Պերլինի 61-րդ Յօդուածի Եւ
Երկաթէ Շերեփի Արձագանգները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Խրիմեան Հայրիկ` Կրօնական Ժողովի
Ատենապետ Եւ «Սիրաք Եւ Սամուէլ»

Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ շերեփի պատգամը խոր յուզում յառաջացուց եւ նշանաբանի ու ուղեգիծի վերածուեցաւ տառապեալ, հալածեալ եւ հարստահարեալ հայ ազգին համար: Պոլիսէն մինչեւ հեռաւոր գաւառներ, բերնէ բերան կը խօսուէր այդ նշանաւոր քարոզի մասին եւ մեկնաբանութիւններ կը կատարուէին: Դարեր շարունակ ռայայի կարգավիճակի մէջ գտնուող, ստրկական հոգեբանութեան մէջ տուայտող, միշտ կոտորուող ու ջարդուող հայութեան մէջ ինքնապաշտպանութեան գաղափարը եւ ազատագրուելու տենչը տակաւ կը հասուննար:
Թուրքեր Պերլինի մէջ յաջողած էին, առաձգական բանաձեւով մը, հայկական հարցը շեղեցնել իր բնական հունէն եւ բարենորոգումներու համեստ հարցի մը վերածել:
***
Ներսէս պատրիարք Վարժապետեան, Ազգային երեսփոխանական ժողովի 21 յուլիս (2 օգոստոս) 1878-ի նիստին, խօսելով Պերլինի դաշնագիրի 61-րդ յօդուածին մասին ըսաւ.
«Եթէ այս յօդուածը ցաւալի բան մ՛ունի, այն է որ մեր խնդրո՛յն լուծումը ըստ մասին կը յետաձգէ. չկործաներ ազգին յոյսերը, այլ եւ չպակսեր նոյն հետայն: Եւ ո՞ր ազգ կրցած է յանկարծակի կերպով իր բաղձանացն ի կատար հասնիլ:
«… Եւ սակայն ո՞ւր է կորուստը. ո՞ւր է այնքան աշխատութեանց ու ջանից ապարդիւն մնալը, ո՞ւր է անյաջողութիւնը, ո՞ւր է դժբախտութիւնը, ո՞ւր է յուսահատութիւն: Վասնզի` առաջին անգամ հայոց ազգին անունն անցաւ հանդիսաւոր դաշնադրութեանց մէջ, ա՞յդ է կորուստը. վասնզի` այդ դաշնադրութեամբք հարստահարութենէ ազատեցան հայերը` ա՞յդ է դժբախտութիւնը. վասնզի` հայոց ապագային սերմերը տրուեցան` ա՞յդ է մեր ջանից ապարդիւն ելնելը. եւ վասնզի` Եւրոպայի ժողովուրդներն ու տէրութիւնները ճանչցան ու սիրեցին հայ ազգը, ա՞յդ է անյաջողութիւնը. եւ վասնզի` այս վայրկեանիս որ կը խօսիմ ձեզի այս ազգային բեմին վրայէն, թերեւս մե՛ծ եւս բեմերու վրայէն հարցումներ կ՛ուղղեն Եւրոպայի կառավարութեանց` հայոց նկատմամբ, ա՞յս է մեր լքումն ու յուսահատութիւն:
«… Մեր խնդիրն անմիջապէս եւ կատարելապէս չէ՛ իրականացած, եւ ասոր համար պարտք համարեցայ բողոքել հոս տէրութեանց դեսպանաց քով, եւ ի Պերլին լիազօրաց քով: Բողոքը տկարին իրաւունքն է, եւ շատ գնամ յումպէտս կը գործածուի նա. այլ ո՛չ այս պարագային մէջ, զի արդիւնքն իսկ տեսնուեցաւ վերջին վայրկեանին, յօդուածին խմբագրութեանը մէջ: Այո՛, մեր խնդիրն անմիջապէս չէ կատարուած, այլ մեծ է արդէն ինչ որ ստացանք դաշնադրութեան այն յօդուածով, եւ մեծ է` ոչ ոք կրնայ ուրանալ զայս եւ ես քան զայլ ոք աւելի նուազ` Անգղիոյ մասնաւոր պաշտպանութիւնը:
«Ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ք որ այնպիսի պարագայի մէջ ուր Թուրքիոյ քրիստոնեայ ժողովրդոց բաղդը պիտի վճռուէր, ձեր պատրիարքը անհո՞գ կենար. ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ք եթէ նոյնիսկ անյոյս եւ անապաւէն չդիմէի ազգաց ժողովին` գէթ անոր համար որ Եւրոպա գիտնայ` թէ հայ ազգ մ՛ալ կայ Արեւելքի մէջ: Ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ք դուք եւ պիտի ներէի՞ն ինձ մեր նախնեաց հոգիք, Հայկէն մինչեւ վերջինն մեր Լեւոն, Լուսաւորիչէն մինչեւ ի վերջինն Ներսէս` ի շարս մեր ազգաշէն եւ ազգասէր կաթողիկոսաց, ըսէ՛ք, պիտի ներէի՞ն եւ պիտի ներէի՞ք եթէ խոչ եւ խութ առ ոտն հարկանելով մինչեւ Եւրոպա չհասցունէի ազգին աղաղակը, ըսէ՛ք, ձեր հանդիսաւոր քուէովը, ըսէ՛ք ձեր միաձայն քուէովը. զի միաձայն միայն կրնայ ըլլալ քուէն այս պարագայիս մէջ. ըսէ՛ք, եւ ձեր քուէն թող պատասխանէ այդ անհեթեթ եւ ազգուրա՜ց առարկութեանց»:
Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ վստահութիւն յայտնեց պատրիարքին:
***
Խրիմեան Հայրիկ այն համոզումը ունէր որ եւրոպական մեծ պետութիւնները միշտ համերաշխ պիտի չմնան, որպէսզի ճնշում գործադրեն Բարձրագոյն դրան վրայ, հայկական գաւառներուն մէջ բարենորոգումներ գործադրելու համար:
Հայրիկ կ՛ըմբռնէր, որ 61-րդ յօդուածը Հայկական հարցը կը զրկէր զայն կիրարկելի դարձնելու ամէն հնարաւորութենէ եւ միշտ կ՛ըսէր. «Այդ յօդուածն հայոց գլխուն փորձանք պիտի դառնայ»:
Իր կարգին Գրիգոր Օտեան ըսաւ. «Յաջողեցանք 61-րդ յօդուած մը դնել տալ, իցի՜ւ թէ յաջողէինք զայն ջնջել տալ»:
***

Մինաս Չերազ 1878 սեպտեմբերին հրատարակեց «Թէ ինչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովէն» գրքոյկը եւ զայն ձօնեց Ներսէս պատրիարքին: Չերազ կ՛ըսէր.
«Ձեզ կը ձօնեմ այս էջերը, որ Ձեզ կը պարտին իւրեանց գոյութիւն: Դարերէ ի վեր հայութիւնն մի կրօնական ժողովուրդ կը ձեւացունէր եւ Դուք մի քաղաքական ազգի վերածեցիք զայն, անվեհեր պաշտպանելով իւր դատ եւրոպական աշխարհին առջեւ:
Չերազ կը շարունակէր ըսելով.
«Ի՞նչ է այս վհատութիւն, զոր կը նշմարեմ ազգիս վրայ: Միթէ ներելի՞ է յուսահատիլ մի ժողովուրդի, որ կը հաւատայ թէ ապագայ ունի:… Ազգս ոչ միայն վնաս չը կերեց, այլ մեծապէս շահեցաւ Պէրլինի վեհաժողովէն… Մեք շատ աւելի շահեցանք Պէրլինի քան Սան-Ստէֆանօի մէջ, եւ անհնար էր աւելի շահիլ լեզուով եւ գրիչով: Սան-Ստէֆանօի յօդուածն աղաչանքներէ ծնած էր. Պէրլին ամրապնդեց զայն իւր վեհավճիռով: Եւրոպա իրաւունքներ տուաւ մեզ, այլ դոքա ամուլ պիտի մնան, եթէ չը կարենամք պաշտպանել զայնս:… Պէտք է աշխատիլ հայ հայրենիքի մէջ, օսմանեան ոստանին մէջ, եւրոպական աշխարհին մէջ, մեր իրաւունք պահանջելով այն ազգերէ որք հայ խնդիրն ճանաչեցին պաշտօնապէս:… Անհրաժեշտ է վառ պահել այն յարաբերութիւններ զորս առաջին հայ պատուիրակութիւնն հաստատեց եւրոպական դահլիճին, ժողովուրդին եւ մամուլին հետ»:
***
Պերլինէն վերադառնալէն ժամանակ մը ետք Ազգային ժողովը Խրիմեան Հայրիկը Կրօնական ժողովի ատենապետ ընտրեց:
Խրիմեան Հայրիկ նուիրուեցաւ ստեղծագործական աշխատանքի եւ գրեց «Սիրաք եւ Սամուէլ. բարի հօր կրթական դասեր» գիրքը, որ լոյս ընծայեցին «ազնուական եղբարք Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսայեան, ի նուէր հայոց հարց եւ զարգացեալ որդւոց: Կ. Պօլիս, ի տպարանի Ս. Ղ. Պարտիզպանեան եւ ընկ., 1878», 224 էջ:
Սիրաք հայրական սիրով կ՛աւանդէ մարդկային կեանքի խրատները, իսկ Սամուէլ որդիական հնազանդութեամբ կ՛ընդունի հայրախօս դասերը:
Առաջին դասին մէջ Սիրաք ցոյց կու տայ, թէ ո՞վ է մարդը աշխարհի մէջ եւ ո՞րն է իր կոչումը, պարտականութիւններն ու իրաւունքները մեր հասարակական կեանքին մէջ:
Երկրորդ դասին մէջ Սիրաք կը բացատրէ տիեզերքի բնական եւ յաւիտենական օրէնքները, որով օրինակարգ Արարիչը այդ օրէնքներու սանձը իր ձեռքը առնելով, կը կառավարէ վերնաշխարհն ու մեր բնակած երկրագունտը:
Երրորդ դասին մէջ Սիրաք կը պատմէ մարդկային ընկերութեան անհաւասար կեանքի մասին: Մարդիկ հաւասար կը ծնին, անհաւասար կ՛ապրին եւ հաւասար կը մեռնին: Մարդիկ արեւի տակ անհաւասար իսկ հողի տակ հաւասար կ՛ապրին:
Չորրորդ դասին մէջ Սիրաք կը պատմէ աշխարհին տիրող իշխանութեան եւ հպատակ ժողովուրդի մասին. իշխանաւորներ շրջանցելով օրէնքի արդարութիւնը` միայն սուրով եւ գաւազանով կ՛իշխեն:
Հինգերորդ դասին Սիրաք աշխարհի ժողովուրդներու եւ ազնուական դասակարգի նկարագիրը կու տայ, ցոյց տալով որ ժողովուրդն է աշխատանքին եւ երկրին կեանք տուող ոգին: Ճշմարիտ ազնուականութիւնը հոգիի մեծութիւնն է:
Վեցերորդ դասով Սիրաք մարդու աշխատանքի եւ աշխատանքով հայթայթուած հացի մասին կը խօսի, յայտնելով որ հացի ու հարստութեան աղբիւրը երկիրն է, հողն է, բեղմնաւոր մարդու աշխատող ձեռքն է: Մարդ թշուառ եւ մուրացկան կը դառնայ, երբ անաշխատ ձեռքով հաց կը խնդրէ եւ առանց վարուցանի հնձել կ՛ուզէ:
Եօթներորդ դասը աւանդելով` Սիրաք կեանքի ուղիղ տնտեսութիւնը կ՛ուսուցանէ, ըսելով որ անօգուտ է գանձը եւ հարստութիւնը, երբ գանձատէր հարուստը տնտեսել չի գիտեր եւ շատ շուտ կը սպառէ գանձը գանձատունէն եւ ցորենը շտեմարանէն: Ուղիղ տնտեսութիւնը գիտէ արդարութեամբ հատուցել իր պարտքերը: Կայսրինը կայսրին տալ, Աստծունը` Աստուծոյ եւ ապա իր բաժինը վայելել:

Ութերորդ դասով Սիրաք ցոյց կու տայ, որ թէ՛ անհատ մարդու եւ թէ աշխարհի ժողովուրդներու մեծաքայլ յառաջդիմութիւնը ինքնաշխատութեան զօրաւոր ջանքն է. եթէ կայ բախտ աշխարհի մէջ, անիկա միայն ինքնաշխատութեան ձեռքին մէջ է. ով որ ծուլութեան մէջ կը փակէ իր ձեռքը, բախտը իրմէ կը խուսափի: Անարժան է այն ձեռքը, որ առանց աշխատանքի հացը իր բերանը կը տանի:
Իններորդ դասով Սիրաք կը ճառէ, թէ ինչպէս ինքնաշխատութիւնը, հանճարը եւ ընկերական զօրութիւնը` այս երեք հզօր դաշնակիցները միանալով քաղաքակրթեցին աշխարհը: Իքնաշխատ հանճարը ծնաւ գիւտեր, արուեստներ, նաեւ ընկերային զօրութիւն զարգացուց, եւ այդպէս այդ երեք անզէն դաշնակիցները տիրեցին աշխարհին:
Տասներորդ դասով Սիրաք կ՛իմաստասիրէ աշխարհի երջանկութեան եւ ապերջանկութեան մասին, ցոյց կու տայ, որ այդ երկու հակառակ տարերքները միշտ համընթաց են մարդկային կեանքին մէջ, եւ հնարաւոր չէ որ մարդ աշխարհի մէջ միայն երջանկութեան ծաղիկներ քաղէ` առանց փուշերէն խոցոտուելու:
Տասնմէկերորդ դասին մէջ Սիրաք ցոյց կու տայ, թէ որոնք են այն զօրաւոր, ներքին եւ արտաքին պատճառները, որով աշխարհի ազգերը կը բարձրանան եւ կը խոնարհին, կը բարգաւաճին եւ կը նուազին: Սիրաք Սուրբ Գիրքով կը հաստատէ, որ այս պատճառները մեղքը եւ արդարութիւնն են:
Տասներկուերորդ դասին Սիրաք կը խօսի ժամանակի եւ աշխարհի այլեւայլ պատահարներու մասին, կը խոստովանի, որ կան բնական տարերքներու այնպիսի պատահարներ, որոնց վերահաս զօրութենէն մարդ չի կրնար խուսափիլ: Բայց առաւել չար եւ մեծագոյն պատահարը մարդն է մարդուն, որուն առջեւ շատ նուազ են եւ առ ոչինչ են բնական պատահարները:
Տասներեքերորդ գլուխով Սիրաք կը խօսի Աւետարանի քարոզած ընկերասիրութեան մասին, ցոյց կու տայ, որ մարդու ազատ ու երջանիկ կեանքը ընկերասիրութեան մէջ է, աշխարհի մէջ տիրող թշուառութեան միակ դեղն ու դարմանը ընկերասիրութիւնն է, եւ առանց Աւետարանի ճշմարիտ ընկերասիրութեան` քաղաքակրթութիւնը որքան ալ ճգնի, չի կրնար մարդու ապերջանիկ կեանքը բարւոքել եւ անոր խռոված հոգիին խաղաղութիւն տալ:
***

Պերլինի ձախողութիւնը, Ղալաթիոյ օճախին գլխաւորութեամբ, դժգոհներու խմբակցութիւն մը ստեղծեց Պոլսոյ մէջ: Անոնք կը փաստարկէին ըսելով որ Պերլին արկածախնդրութիւն մըն էր, սխալ մը, որ պիտի խորացնէր վիհը հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ: Ներսէս պատրիարք կը դատապարտուէր, որ բացած էր այդ վիհը եւ նեղացուցած վեհափառ սուլթանը:
Սակայն սուլթան Համիտ կը շարունակէր նեցուկ կանգնիլ Ներսէս պատրիարքին եւ չէր թոյլատրեր անոր դէմ որեւէ ոտնձգութիւն:
Օրմանեան կը գրէ. «Նկատելի է եւ անբացատրելի կ՛երեւար, որ նոյն իսկ կայսրը, որ աւելի իրմէ ցաւած ըլլալ կ՛ենթադրուէր, Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի մէջ ունեցած ընթացքովը, ոչ մէկ կերպ յանձն կ՛առնուր անոր հեռանալը, եւ չէր ներեր, որ գործէ եւ աթոռէ քաշուի:… Եթէ կրցաւ Ներսէս բոլոր իւր ազատ գործերով Ապտիւլ Համիտ կայսեր վստահութիւնը վայելել, այն իւր անկեղծութեան եւ խոհականութեան արգասիքն էր, զի անկեղծութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ, թէ այն անձը գաղտնի խաղեր չունի, եւ խոհականութիւնը կ՛ապահովցնէ, թէ անպէտ եւ յախուռն միջոցներու մօտեցող չէ:
«… Եթէ Ապտիւլ Համիտ կայսր, որ մեծ վարպետն էր անձեր եւ զգացումներ ճանչնալու, այդպէս վստահօրէն վարուեցաւ Ներսէսի հետ, երբ նա արտաքին երեւոյթով հակապետական անձ մը կը կարծուէր, ուրեմն նա ալ ճանչցաւ անոր անկեղծ զգացումները, եւ ազգային օգուտը պետական շահերուն հետ համաձայնեցնելու անխարդախ դիտումը»:
Ներսէս պատրիարք 23 դեկտեմբեր 1878-ին հրաժարական ներկայացուց, բայց սուլթան Համիտ եւ Բարձրագոյն դուռը մերժեցին հրաժարականը:
Միեւնոյն օրը կրօնից պաշտօնեայ մը ետ պատրիարքարան վերադարձուց հրաժարագիրը: