Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՊԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԴԷՏԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍՄԱՆ ՅԱՐՄԱՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ

December 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեպիլ Արապի

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արագ կերպով շարժիլ իրենց առաքելութեան սկսելու համար Արաբական լիկայի դէտերուն յարմար մթնոլորտ ստեղծելու: Ան Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց սուրիացի քաղաքայինները պաշտպանելու իր պատասխանատուութեան տէր կանգնելու` գործադրելով արաբական աշխատանքի ծրագիրին հիմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:

Արապի շեշտեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս պէտք է դադրեցնէ բոլոր բռնարարքները, ազատ արձակէ ձերբակալեալները եւ զինեալ բոլոր երեւոյթները քաղաքներէն հեռացնէ: Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց սուրիական քաղաքներուն` մասնաւորաբար Իտլիպի, Հոմսի, Տարաայի եւ Տէր Զօրի նահանգներուն մէջ բռնարարքներու մագլցումին վերաբերող տեղեկութիւններուն առնչութեամբ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ երեքշաբթի օր աննախադէպ տարողութեամբ սպանդ մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ 120 զոհ պատճառեց»` աւելցնելով, որ «անհրաժեշտ է ամէն ջանք թափել դադրեցնելու այդ սպանութեան ոլորապտոյտը, որուն մէջ ամէն օր Պաշշար Ասատ իր ժողովուրդը կը նետէ»:

Վալերօ ըսաւ. «Ռուսիայէն կը պահանջենք Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր ներկայացուցած բանաձեւին շուրջ քննարկումներուն կշռոյթը արագացնել»: «Կենսական է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ճնշումներու վերջ տալը պահանջող խիստ որոշումի մը ճամբով կեցուածք մը յայտարարէ», ընդգծեց Վալերօ:

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ Ասատի վարչակարգը «փաստեց, որ արժանի չէ Սուրիոյ իշխելու»` զգուշացնելով, որ Սուրիոյ դէմ միջազգային նոր միջոցառումներ կրնան որդեգրուիլ: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ իսկական փոփոխութեան միակ ուղին իշխանութենէն Ասատի հեռացումն է»` շեշտելով արաբական նախաձեռնութեան կէտերը արագ կերպով գործադրելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

«ԵԳԻՊՏՈՍ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՈՐԵՒԷ ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ Չ՛ԸՆԴՈՒՆԻՐ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱՄԵԼ ԱՄՐՕ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.