Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մխիթարեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Յունիս 28, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 23 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը եւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Վահէ Կապրաշիներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնց յաջորդեցին մանկապարտէզի եւ Ա. կարգի աշակերտները: Բարի գալուստի խմբային խօսքին յաջորդեց «Thank You»,  «Կաքաւիկ» եւ «Եա մատրասաթի» երգերու կատարումը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը` կարդալու տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ. «Մէկ տարի առաջ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը միայն գաղափար մըն էր, վարժարանի շէնքը միայն կառոյց մըն էր: Մէկ տարի առաջ կ՛ըսէին, որ Մխիթարեան վարժարանը իր դռները չի կրնար բանալ: Ահաւասիկ այսօր, այդ խօսքերէն ՄԻԱՅՆ մէկ տարի ետք, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը ոչ միայն կեանք ու մարմին առած է, ոչ միայն անոր շէնքը լեցուած է մանուկներու ճիչերով ու պատանիներու կանչերով, ոչ միայն անոր շրջապատը դարձած է բնապահպանութեան սատարող կանաչապատ տարածք, իր բացօթեայ դասարանով` «Թումանեան այգի»-ով, ոչ միայն ան իր դռները լայն բացած է լաւագոյն ուսման ձգտող գաղութի զաւակներուն դիմաց, այլ նաեւ այսօր այս լուսաւոր հանդիսութեամբ հանրութեան կը ներկայացնէ մանկապարտէզի իր առաջին հունձքը»: Ան նշեց, որ այս բոլորը իրականացան` շնորհիւ Աստուծոյ նախախնամութեան, Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր եւ վարժարանի հոգեւոր հայր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանի մշտական նեցուկին ու հոգածութեան,  տնօրէնութեան անդուլ աշխատանքին եւ վճռակամութեան` աշակերտներուն տրամադրելու միայն լաւագոյնը, իրենց առաքելութեան գիտակից եւ հաճելի ձեւերով դասաւանդելու պատրաստ ուսուցչակազմին եւ նուիրուած անձնակազմին, ֆինլանտական ուսումնական սկզբունքներ ընդգրկող կրթական ուղեգիծին եւ, ի վերջոյ, շնորհիւ այն ծնողներուն, որոնք իրենց ամենաթանկագին հոգեհատորները վստահեցան Մխիթարեան վարժարանին:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեանը, որ ըսաւ, թէ Մխիթարեան միաբանութիւնը կը հաւատայ լիբանանահայութեան, եւ այդ պատճառով է, որ այս դպրոցով ուզեց իր ներկայութիւնը անգամ մը եւս փաստել: Ան յիշեց, որ միաբանութիւնը 320 տարիէ կը գործէ ոչ միայն հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, այլ մանաւանդ` կրթադաստիարակչական: Ան ուրախութիւն յայտնեց` տեսնելու բեմին վրայ գտնուող մանուկները եւ վստահեցուց, որ անոնք, իրենց նախորդ մխիթարեանցիներուն նման, ապագային հպարտանքը պիտի ըլլան մեր բոլորին: Ան նաեւ խոստացաւ, որ միաբանութիւնը ոչ միայն պիտի զարգացնէ իր այս կառոյցը, այլ նաեւ ընդարձակէ եւ ունենայ նոր հաստատութիւններ:

Ապա հոգեւոր հoր, տնօրէնին եւ մանկապարտիզպանին` Սիպիլա Մալեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը, որուն աւարտին Ա. կարգի աշակերտները ֆրանսերէնով արտասանուած բարի գալուստի խօսքերով դիմաւորեցին նախակրթարան հասնող ծաղիկները:

Այնուհետեւ կրթական զեկուցումով հանդէս եկաւ վարժարանիս կրթական համակարգող Մէյրի Կիւրիւնլեանը, որ խօսեցաւ Մխիթարեանի ուսումնական ուղեգիծին եւ ի գործ դրած մեթոտներուն մասին:

Յայտագրի երկրորդ բաժինը նուիրուած էր մեծ հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Թումանեանի վեց հեքիաթներէն` «Անբան Հուռի»-էն, «Քաջ Նազար»-էն, «Անխելք մարդ»-էն, «Ագահ թագաւոր»-էն, «Բարեկենդան»-էն եւ «Անուշ»-էն առնուած հատուածներով թատրոնով մը, համադրութեամբ` հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ Ալին Գուրամաճեանի, մշակումով Լիւսի Տէօքմէճեանի, եւ բեմականացումով Յովիկ Յակոբեանի, վարժարանի բոլոր աշակերտները (մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ կարգ) հանդէս եկան բաժինով մը` իրենց ծնողներուն, հարազատներուն եւ ներկաներուն հրամցնելով թումանեանական գեղեցիկ փունջ մը` երգով, պարով, ասմունքով ու դերակատարութեամբ:

«Եկէք Հայաստան» երգի կշռոյթին տակ բոլոր աշակերտները բեմ բարձրացան, խմբուեցան ու պարեցին: Աւարտին, բեմին վրայ աշակերտներուն միացաւ Մխիթարեանի տնօրէնը, որ բեմ հրաւիրեց բոլոր անձնակազմը եւ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց ոչ միայն այս հանդիսութեան պատրաստութեան համար, այլ նաեւ` ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին իրենց աշխատանքին ու նուիրուածութեան համար:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (28 Յունիս 1969)

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?