Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան քննարկած եւ հաստատած են 2012-ի ելեւմտական տարուան արտասահմանեան օժանդակութեան նախագիծը:
Նշեալ նախագիծին մէջ Հայաստանի համար նախատեսուած տնտեսական օժանդակութեան չափը քառասուն միլիոն տոլար է (2011-ին եւս ատիկա 40 միլիոն տոլար էր), Ազրպէյճանի օժանդակութեան չափը 16.6 միլիոն տոլար է, իսկ Վրաստանին յատկացուելիք տնտեսական օժանդակութեան չափը` 66 միլիոն տոլար է:


