ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ տրամադրութիւնը: Ձեզ գոհացնող պատասխան մը պիտի լսէք: Յարմար ժամանակ է` ձեր ծրագիրները գործադրելու:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պարապութիւն եւ ձանձրոյթ պիտի զգաք այս շրջանին: Փորձութիւններէ հեռու մնացէք եւ պայմանագիր մի՛ ստորագրէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դուք պէտք ունիք զօրակցութեան: Աշխատեցէք ձեր յարաբերութիւնները բնականոն դարձնել: Մի՛ յուսահատիք եւ վստահեցէք ձեր ուժին ու կարողութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մի՛ հրաժարիք ձեր պարտականութիւններէն: Հակառակ ճնշումներուն` պիտի յաջողիք յաղթահարել դժուարութիւնները: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Լրջօրէն կը մտածէք ճամբորդութեան մասին: Յուսահատեցնող փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր կեանքին մէջ: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքի անդամներուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուրիշներուն կարծիքը առէք` նախքան որեւէ քայլի դիմելը: Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը: Դիւանագէտ եւ ճկուն եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Զօրաւոր մրցակից մը ունիք ձեր գործին մէջ: Դժուարութիւններ պիտի ունենաք եւ պէտք է զանոնք յաղթահարէք քաջութեամբ: Նիւթական գետնի վրայ խնայողութիւն կատարեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ թերանաք եւ մի՛ ուշացնէք ձեր գործերը: Նոր գործի մը համար պիտի ուրախանաք: Պէտք է անպայման սննդականոնի հետեւիք եւ ձեր առողջութեան հոգ տանիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Վիպային շրջան մը պիտի ապրիք ձեր սիրեցեալին հետ, եթէ ամուսնացած չէք: Ձեր պարտականութիւնները լիուլի կատարեցէք: Առիթ պիտի ունենաք վերատիրանալու ձեր իրաւունքներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կը նախընտրէք տունը մնալ եւ հանգիստ ընել: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք: Ձեր ընկերներուն հետ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր սպասած պատասխանը վերջապէս պիտի ստանաք: Պէտք է յստակացնէք ձեր տեսակէտը ձեր գործին մէջ: Պիտի կատարէք ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին նոր ծանօթութիւններ պիտի մշակէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք եւ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Դրական շրջան մըն է, որուն ընթացքին ձեր սիրտը պիտի ուրախանայ: Ամսուան հաճելի օրերէն մէկն է: