Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

December 23, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ պաշտպանութեան նախարարը` հարաւի մէջ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ յատկապէս ֆրանսական զօրամասին դէմ գործուած պայթումէն ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խորհրդանշական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան եւ այցելեց Տէյր Քիֆայի մէջ տեղակայուած ֆրանսական զօրամասին կեդրոնը:

Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցան պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն:

Հարաւային Լիբանանի մէջ նախագահ Սլէյման դիմաւորուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի փոխհրամանատար Սենթի Պոն Վենթիի կողմէ:

Տէյր Քիֆայի ֆրանսական զօրամասի կեդրոնին մէջ

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Սուրի մէջ տեղի ունեցած պայթումին ընթացքին վիրաւորուած ֆրանսացի հինգ զինուորներուն հետ:

Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց իր դատապարտումը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հարուածող այս պայթումին առումով, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումը խստիւ մերժելի է եւ պէտք է անպայման ձերբակալել յանցագործներն ու զանոնք փոխանցել դատական իշխանութիւններուն:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը արդէն իսկ տուած է պաղեստինեան գաղթակայաններէն դուրս գտնուող զէնքի թղթածրարին լուծումը` աւելցնելով, որ իր այս յայտարարութեամբ ինք պաղեստինեան կողմերը չ՛ամբաստաներ հրթիռարձակում կատարելու յանցանքով, սակայն պէտք է նաեւ նկատի ունենալ, որ երկրին մէջ կան այնպիսի վայրեր, ուր լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար մուտք գործել:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն փոխհրամանատարը հաստատեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ յարձակում գործող եւ զանոնք ահաբեկչական արարքներու թիրախ դարձնող կողմերուն նպատակը ոչ միայն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը խոչընդոտել է, այլ նաեւ խանգարել հարաւային Լիբանանի եւ սահմանային Կապոյտ գիծին խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, որ կարելի եղած է հաստատել եւ պահպանել միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին կողմէ:

Նախագահ Սլէյման այցելեց նաեւ Ղանտուրիէ գիւղաքաղաքը, ուր հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանող հիմնական երեք յատկանիշներն են լիբանանեան բանակը` իր միասնականութեամբ, համախոհական ժողովրդավարութիւնն ու երկրին ելեւմտական ու տնտեսական դրութիւնը:

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ՄԱՐԶԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼՈՒ

Յաջորդը

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ Յ ԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎՐԱՅ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏՈՎ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.