Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Վերնախաւի Պառակտումները Շատ Հեռու Են Ժողովուրդի Առօրեայէն

Յուլիս 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Բանն ասանկ եւ ոչ  բամբասանք:

Հայաստանի մամուլը, տպագիր թէ հեռատեսիլային, անդադար կը սփռէ տեղեկութիւններ` ոճիրներու, պատահարներու, կուսակցութիւններու, դատերու, ցոյցերու, ամբաստանութիւններու, մրցակցութիւններու, փոխադարձ անհատնում քննադատութիւններու, չարաշահումներու մասին: Պա՛րզ. կարծէք` երկիրը անհակակշռելի է, եւ սովորական է, որ ամէն ոք կը փորձէ ինքնիրեն իրաւունքներ տալ, իշխանութիւն ձեռք բերել:

Տասնեակներով կուսակցութիւններ կան, նորեր կը յայտնուին: Լրատուամիջոցները կը յորդին դատաւորի, տնօրէնի եւ այլ պաշտօններէ հրաժարումներու եւ նոր նշանակումներու մասին տեղեկութիւններով: Գումարեցէ՛ք անվերջանալի ճամբորդութիւնները, պաշտօնական անձերու եւ պատուիրակութիւններու ժամանումները, ժողովներու նկարահանումները եւ ճեպազրոյցները:

Կրկնութիւններով` օրը քսանչորս ժամ:

Լրատուամիջոցները առատ նիւթ ունին:

Այսինքն Հայաստանի կեանքը, կարծէք, կը թաւալի այն իւրայատուկ շրջագիծէն ներս միայն, ինչ որ կարելի է կոչել վերնախաւ, եւ այդ վերնախաւի աշխարհագրութիւնը Երեւանն է: Նոյնիսկ Աշտարակը կամ Եղվարդը, որոնք Երեւանի դռներուն կը գտնուին, տարբեր աշխարհներ են, անոնց բնակիչներն ալ իրենց աչքերը յառած են Երեւանի վրայ:

Ինչպէս որ էր Ֆրանսայի Վերսայի պալատը, Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորի ժամանակ:

Հայաստանի հեռատեսիլէն յայտագիր մը կայ միայն, զոր հաճոյքով կը դիտեմ, որ կը ներկայացնէ գիւղերը եւ գիւղացիները, իրենց կեանքի եւ աշխատանքի վայրին մէջ: Կը զգամ, որ Երեւանէն դուրս երկիր մը կայ, որ կը շնչէ, որ` Երկիրն է: Լրագրողը իւրաքանչիւր հաղորդման ընթացքին  կը կրկնէ` «Երկիրը երկիր է»: Արդարեւ, այդ է: Այդ «երկիր»-ն է ապագայի երաշխիքը, ան է Հայաստանը: Ան կարիք ունի ճանապարհներու, դպրոցական շէնքերու, ոռոգման ջուրի: Այս մարդոց հետաքրքրութիւնը առաւելագոյնը կանգ կ՛առնէ մարզպետի եւ քաղաքապետի մակարդակին: Անոնցմէ անդին` պատահածը եւ պատահելիքը լուսնին չափ հեռու են իրենցմէ. նախագահներու, վարչապետի, դատաւորի նշանակումներ, արտասահմանէն եկած հիւրեր եւ ընդունելութիւններ եւ դէպի արտասահման վերնախաւի ճամբորդութիւններ:

«Նախկին»-ի եւ «նոր»-ի փոխադարձ քննադատութիւնները «Երկիրը երկիր է» խօսքի յայտագրին  հաղորդավարի զրուցակիցներուն չեն վերաբերիր: Չաւարտող եւ ընդլայնող, նոր ճակատներ բացող պառակտումները այլամոլորակային են իրենց համար: Այդ պառակտումները ո՛չ ճանապարհներու շինութեան կը ծառայեն, որպէսզի «Երկիրը երկիր է»-ի մարդոց եւ թոշակառուներու առօրեան բարելաւեն, ո՛չ ալ դպրոցներուն:

«Վերնախաւ»-ը բնաւ մտածա՞ծ է, թէ ի՛նչ կրնայ ընել համեստ քաղաքացին ամսական 25.500 դրամով: Պոտրումը, Անթալիան կամ Սոչին պարիկի պատմութիւն են 25.500 դրամով ապրողներուն համար: Իսկ Նիսը եւ Էյֆելի աշտարակը… մենաշնորհեալներու:

Զարմանալի կրնայ թուիլ թերեւս, եթէ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ դրամ կայ: Կը բաւէ շրջիլ` տեսնելու համար բարձրացող շէնքերը, ինչպէս կ՛ըսուի` «էլիտար» շէնքերը, ընտրանիի յատուկ, շրջող ինքնաշարժներու (աւտոներու) յարաճուն թիւը, խճողուած ճաշարանները, վերջին նորոյթ կաճեթները: Բայց պէտք է տեսնել մաղրութնիները  (ցած առաստաղով հանրակառքերը), որոնց ճամբորդները կը թխմուին եւ դժբախտութիւնը ունին միջահասակ կամ բարձրահասակ ըլլալու, եւ երբ ոտքի մնան, աթոռ չգտնեն, ամէն վայրկեան իրենց գլուխը կրնան վիրաւորել:

Կան նաեւ անմիջապէս փուլ գալու վտանգին ենթակայ բնակարաններ, որոնք անտեսանելի են վերնախաւի բարձունքէն: Մեծ վաճառատուներէն լեցուն եւ ուռած պայուսակներով դուրս եկողներ կան, բայց կայ նաեւ այն զանգուածը, որ հացին մէջ խաշած գետնախնձոր (կարտոֆիլ) կը փաթթէ եւ օր կ՛անցընէ:

Զբօսաշրջիկները այս բոլորը չեն տեսներ: Իրենց համար «տաքսի»-ն աժան է, կեդրոնի սրճարանները եւ ճաշարանները աժան են, ձանձրանալու պատճառ չունին, տեսարժան վայրեր տանող ընկերութիւններ կան, անոնք փուլ գալու վտանգին ենթակայ ընտանիքը ցոյց չեն տար:

25.000 դրամ թոշակ ստացողները հեքիաթային անուններով ճաշարանները եւ խաղատուները պիտի չերթան: Տեսարժան վայրերու այցելու յաճախորդ չեն:

Բայց վերնախաւը, ինչպէս ամէն տեղ, ամբոխայնացում-populisme խաղալով, յոյս պիտի ծախէ, կը ծախէ, յոյս` որուն ինք պէտք չունի, ինք Ռուբիկոնի միւս կողմը կը գտնուի, կրնայ նոյնիսկ Ֆրանսայի թագուհիին պէս ըսել, որ եթէ հաց չունին, թող կարկանդակ ուտեն, հոս պիտի ըսեն` թխուածք:

Վերնախաւը կրնայ պառակտուիլ, ողողել լրատուամիջոցները: 25.000 դրամ թոշակ ստացողներուն համար այդ պառակտումները կը նմանին թատրոնի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ֆրանսացի քաղաքական գործիչ մը զանոնք սահմանած էր` bonnets blancs, bonnets blancs, բառակառուցում մը, զոր դժուար է թարգմանել, ըսենք` սպիտակ գլխարկաւորները, գլխարկաւոր սպիտակները…

Եթէ քիչ մը Կանտիի դպրոցին հետեւէին վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ, պետական եւ ազգային հարստութիւնը չհամարէին սեփական ագարակ, «Երկիրը երկիր է»-ի հաղորդման ճանապարհները եւ փոխադրամիջոցները այլ կ՛ըլլային, մարդիկ մեծով-պզտիկով փուլ գալու վտանգի ենթակայ յարկի տակ չէին ապրեր, եւ օր ու շաբաթ չէին անցըներ բաւարարարուելով լաւաշի մէջ փաթթուած կարտոշկայով (գետնախնձոր):

Վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ ինչո՞ւ չեն ընկերանար «Երկիրը երկիր է» հաղորդաշարի նկարահանողին` ազգային վերաորակաւորման ենթարկուելու համար…

Օրացոյցի դիպուած:

Այսօր 18 յունիս է, տարեդարձը Ֆրանսայի ազատարար զօրավար տը Կոլի հռչակաւոր կոչին` դիմադրելու գրաւման բանակներուն, ծանօթ` Appel du 18 juin-ը: Ան երբ նախագահ էր եւ երբ շաբաթավերջին հանգստանալու կ՛երթար իր գիւղի բնակարանը, պետական-ծառայական մեքենան չէր գործածեր, այսինքն պետական միջոցները չէր չարաշահեր: Երբ պետական ճամբորդութիւն կ՛ընէր, կին եւ զաւակ իրեն չէին ընկերանար: Եւ կը մեծնար:

18 յունիս 2019, Երեւան

Նախորդը

Տոհմականչի Ղօղանջներ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ներգաղթի Ալիք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?