Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս Թիւ 43. Ամավերջի Հանդէսներէն Ետք…

Յուլիս 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կրթական տարեշրջանը աւարտած է արդէն: Հանդէսներ, պետական քննութեանց արդիւնքներ, համալսարան մուտքի նախապատրաստական աշխատանքներ կլանած են ծնողներու առօրեան: Անդին, կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուներ եւ մարմիններ ծանրաբեռնուած են նոր տարեշրջանի մտահոգութիւններով, սպասելիքներով, ակնկալութիւններով եւ տնտեսական անկանխատեսելի դժուարութիւններու յաղթահարման փնտռտուքով:

Համալիբանանեան իմաստով կրթական մարզը կը գտնուի աննախընթաց մարտահրաւէրներու դիմաց, եւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան խիստ կենսական աշխատանքը կը դիմագրաւէ առարկայական լուրջ դժուարութիւններ, որոնք արդիւնք են Լիբանանին սպառնացող ընկերային-տնտեսական ցարդ անմխիթար մնացող ու տակաւ յամեցող կացութեան:

Իրերու այս կացութենէն ու թոհուբոհէն բնականաբար հայ վարժարանը անմասն չէ եւ բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքը ունի համագաղութային անվերապահ աջակցութեան ու զօրակցութեան: Այստեղ, պատասխանատուութիւնը համահաւասար ձեւով կը բարդուի պատասխանատուներուն, ծնողներուն եւ հայ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող անհատներուն վրայ: Բոլորն ալ կը գիտակցին, որ կացութեան յաղթահարումը հաւաքական պատասխանատուութեան գերխնդիր է եւ գաղութային առաջնահերթ օրակարգ: Քննարկումները, ախտաճանաչումները, առաջարկները, պատկերացումները օգտակար ու տեղին նկատելով հանդերձ, դէմ յանդիման կը գտնուինք ժամանակի հետ մրցումի: Պահը այս փուլին կը թելադրէ իրատես, նպատակասլաց, անկեղծ ու պատասխանատու մօտեցում բոլորին կողմէ անխտի՛ր եւ կը թելադրէ անմիջապէս ու լիարժէք կերպով աշխատանքի լծուելու անհրաժեշտութիւն:

Կասկածէ վեր է, որ հայ դպրոցը լիբանանահայ գաղութին նկարագիրը կերտող ու անոր համահայկական դերակատարութիւնը երաշխաւորող անփոխարինելի կառոյց է: Առանց այս կրթական ցանցի առկայութեան, գաղութը շատո՜նց կորսնցուցած պիտի ըլլար իր պատմական դիմագիծը: Մարդուժի պատրաստութեան այս անփոխարինելի ամրոցներու բացակայութիւնը կը վտանգէ գաղութի ապագան եւ կը սպառնայ մեր հաւաքական երթին: Հետեւաբար, ոչ ոք ինքնիրեն իրաւունքը պէտք է տայ սո՛սկ` այս կացութեան մէջ դիտողի, պարզապէս կացութիւնները քննարկողի, պատասխանատուութիւնները այլոց վրայ բարդելու կամ իր մասնագիտական փորձարկումը կատարելու դերակատարութեանց մէջ գտնուելու: Հայ դպրոցի անհրաժեշտութիւնները այսօր շատ աւելին են այս բոլորէն, եւ կենարար ու ազնիւ աշխատանքի հրաւէրը կը թակէ մեր բոլորին դռները:

Լիբանանահայ գաղութը մի՛շտ ալ պատուով ու ինքնավստահութեամբ դիմագրաւած է իրեն սպառնացող բոլոր վտանգները, եւ մեր մէջ ամրագրուած է այն հաւատքը, որ այս պարագային եւս կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել ճգնաժամը: Կը մնայ մաղթել եւ յուսալ, որ համայնքային ու միութենական հովանիի տակ գործող բոլոր կրթական հաստատութիւններուն պատասխանատուները դրսեւորեն յաւելեալ կամք ու վճռակամութիւն, հայ ծնողքը ցուցաբերէ իր զաւակի ապագային հանդէպ յաւելեալ հոգածութեան գիտակցութիւն եւ ո՛չ մէկ ձեւով զլանայ իր պարտաւորութիւններուն մէջ ու ոչ մէկ ձեւով իր անհատական հաճոյքները եւ հանգիստը գերադասէ իր զաւակի կրթութենէն: Իսկ ժողովուրդը ընդհանրապէս անհրաժե՛շտ է, որ հայ դպրոցը դարձնէ իր գուրգուրանքի առաջնահերթ խնդիրը: Այս ծիրին մէջ, արդէն կարգ մը աշակերտական ու համալսարանական ֆոնտեր կը կատարեն շնորհակալ աշխատանք: Կարիքները սակայն աւելի մեծ են ու ընդգրկուն, եւ ֆոնտերու բազմացումը կենսական ու հրամայական անհրաժեշտութիւն է:

Աւելի յստակացնելով խնդիրը, եթէ իւրաքանչիւր բարեկեցիկ ընտանիք եկող տարուան համար իր ծրագիրներու ու հաճոյքի նախաձեռնութիւններուն մէջ պիւտճէական իմաստով ներառէ նաեւ մէկ կարօտեալ աշակերտի կրթաթոշակի ապահովումը, արդէն բաւական ճամբայ հարթած կ՛ըլլանք: Եթէ իւրաքանչիւր հայ վարժարանի հին թէ նոր շրջանաւարտ` Լիբանանի մէջ թէ դուրս գտնուող, խորհրդանշական գումարով մը մասնակից դառնայ ու այդ ճամբով իր երախտագիտութիւնը յայտնէ իր վարժարանին նկատմամբ, նորէն արգասաբեր ու օրինակելի աշխատանք մը կը դառնայ: Անշուշտ, այս բոլորի կողքին կրթական մշակն ու պատասխանատուն աւելի պրկուած ու յանձնառու ձեւով պէտք է ներդրեն իրենց առաքելութեան գործօնը ընդհանուր աշխատանքին մէջ:  Վերջապէս, հայ դպրոցի գոյութիւնը երաշխաւորելու ու անոր զարգացման ուղիները լուսաւորելու համար վստահաբար պատասխանատու մարմինները յաւելեալ բծախնդրութեամբ ու ողջմտութեամբ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ իրենց ժամանակը անգիտակցաբար չեն մսխեր գերին դառնալով ժամանակակորուստ վերլուծումներու, որոնք այս փուլին երբե՛ք չեն նպաստեր իրենց ծրագիրներու գործնականացման սահուն ընթացքին: Դէպի կատարեալին, միշտ աւելի լաւին ձգտելու ու մեր դպրոցները օտար վարժարաններու հետ մրցունակ պահելու առաջադրանքը կարեւոր նկատելով հանդերձ, այսօ՛ր, նախ եւ առաջ պէտք է լծուիլ մեր կրթական ամրոցներու պաշտպանութեան գործին: Տակաւին առիթ կ՛ունենանք հաւաքաբար քննարկելու ոչ հայկական վարժարան յաճախելու երեւոյթը եւ զայն քննարկելու աւելի ընդգրկուն ու առարկայական մօտեցումով: Թերեւս օգտաշատ պիտի ըլլայ հրաւիրել այդ մտածումը բաժնող ու հաւատացողները նաեւ` անոնց տեսակէտներն ու կարծիքները լսելու պատրաստակամութեամբ: Այսօր սակայն մեր աշխատանքի կիզակէտները հայ դպրոցն ու այնտեղ յաճախող աշակերտն են, որոնք կարիք ունին անվերապահ զօրակցութեան:

Այո՛, հանդէսները աւարտեցան, հպարտացանք մեր դպրոցներուն արձանագրած նուաճումներով եւ մեր աշակերտներուն կերտած յաջողութիւններով, սակայն այս բոլորը պէտք է դառնան խթան մեր վաղուան հաւաքական աշխատանքին ու երթին:

Գործը կը սպասէ բոլորիս…

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան Դեսպանատան Մշակոյթի Ու Յարաբերութեանց Պատասխանատուն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?