակումէն ետք Փորթուգալեան Թիֆլիս փոխադրուեցաւ: Այնուհետեւ ան անցաւ Պոլիս:

Վանի Երամեան վարժարանը

Համբարձում Երամեան, որ Կարմրաւորի վանքին մէջ որբանոց բացած էր, 1880-ին Վանի մէջ իր սեփական Երամեան վարժարանը բացաւ:

* * *

Հայրիկ մտքին մէջ գեղեցիկ գաղափար մը յղացած էր երկրագործական վարժարան մը հիմնելու եւ մասնագէտ հողագործներ ու գիւղատնտեսներ հասցնելու, հողամշակութեան ու գիւղատնտեսական աշխատանքներուն զարկ տալու նպատակով:

Այդ գաղափարով ալ ան դիմեց Պոլիս, Հայաստանի սովելոց խնամանատար կեդրոնական յանձնաժողովին եւ օժանդակութիւն խնդրեց: Յանձնաժողովը սիրով ընդառաջեց:

Հայրիկ նորոգել տուաւ Վարագայ վանքին  Ժառանգաւորաց վարժարանի շէնքը եւ զայն օժտեց լուսաւոր դասարաններով, ննջարաններով ու գիշերօթիկ յարմարութիւններով օժտուած դպրոցի:

Վարագայ վանքը. աշակերտներ եւ մշակներ

Հայրիկ 1 նոյեմբեր 1880-ին Վարագայ վանքին մէջ պաշտօնական հանդէսով մը բացումը կատարեց Երկրագործական վարժարանին:

Վարժարանին տեսուչ կարգուեցաւ Խորէն Խրիմեան: Կովկասէն հրաւիրուեցաւ մասնագէտ գիւղատնտես Նշան Մատաթեան: Իբրեւ ուսուցիչ հրաւիրուեցան Կարապետ Փիլիպոսեան, Սահակ Այվատեան, Դաւիթ Շաքարեան եւ Մարտիրոս Տէր Մկրտիչեան:

Վանի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոս Կոստանդին Կամսարական անձնապէս հարիւր ոսկի նուիրեց նորաբաց վարժարանին: Վանի հայ վաճառականներէն ալ հանգանակուեցաւ 250 ոսկի: Հայրիկ, որ իբրեւ նախկին պատրիարք պետութենէն ամսական 25 ոսկի կը ստանար, իր ռոճիկները յատկացուց վարժարանին:

Հայրիկ նամակներ գրեց Մարսէյի, Վիեննայի եւ Մանչեսթըրի գաղութներու ազգայիններուն, խնդրելով որ Վարագայ Երկրագործական վարժարանին մեքենաներ նուիրեն:

Նախատեսուած էին հերկելու, հնձելու, կամնելու, խոտ ու յարդ մանրելու մեքենաներ եւ երկրագործական անհրաժեշտ գործիքներ:

Մանչեսթըրի հայ վաճառականները հնձելու մեքենայ մը նուիրեցին: Վանեցի Մկրտիչ Սանասարեան ստանձնեց վճարել Նշան Մատաթեանի տարեկան կրթաթոշակը` հազար ռուբլի: Ղզլարցի Յովսէփ Իզմիրեանց 50 ոսկի նուիրեց, իսկ Փոթիի վաճառականներէն Կարապետ Պոպով` 60 ոսկի:

Վարժարանը ունէր երեսուն աշակերտ: Գիւղատնտես Նշան Մատաթեանի ղեկավարութեամբ սաներն ու վանքին հողագործները կը մշակէին վանապատկան հողերը: Կը ցանէին գլխաւորաբար հացահատիկ եւ ընդեղէններ. զարգացած էր նաեւ բանջարաբուծութիւնը եւ պտղաբուծութիւնը: Հայրիկ անձնապէս կը մասնակցէր հողագործական աշխատանքներուն, կը վարէր, կը ցանէր, կը հնձէր, ծառ կը տնկէր,  ածուները կը ջրէր եւ կէսօրուան տօթին ալ վանքի մշակներուն հետ, ծառի մը շուքին կամ առուի մը ափին նստելով թանապուր կ՛ուտէր:

Վարագայ վանքին մէջ զարգացած էր անասնապահութիւնը եւ յատկապէս ոչխարաբուծութիւնը:

* * *

Վասպուրականի գիւղացիներ կալի աշխատանքի ընթացքին

Մկրտիչ Փորթուգալեան 1881-ի գարնան Պոլիսէն վերադարձաւ Վան:

Փորթուգալեանի, Հայրիկի ու ռուսական հիւպատոս Կոստանդին Կամսարականի համատեղ ջանքերով նոյն օրերուն բացուեցաւ Վանի Կեդրոնական վարժարանը:

Կոստանդին Կամսարական դիւանագէտի եւ հզօր ու յաղթական պետութեան ներկայացուցիչի իր հանգամանքով հեղինակութիւն էր եւ մեծ յարգանք կը վայելէր հայ եւ թուրք ու քիւրտ շրջանակներէն ներս: Ան իր ազդեցութիւնը կը գործածէր վալիին, զինուորական հրամանատարին եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մօտ` ի նպաստ հայութեան, եւ բացայայտ կերպով շատ մը հայ բանտարկեալներու ազատ արձակումը դիւրացուցած էր: Ան նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց Փորթուգալեանի` վարժարանի բացման համար:

Կեդրոնական վարժարանը ունեցաւ 70 աշակերտ, որոնցմէ քսանը` անվճար: Աշակերտները անվճար ստացան դասագիրքեր ու գրենական պիտոյքներ:

Պաշտօնի հրաւիրուեցան 16 ուսուցիչներ: Կրթական ծրագիրը կ՛ընդգրկէր աշխարհագրութիւն, գծագրութիւն, բնագիտութիւն, քննական պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, հողագործութիւն, թուաբանութիւն, հայոց պատմութիւն, օսմանեան օրէնսդրութիւն, մարզանք, երկրաչափութիւն, հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն:

Խրիմեան Հայրիկ նոյն ժամանակ, 1881-ին, Վանի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ հիմնել տուաւ օրիորդաց Շուշանեան վարժարանը:

* * *

Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան յաճախակիօրէն դիմումներ կ՛ընէր Պոլսոյ մէջ եւրոպական մեծ պետութեանց դեսպաններուն, յատկապէս` Բրիտանիոյ դեսպանին, որպէսզի Պերլինի դաշնագիրի 61-րդ յօդուածի գործադրութեան համար ճնշում բանեցուի սուլթանին վրայ:

Անգլիոյ դեսպանը խոստումներ կու տար պատրիարքին, կը յուսադրէր զայն եւ համբերութիւն կը յանձնարարէր: Դեսպանին եւ պատրիարքին միջեւ տեսակցութիւնները երկարեցան մինչեւ 1881 նոյեմբեր, մինչեւ որ օր մըն ալ դեսպանը հետեւեալ պատասխանը տուաւ պատրիարքին. «Խօսեցայ սուլթանին, յայտնեց, թէ իմ տունս բարեկարգել եմ պարտքս ու փափաքս է, բայց հիմա քաղաքական շատ խնդիրներով զբաղած եմ, չեմ կրնար երկրիս մէջ բարեկարգութիւններ մտցնել, նիւթապէս եւ բարոյապէս անկարող եմ, ուստի պէտք է սպասել ժամանակին»:

Դեսպանին պատասխանը սրտաբեկութիւն պատճառեց պատրիարքին, բայց իբրեւ վերջին փորձ երբ դեսպանին յիշեցուց իր խոստումները ի պաշտպանութիւն հայոց դատին, հետեւեալ պատասխանը ստացաւ անկէ. «Անգլիոյ կառավարութիւնը հայկական խնդրոյն համար չի կրնար զէնք բարձրացնել սուլթանին դէմ»:

Այս պատասխանը յուսահատութեան մատնեց Ներսէս պատրիարքը:

Օրմանեան կը գրէ. «Հայկական խնդրոյն այս ձախողուածը, թուրք կառավարութեան մերազնէից հանդէպ բռնած հակակիր վերաբերմունքը, անգլիական դեսպանին վհատեցուցիչ պատասխանները ազգը երկու կուսակցութեանց բաժնած էին. մէկը կը բաղձար դեսպաններու մշտատեւ դիմում` հայկական խնդիրը կենդանի պահելու համար, միւսը կ՛ուզէր Բարձրագոյն դրան հետ ազգին յարաբերութեանց մշակում: Այս պառակտուած վիճակին չկրնալով հանդուրժել, Վարժապետեան կը քաշուի գործէ եւ իր հրաժարականը կը մատուցէ Բարձրագոյն դրան, բայց չ՛ընդունուիր: Կառավարութիւնը կ՛ուզէր վերահասու ըլլալ թէ` ազգը ամբողջութեամբ համակի՞ր թէ հակակիր էր Ներսէսին»:

Ներսէս պատրիարք շաքարախտէ կը տառապէր, եւ դեղերն ալ կանոնաւոր կերպով չէր առներ: Միւս կողմէ, կառավարութիւնը ինչ ինչ դժուարութիւններ կը ստեղծէր, որոնք վիշտ ու տառապանք կը պատճառէին պատրիարքին:

Հիւանդութիւնն ու կառավարութեան ստեղծած դժուարութիւնները ստիպեցին պատրիարքը, որ 13 նոյեմբեր 1881-ին իր հրաժարականը ներկայացնէ:

Հրաժարականը չընդունուեցաւ, բայց պատրիարքը երկար յամառեցաւ անոր վրայ:

* * *

Վանի մէջ գործող Սեւ խաչ կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն էր ժողովուրդին մէջ ինքնապաշտպանութեան ոգին տարածել, ունէր իր ակումբը, ուր տեղի կ՛ունենային հանդէսներ, յեղափոխական երեկոյթներ եւ դասախօսութիւններ: Դասախօսներէն յիշուած են Պոլսոյ Օրթագիւղի շրջանէն Վան ժամանած Տաճատ Գնթունի Պէյլէրեան եւ Կովկասէն ժամանած Գալուստ: Անոնք իրենց կրակոտ ու ռազմաշունչ ճառերով կ՛ոգեւորէին երիտասարդութիւնը:

Վանի հայութիւնը ամէն տարի մեծ շուքով կը տօնէր Ազգային սահմանադրութեան տարեդարձը: Սեւ խաչ 24 մայիս 1882-ին սահմանադրութեան տարեդարձը տօնեց ժողովրդական եւ յեղափոխական ցոյցերով ու հանդէսներով:

Ականատես Յարութիւն Ճանկիւլեան կը գրէ. «1882-ին Սեւ խաչ կազմակերպութիւնն որոշած էր սահմանադրութեան 22-րդ տարեդարձը կատարել Վարագայ վանքին մէջ: Հանդէսին պատրաստութիւնը երկու ամիսէն աւելի տեւեց, որովհետեւ 80-ի չափ զինուորական հագուստներ պատրաստուեցան, որոնց կէսը հեծեալ եւ կէսը հետիոտն կը վերաբերէին իբր ոստիկան զինուորներ: Հեծեալները թափօրին երկու կողմէն պիտի քալէին` իբր կարգապահութեան հսկիչներ: Ամէնքն ալ գրեթէ զինուորական մարզանքներով վարժուած էին իբր զինուորներ, ունենալով իրենց սպաները, ենթասպաներն ու տասնապետները:

«Կիրակի առաւօտ (24 մայիսին), ըստ որոշման, Վանայ մէջ գտնուած ինն ընկերութիւնները` Արծրունեան, Խորէնեան, Ուսումնասիրաց, Կրթասիրաց, Արհեստասիրաց, Հայկազնեան, Արամեան եւ այլն իրենց անդամներով եւ դրօշներով պիտի հաւաքուէին Այր Յարոյց (Արարուց) եկեղեցիին հրապարակը: Որոշեալ ժամուն կը հասնէին ընկերութիւնները իրենց դրօշներով եւ ամբողջ անդամներով: Թափօրին առջեւէն կ՛երթային քանի մը սրինգ զարնողներ, ուրկէ վերջ կու գային հետիոտն զինուորները կամ ոստիկանները` իրենց զէնքերով. անկէ վերջ կու գային ընկերութիւններ խումբ խումբ, իսկ հեծեալ զօրքերը` թափօրին չորս կողմէն, ու թափօրը ճամբայ կ՛ելլէր դէպի Վարագայ վանքը, ուր սահմանադրութեան հիմնադիրներուն համար հոգեհանգիստ մը կատարուեցաւ եւ վերջը սեղանն սկսաւ: Սեղանէն մէկ ժամ վերջ իսկոյն սկսան ճառախօսութիւններ, հայկական երգեր, անկէ վերջ սկսան պարերն եւ զբօսանքը: Երեկոյեան թափօր մը կազմուեցաւ. Խրիմեանենց տան առջեւն հասած էր: Խրիմեանին ձօնեալ մասնաւոր երգն երգուելէ եւ կեցցէ՜ Խրիմեան ըսելէ վերջ թափօրը մեկնեցաւ: Կոստանդին Կամսարական պէյի տան դիմաց կեցցէ՜ Կամսարական պէյ ըսելէ վերջ, այլ եւս թափօրը ցրուեցաւ»:

Սեւ խաչ կազմակերպեց նաեւ Աղթամարի Խաչատուր Բ. կաթողիկոսի դրամական հարստութեան կողոպուտը, այն հիմնաւորումով որ կաթողիկոսը Կովկասէն եկած գործիչներ Գալուստի եւ Պաղտասարի կատարած աշխատանքներուն ու քարոզչութեան շուրջ մատնանշում կատարած էր կառավարութեան մօտ:

 

 

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Հայրերու Օր

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?