Կովկաս
Վերջերս Լոզանի մէջ լոյս տեսաւ Ռանքոնթրը հրատարակչականի Ատլաս տէ վուայեաժ մատենաշարի 71-րդ եւ վերջին հատորը` նուիրուած Կովկասի:
Հեղինակն է Արման Գասպար (Արմէն Գասպարեան), որ նոյն մատենաշարին մէջ 1964-ին լոյս ընծայած էր հատոր մը Եուկոսլաւիոյ մասին:
Հայկական շրջանակներու համար անծանօթ մը չէ Արման Գասպարը, որուն հայրը` Դաւիթ Գասպարեանը, վանեցի, 1920-ական թուականներուն կ՛ապրէր Փարիզ եւ ՀՅԴ շարքային ընկեր էր: Հետագային տեղափոխուեցաւ Զուիցերիա, ամուսնացաւ զուիցերուհիի մը հետ եւ ապրեցաւ մինչեւ իր մահը, որ տեղի ունեցաւ քանի մը տարի առաջ:
Արման Գասպար ֆրանսերէնի թարգմանեց Յովհ. Թումանեանի Սասունցի Դաւիթը, որ լոյս տեսաւ Ժընեւ, 1945-ին` «La geste de David le Sassouniote» խորագրով (սպառած): Հայութեան հետ իր կապը կը պահէ միշտ: Պատահաբար կ՛աշխատակցի նաեւ ՀՅԴ Նոր Սերունդի «Հայաստան» պաշտօնաթերթին ու հայանպաստ յօդուածներ կը հրատարակէ Զուիցերիոյ կարեւոր թերթերուն մէջ:
Քանի մը տարի առաջ շրջապտոյտ մը կատարեց Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ: Այցելեց, ի միջի այլոց, իր հօր ծննդավայրը` Վան: Ու իր տպաւորութիւնները յօդուածաշարքով մը լոյս ընծայեց Լը Մոնտի մէջ:
Կովկաս 192 էջնոց կազմուած գիրք մըն է: Կը պարունակէ շուրջ 150 լուսանկարներ եւ 16 մեծադիր գունաւոր նկարներ, որոնց շարքին փոքր թիւ մը կը կազմեն Հայաստանի վերաբերեալները: Հեղինակը վերջին պահուն դիմած էր մեզի լուսանկարներ հայթայթելու համար: Սակայն հրատարակչականը չէր կրցած օգտագործել բոլորը` էջերու անբաւականութեան պատճառաւ:
Կովկաս լեռնաշղթայ մըն է Սեւ եւ Կասպից ծովերու միջեւ: Անոր մաս կը կազմէ «Հիւսիսային Կովկաս»-ը, որուն չերքեզ ու չեչեն բնակիչները անկախ հանրապետութիւն մըն էին ստեղծած 1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք ու յետոյ ինկած` խորհրդային տիրապետութեան տակ: Այս լեռնականները մաս չեն կազմեր Անդրկովկասի, որ կը բաղկանայ Վրաստանէ, Ազրպէյճանէ եւ Հայաստանէ:
Կան հեղինակներ, որոնք Հայաստանը Կովկասի մաս չեն նկատեր: Բուն Հայաստանը աւելի մեծ է: Ներկայ կորիզէն զատ` իր սահմանները կ՛երկարին դէպի հարաւի մեր պատմական հողերը, որոնք ցարդ բռնագրաւուած կը մնան ցեղասպան մեր թշնամիէն:
Արման Գասպարի գիրքը, ինչպէս` մատենաշարի միւս հատորները, կը համապատասխանէ մեր ապրած շրջանի ոգիին: Հաճելի եւ դիւրին դարձնել ընթերցումը` նկարներու առատութեամբ: Համառօտ գիծերով ներկայացնել տուեալ երկրի մասին կարեւոր տեղեկութիւններ` պատմական, աշխարհագրական, մշակութային: Մանաւանդ տալ հեղինակին տպաւորութիւնները` ներկայ կեանքին շուրջ: Մանրամասնութիւններով չխճողել իր նկարագրութիւնները: Արագութեան դարուն մէջ կ՛ապրինք:
Այդ է անշուշտ պատճառը, որ հարուստ չէ իր «Մատենագիտութիւն» բաժինը: Այլապէս, «Կովկաս»-ի մասին միայն գլխաւոր աղբիւրները յիշելու համար էջեր պէտք է յատկացնէր:
Հատորին մէջ անհամեմատ աւելի մեծ տեղ կը գրաւեն Վրաստանի վերաբերեալ լուսանկարները, նոյնիսկ` Հայաստանի նուիրուած էջերուն վրայ:
Արման Գասպար իր գիրքի 92-134-րդ էջերը յատկացուցած է Հայաստանի:
Դէպի Կովկաս իր շրջապտոյտը սկսած է Տրապիզոնէն, որուն երբեմնի հայ եւ յոյն բնակիչները անհետացած են: Մզկիթի վերածուած ուղղափառ եկեղեցիի իմամը եւ թաքսիի շարժավարը իր հարցումին պատասխանելով` կարճ ու կտրուկ ըսեր են.
– Էրմենի եօք տըր (հայ չկայ):
Նոյն յանկերգը լսեր է Էրզրումի եւ Վանի մէջ: «Եւ սակայն մեր թուականի առաջին դարերէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը հայերը այդ երկրի բազմաթիւ քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին: Անոնք այլեւս չկան: Բնաջնջուեցան 1915-ին, ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան ատեն, որ աւելի քան մէկ միլիոն զոհ խլեց: Ջարդերէն վերապրողները ցրուեցան ի սփիւռս աշխարհի, մաս մը Մերձաւոր Արեւելք եւ Արեւմուտք, մինչեւ Ամերիկաները, մաս մըն ալ` արեւելք` Կովկաս, որ խորհրդային է այսօր» (էջ 92):
Թուրքիա այցելող օտար զբօսաշրջիկներու համար հրատարակուած ուղեցոյցներուն մէջ մասնաւորապէս կը շեշտուի հայերու մասին որեւէ հարցում չուղղել: Թուրքին համար հայ գոյութիւն չունի: Իսկ քիւրտերը «լեռնական թուրքեր» են:
Թուրքիոյ հայկական նահանգները ամբողջ 30 տարի` մինչեւ 1963 զինուորական արգիլեալ գօտի էին: Այժմ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ իսկ երթեւեկը ազատ է զբօսաշրջիկներու համար:
Թուրքերը, օտարներէն դրամ քաշելու նպատակով անշուշտ, այժմ զարկ կու տան զբօսաշրջութեան, հայկական հին արուեստի հրաշակերտներն ալ իբրեւ թրքական կը ներկայացնեն այցելուներուն, ինչպէս` Աղթամարի մայր եկեղեցին, կառուցուած` Ժ. դարուն: Հեղինակը այցելեր է Անի` միջին դարուն հայ թագաւորներու մայրաքաղաքը, նշանաւոր` իր հազարումէկ եկեղեցիներով, որոնցմէ կէս երկվեցեակ մը միայն մնացեր է այսօր` մեծապէս վնասուած:
Կարսի մէջ տեսեր է հայոց հին եկեղեցիները, որոնք մթերանոցի կամ թանգարանի վերածուեր են: Քաղաքին մէկ մասը մնացեր է ճիշդ 1920-ի վիճակին մէջ: Ցարական զօրանոցները, վարչական շէնքերն ու եկեղեցիները կիսափուլ երեւոյթ ունին:
Շաբաթը մէկ անգամ կառախումբ մը կը մեկնի Կարսէն դէպի Լենինական: Թրքական վայրաշարժն ու վակոնները հնութիւն կը բուրեն: Հայաստանի սահմանագլուխին վրայ կառախումբ կը փոխեն` բոլորովին արդիական, ելեկտրաքարշ եւ մաքուր: Հայաստան մտնելէ առաջ թրքական վերջին գիւղն է Ղըզըլչախչախը, որ այժմ կը կոչուի Ափեաքա:
Սահմանն անցնելէ ետք նոր աշխարհ մը կը բացուի Արման Գասպարի առջեւ, որ իր պատուհանէն կը տեսնէ լաւ մշակուած եւ ոռոգուած արտեր, շատ ծառեր եւ ելեկտրականութեամբ օժտուած գիւղեր: Սահմանագլուխի հայկական առաջին կայարանն է Ախուրեանը, ուր արձանագրութիւնները երկլեզուանի են` ռուսերէն (պաշտօնականը) եւ հայերէն (ազգայինը):
Խորհրդային Կովկասի առաջին հանգրուանն է Լենինականը, որ ունի 120 հազար բնակիչ: Արդիական ճարտարարուեստական քաղաք մըն է. տուները շատ գեղագիտական երեւոյթ չունին` հակառակ վարդագոյն եւ նարնջագոյն տուֆ քարերով շինուած ըլլալուն:
Դէպի Երեւան ճամբուն վրայ, կառախումբին մէջ ճամբորդները, որոնց շարքին` արձակուրդի գացող ուսանողներ, կ՛ուտեն, կը խմեն ու կ՛երգեն: Կոյր նուագածու մը Սայաթ Նովա կ՛երգէ, Սասունցի Դաւիթ կ՛արտասանէ եւ խանդավառութիւն կը ստեղծէ` Քաջ Անդրանիկը ոգեկոչելով:
Հեղինակը կը յիշէ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ 1965-ին Խորհրդային Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերն ու յիշատակի հանդէսները, «որոնք ամիսներ տեւեցին»: Փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ հրատարակուեցան: Երեւանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած զանգուածային հաւաքոյթ մը Թուրքիոյ, նոյնիսկ Մոսկուայի դէմ ցոյցի մը երեւոյթն ստացաւ: «Մոսկուա կ՛ամբաստանուէր, որ կը դաւա ճանէ Հայ դատին` հրաժարելով պահանջելէ անդրարաքսեան հողերը» (էջ 101):
ՀՐԱՆԴ – ՍԱՄՈՒԷԼ